Բնախօսութեան ու բժշկութեան ոլորտին մէջ 2026 թուականի Նոպելեան մրցանակին արժանացած են գիտնականներ Քարլ Տէյսերոթը, Փեթեր Հեկեմանը եւ Կէորկ Նակելը: Դափնեկիրներուն անունները յայտարարուած է Շուէտի մայրաքաղաք Սթոքհոլմի մէջ:
Հեկեման կ՛աշխատի Պերլինի Հումպոլտթի անուան համալսարանին մէջ, Կէորկ Նակելը` Վիուրցպուրկի համալսարանին մէջ: Տէյսերոթ գիտական գործունէութիւն կը ծաւալէ Հաուըրտ Հիուզի բժշկական հիմնարկին եւ Սթենֆըրտ համալսարանին մէջ:
Բնագիտութեան ու բժշկութեան ոլորտին մէջ մրցանակի դափնեկիրներու անուններու յայտարարութեամբ բացումը կատարուեցաւ Նոպելեան շաբաթին: Այսօր պիտի յայտարարուին բնագիտութեան բնագաւառին մէջ Նոպելեան դափնեկիրներու անունները, 7 հոկտեմբերին` քիմիագիտութեան, 8 հոկտեմբերին` գրականութեան:
9 հոկտեմբերին Օսլոյի մէջ պիտի յայտարարուին Նոպելեան խաղաղութեան մրցանակի դափնեկիրի, իսկ 12 հոկտեմբերին` Շուէտի բանակին կողմէ 1968 թուականին հիմնադրուած Ալֆրետ Նոպելի յիշատակի տնտեսագիտութեան մրցանակի դափնեկիրի անունները:


