Ամերիկեան «Թայմ» օրաթերթը հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ մերժած է ստորագրել այն համաձայնութիւնը, որ Տոհայի մէջ բանակցութիւններու հիմամբ գոյացած էր Թալեպան շարժումին հետ:
Պարբերաթերթը կը նշէ, որ բանակցութիւններու 9 փուլերէ ետք գոյացած համաձայնութիւնը չ՛ընդգրկեր շարք մը կենսական կէտեր, օրինակ` չ՛երաշխաւորեր Քայիտայի դէմ պայքարելու համար Աֆղանիստանի հողերուն վրայ ամերիկեան ուժերու գոյութիւնը, ո՛չ Քապուլի մէջ Ուաշինկթընի դաշնակից կառավարութեան շարունակութիւնը, ո՛չ ալ Աֆղանիստանի մէջ կռիւի դադրեցումը:
Աւելի՛ն, ոչ ոք յստակօրէն կը խօսի, եւ ամէն բան հիմնուած է յոյսի վրայ, վստահութիւն գոյութիւն չունի, ո՛չ ալ ատոր պատմութիւնը գոյութիւն ունի, ինչպէս նաեւ չկայ փաստ, թէ թալեպանները պարկեշտ են, իսկ անոնց նպատակները` անկեղծ:
«Թայմ» պարբերաթերթը հաղորդեց, որ արտահոսուած նամակագրութիւնները կը նշեն, թէ Թալեպան շարժումը կը կարծէ, որ խաբած է Միացեալ Նահանգները, իսկ ամերիկացիները կը կարծեն, որ թալեպանները սուղ գին պիտի վճարեն, եթէ իրենց խաբած են:
Պարբերաթերթը կը նշէ, թէ Թալեպան շարժումը Փոմփէոյէն պահանջած է համաձայնութիւն ստորագրել «Աֆղանիստանի իսլամական էմիրութեան հետ» (շարժումը 1996-ին իշխանութեան գալէ ետք այդպէս կոչած էր երկիրը` «Ա.»)` աւելցնելով, որ Փոմփէոյի կողմէ այդպիսի փաստաթուղթ մը ստորագրելը պիտի նշանակէ Թալեպան շարժումը ճանչնալ իբրեւ քաղաքական օրինական գոյացութիւն, ինչ որ մերժած է ան կատարել: