Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու յայտնեց. «Ամերիկեան վարչակազմը «Դարու գործարք» անունով ծանօթ իր ծրագիրը պիտի հրապարակէ 17 սեպտեմբերին նախատեսուած իսրայէլեան խորհրդարանական ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք»:
Ան իսրայէլացիներուն հարց տուաւ. «Ո՞վ կ՛ուզէք, որ նախագահ Թրամփի կողմէ մօտ օրէն` ընտրութիւններէն անմիջապէս ետք, ներկայացուելիք «Դարու գործարք»-ին շուրջ բանակցութիւնները վարէ»: