Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փենթակոնի Նախկին Ղեկավարը Փաքիստանը Կը Նկատէ Աշխարհի Ամէնէն Վտանգաւոր Երկիրը

September 5, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախկին նախարար Ճէյմս Մաթիս, որ իր երկարատեւ ասպարէզին ընթացքին գործ ունեցած է Փաքիստանի հետ, զայն համարած է աշխարհի ամէնէն վտանգաւոր երկիրը` հասարակութեան մէջ ծայրայեղութեան տարածման եւ հիւլէական կարողութիւններու կտրուկ զարգացման պատճառով: Այս մասին կը հաղորդէ «Հինտուսթան Թայմզ» օրաթերթը:

Հնդկական օրաթերթը կը նշէ, որ այս յայտարարութիւնը յիշատակուած է Մեթիսի «Քոլ Սայն Քէյոս` Լըռնինկ թու Լիտ» ինքնակենսագրական գիրքին մէջ, որ 3 սեպտեմբերին լոյս տեսած է Միացեալ Նահանգներու մէջ:

«Մենք չենք կրնար արտօնել, որ համաշխարհային տարողութեամբ ամէնէն արագ զարգացող հիւլէական զինանոցը յայտնուի այդ երկիրին մէջ գտնուող ահաբեկիչներուն ձեռքը: Արդիւնքը աղէտալի պիտի ըլլայ», ընդգծած է Փենթակոնի նախկին ղեկավարը իր գիրքին մէջ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Փաքիստան կը տիրապետէ աշխարհի վրայ ամէնէն արագ զարգացող հիւլէական զինանոցին` մարտավարական զէնքի զգալի քանակով:

Մեթիսի խօսքով` այսօրուան դրութեամբ Փաքիստան չունի այնպիսի ղեկավար, որ մտահոգ ըլլայ պետութեան ապագայով:

Յիշեցնենք, որ Մաթիս Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար էր յունուար 2017-էն 31 դեկտեմբեր 2018 եւ պաշտօնէն հրաժարած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ ունեցած տարակարծութիւններուն պատճառով:

Նախորդը

Իշխան Սաղաթէլեան. «Արցախը Պղտոր Ջուրի Մէջ Ձուկ Որսալու Տեղ Չէ»

Յաջորդը

Փենթակոն 3,6 Միլիառ Տոլար Կը Յատկացնէ Մեքսիքայի Հետ Սահմանին Պատի Կառուցման

RelatedPosts

Թեհրան Կը Պատրաստուի Հորմուզի Նեղուցէն Դուրս Արգիլեալ Գօտի Ստեղծելու
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Ուիթքոֆ Ներկայիս Իրանի Հետ Համաձայնութեան Գոյացման Վրայ Կ՛աշխատի Եւ Չափազանց Լաւ Յառաջընթաց Կ՛արձանագրէ»

October 9, 2026
Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն  Վրայ Յարձակումներ
Միջազգային

Ռիատի Եւ Ապհայի Օդակայաններուն Վրայ Յարձակումներ

October 9, 2026
ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող  Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»
Միջազգային

ՔԱԿ. «Թուրքիա Գտնուող Մեր Բոլոր Ուժերը Հեռացան»

October 9, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.