Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու նշեց. «Իրանի ծրագիրը մեզ կրակով պաշարելն էր, սակայն թշնամին բոլոր ճակատներուն` Կազայի, Լիբանանի եւ Սուրիոյ մէջ մեր սահմաններէն հեռացուցինք»:
«Ջանք կը թափենք մեր շրջանին մէջ խաղաղութեան շրջագիծը ընդլայնելու: Աշխատանք պիտի տանինք զայն իրագործելու, եւ այդ մէկը կը կատարենք ուժով ու վճռակամութեամբ», յայտնեց Նեթանիահու:
Իսրայէլի վարչապետը նաեւ յայտարարեց. «Մեր դէմ յարձակումի մասնակցած որեւէ անձ, մեր պատանդները պահած որեւէ անձ, իր վերջին օրերը կ՛ապրի: Մենք անոնց պիտի հասնինք, ճիշդ այնպէս, ինչպէս միւսներուն հասանք»:


