Ֆրանսայի մէջ 3700 դպրոցներէն շուրջ 400 դպրոցներ երէկ փակ մնացին, մինչ Փարիզի շրջանի երկրորդական վարժարաններուն մէջ անցեալ շաբաթ սկսած ցոյցերը արագօրէն տարածուեցան Ֆրանսայի տարածքին եւ հետզհետէ բիրտ բնոյթ ստացան: Այս մասին հաղորդեց «Ֆրանս24»-ը:
Աշակերտները կը բողոքեն շարք մը հարցերու դէմ, ներառեալ ուսուցիչներու սակաւութիւնը եւ վատ վիճակի մէջ գտնուող դպրոցական շէնքերը: Աշակերտները նաեւ կ՛ըսեն, թէ դպրոցի ժամերը չափազանց երկար են:
Ֆրանսական կառավարութիւնը ծայրայեղ ձախը մեղադրեց շարժումին նախաձեռնելու յանցանքով:
Կրթութեան նախարար Էտուար Ժեֆրէ ըսաւ. «Երկրորդական վարժարաններու աշակերտական շարժումը ծայրայեղ կերպով բիրտ լուսանցքային խումբերու կողմէ պատանդ վերցուած է»:


