Պրազիլի նախագահը պիտի որոշուի ընտրութեան երկրորդ փուլին` 25 սեպտեմբերին: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:
Պրազիլի նախագահի թեկնածու Ֆլաւիօ Պոլսոնարու ստացած է առաջին փուլին յաղթելու համար անհրաժեշտ քուէներէն` 50 առ հարիւրէն նուազ: Նախկին նախագահ Ժայիր Պոլսոնարուի աւագ որդի Ֆլաւիոն ստացած է քուէներուն 47,23 առ հարիւրը, անոր հիմնական մրցակից` գործող նախագահ Լուիս Ինասիու Լուլա Տա Սիլվան` քուէներուն 44,93 առ հարիւրը: Անոնք կ՛անցնին երկրորդ փուլ:
Երրորդ դիրքը գրաւած է պրազիլցի հոգեբուժ Աուկուսթու Քուրի` քուէներուն 2,90 առ հարիւրով, չորրորդ դիրքը գրաւած է ձեռնարկատէր Ռենանան Սանթոս` 2,25 առ հարիւր քուէներով, հինգերորդ տեղը գրաւած է քաղաքական գործիչ Ռոնալտու Քայատու` 2,19 առ հարիւրով: Միւս թեկնածուները ունին քուէներուն 0,1-0,3 առ հարիւրը:
Բացի նախագահէն, պրազիլցիները կ՛ընտրեն նաեւ խորհրդարանին մէջ իրենց ներկայացուցիչները եւ 27 նահանգներու նահանգապետները:
Գործող նախագահ Տա Սիլվա ըսաւ, թէ նախագահական ընտրութեան առաջին փուլի արդիւնքը «անսպասելի էր», սակայն վստահութիւն յայտնեց, որ երեք շաբաթ ետք տեղի ունենալիք երկրորդ փուլին յաղթանակ պիտի արձանագրէ:
«Կը խոստովանիմ, թէ համոզուած էի, որ առաջին փուլին պիտի յաղթեմ: Մրցումը սկսելու վրայ է, եւ մենք հիմա յաւելեալ ժամու մէջ ենք, եւ յաւելեալ ժամուն պրազիլցի ժողովուրդի զօրակցութիւնը պիտի ապահովենք», աւելցուց ան:


