Իսրայէլացի պաշտօնատար մը իսրայէլեան «Ետիոթ Ահրոնոթ» օրաթերթին յայտնած է, որ Արաբական Միացեալ Էմիրութիւնները զայրոյթով լեցուն պատգամներ յղած են Իսրայէլին` հետաքննութեան աւարտէն առաջ օդաչուի օգնականին վերաբերեալ իսրայէլեան եզրակացութիւններուն պատճառով:
Ըստ պաշտօնատարին, էմիրաթցի պաշտօնատարներ յայտնած են, որ «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւի օդաչուի օգնականին «ահաբեկչական» դրդապատճառներով գործած ըլլալու պնդումը կտրուկ ու չափազանցուած եզրակացութիւն մըն էր, որ կանխած է հետաքննութեան արդիւնքները:
Իսրայէլացի պաշտօնատարը աւելցուցած է, որ հետաքննիչները մինչեւ հիմա բացառած են օդաչուի օգնականին եւ Իրանի միջեւ որեւէ ակնյայտ կապի գոյութիւնը:
Շրջանային պաշտօնատարներ ամերիկեան «Ֆոքս Նիուզ» օրաթերթին յայտնած են, որ Իսրայէլ կրնայ հակադարձել, եթէ Տուպայէն Թել Աւիւ թռիչք կատարող «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւը վար առնելու փորձով մեղադրուած օդաչուի օգնականին ու Իրանի միջեւ կապը հաստատուի:
Պաշտօնատարները աւելցուցին, թէ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի` Իրանի եւ կասկածելիին միջեւ հաւանական կապի մը գոյութեան ակնարկելէն ետք հետաքննութիւնը կը շարունակուի:
Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ յայտնեց, որ Թրամփի «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւային ընկերութեան օդանաւի առեւանգման փորձին վերաբերեալ ակնարկը չափազանց քաջալերական ու զօրակցական էր:
Ան աւելցուց, որ Իսրայէլ կրնայ իր բազմաթիւ բարեկամներուն հետ տարակարծիք ըլլալ` աւելցնելով, որ այդ տարակարծութիւնը ժողովրդավարութեան խորքը կը կազմէ:
Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու նախագահի դիւանագիտական հարցերու խորհրդատու Անուար Քըրքաշ «Ֆլայ Տուպայ»-ի դէպքը որակեց «ահաբեկչական վտանգաւոր արարք»:
Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահու երէկ յայտարարեց. «Ան, որ «Ֆլայ Տուպայ» օդանաւի յարձակումի հեղինակը ուղարկեց, շատ սուղ գին պիտի վճարէ»:


