Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Ապպաս Մուսաւի յայտարարեց, որ եթէ Եւրոպական պետութիւնները 2015-ին կնքուած հիւլէական համաձայնագիրի փրկութեան ուղղութեամբ գործնական քայլերու չձեռնարկեն, Իրան պիտի դիմէ շատ աւելի լուրջ քայլերու` նուազեցնելով այդ համաձայնութեամբ իր ստանձնած պարտաւորութիւնները:
«Իրան կը պատրաստուի նուազեցնելու իր պարտաւորութիւններուն շեմը, եթէ եւրոպական պետութիւնները բաւարար հաստատակամութիւն չցուցաբերեն այս հարցին մէջ: Այս ուղղութեամբ իրանի երրորդ քայլը արդէն իսկ մշակուած է, եւ անիկա շատ աւելի ազդեցիկ պիտի ըլլայ, քան նախորդները», նշեց Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբերը:
Թեհրան մայիսին արդէն դադրեցուց 2015-ին «5+1»-ին` Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ, Բրիտանիոյ, Ֆրանսայի, Չինաստանի եւ Գերմանիոյ հետ իր կնքած հիւլէական համաձայնագիրի կէտերէն երկուքին կատարումը: