Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիա-Ռուսիա-Իրան Վեհաժողովը` 16 Սեպտեմբերին. Ռուսիա Եւ Իրան Միացեալ Նահանգները Կ՛այպանեն Շրջանային Լարուածութիւններու Համար

September 3, 2019
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Մոսկուա եւ Թեհրան երէկ Ուաշինկթընի վարած քաղաքականութիւնը այպանեցին Միջին Արեւելքի մէջ լարուածութիւններու ստեղծման համար: Այս մասին կը հաղորդէ «Ֆրանս 24»¬ը: Ռուսիա նաեւ յայտնեց, որ կ՛ողջունէ Իրանի հետ կնքուած հիւլէական համաձայնագիրը փրկելու Ֆրանսայի ջանքերը:

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ Մոսկուայի մէջ իր ռուս պաշտօնակից Սերկէյ Լաւրովի հետ միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին դատապարտեց Սուրիոյ մէջ Ուաշինկթընի վերջին քայլը:

Շաբաթավերջին ամերիկեան ուժերը յարձակում գործած էին Իտլիպի մէջ Քայիտայի ղեկավարներու դէմ: Ամերիկեան օդային հարուածին հետեւանքով սպաննուած էին 40 զինեալներ:

«Իրան, Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ հետ, Սուրիոյ մէջ համեմատական անվտանգութիւն եւ հանդարտութիւն ապահոված է», ըսաւ իրանեան դիւանագիտութեան պետը` աւելցնելով. «Սակայն Միացեալ Նահանգներ Սուրիոյ մէջ Եփրատի արեւելեան ափին վրայ նոր անկայուն կացութիւն կը ստեղծէ, ներառեալ` Իտլիպի մէջ անոնց առած քայլերուն ճամբով»:

Լաւրով իր կարգին Ուաշինկթընը ամբաստանեց Թեհրանը «գրգռել» ջանալու յանցանքով: «Մեր ամերիկացի գործընկերները իրենց կարգ մը շրջանային դաշնակիցներուն հետ բացայայտօրէն կը ձգտին Իրանը գրգռել», ըսաւ ան:

Միւս կողմէ, Թուրքիոյ նախագահի բանբեր Իպրահիմ Քալըն երէկ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ, Ռուսիոյ եւ Իրանի նախագահներուն յառաջիկայ վեհաժողովը պիտի գումարուի 16 սեպտեմբերին` Անգարայի մէջ:

«Թուրքիան անցեալ տարի Իտլիպի շուրջ կնքուած համաձայնութեան բառացի կիրարկումը կ՛ակնկալէ», ըսաւ ան:

Նախորդը

«Սուրիոյ Եւ Արեւելեան Միջերկրականի Մէջ Զարգացումները Թուրքիոյ Համար Ճակատագրական Են» Կ՛ըսէ Էրտողան

Յաջորդը

Իրան Կը Սպառնայ Առաւել Եւս Նուազեցնել Հիւլէական Համաձայնագիրով Իր Ստանձնած Յանձնառութիւնները

RelatedPosts

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար  Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման  Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»
Գլխաւոր լուրեր

Վանս. «Պատերազմը Աւարտելու Համար Իրանը Պէտք Է Իւրանիոմի Հարստացման Կարողութիւնը «Խորքային» Կերպով Նուազեցնէ»

October 8, 2026
Մեքքայի Մէջ Թուրքիա – Սէուտական  Արաբիա – Փաքիստան Պաշտպանութեան  Համաձայնագիր
Միջազգային

Ըստ «Թիւրքիէ» Օրաթերթին. Թուրքիան Կրնայ Սէուտական Արաբիոյ Մէջ Ռազմակայան Ստեղծել

October 8, 2026
Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը  Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան  Ու Դեմոկրատականները»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Պենզինի Գինի Բարձրացման Պատճառը Հորմուզի Նեղուցը Չէ, Այլ` Ուքրանիան Ու Դեմոկրատականները»

October 7, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.