Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւ այսօր պիտի այցելէ Ազրպէյճան, ուր խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ անվտանգութեան հարցերու շուրջ: Այս մասին երէկ Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի աշխատակազմի մամլոյ ծառայութենէն յայտնած են ԹԱՍՍ-ին:
«Սեպտեմբեր 4-ին Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Նիքոլայ Փաթրուշեւը պիտի այցելէ Ազրպէյճանի Հանրապետութիւն: Պաքուի մէջ Փաթրուշեւը անվտանգութեան հարցերու շուրջ ռուս-ազրպէյճանական խորհրդակցութիւններ պիտի ունենայ Ազրպէյճանի Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Ռամիլ Ուսուպովի եւ երկու երկիրներու շարք մը նախարարութիւններու ու գերատեսչութիւններու ներկայացուցիչներու հետ», ըսուած է մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ: