Միջազգային

Յունական Ծովուժը Թրքական Ծովուժը Վտարած Է Յունաստանի Ծովային Տարածքէն

Յունական Ծովուժը Թրքական Ծովուժը Վտարած Է Յունաստանի Ծովային Տարածքէն

«Կրիքսիթիթայմզ» կայքը կը գրէ. «Հակառակ անոր որ Թուրքիոյ մէջ կը մոլեգնի «Քորոնա» ժահրի անկառավարելի համաճարակը, որուն իբրեւ հետեւանք երկրին մէջ արձանագրուած է 69.392 պարագայ եւ 1518 մահ, բայց եւ այնպէս Թուրքիան չի դադրիր Յունաստանի նկատմամբ իր յարձակողական քաղաքականութենէն: Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, որ արդէն համաճարակէն առաջ անկում կ'ապրէր, առաւել եւս պիտի տուժէ, սակայն Անգարան ցոյց կու տայ, որ ունի անվերջանալի գումար եւ...

Ինքնաշարժ Մը Սուրիա-Լիբանան Սահմանին Վրայ Թիրախ Դարձաւ Իսրայէլեան Յարձակումի

Ինքնաշարժ Մը Սուրիա-Լիբանան Սահմանին Վրայ Թիրախ Դարձաւ Իսրայէլեան Յարձակումի

Սուրիական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ քաղաքային ինքնաշարժ մը Սուրիա-Լիբանան սահմանին մօտ գտնուող Ժտէյտեթ Եապուս շրջանին մէջ ենթարկուած է յարձակումի` նշելով, որ արձանագրուած են միայն նիւթական վնասներ: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը` վկայակոչելով «Դամասկոսի զօրակցող ղեկավար մը եւ ապահովական աղբիւր մը», հաղորդեց, որ իսրայէլեան անօդաչու սարք մը յարձակում գործած է Սուրիա-Լիբանան սահմանին սուրիական կողմին վրայ գտնուող Հըզպալլայի պատկանող ինքնաշարժի մը վրայ, եւ...

Մեկուսացումի Դրութեան Սահմանափակումներու Ջնջման Առաջին Քայլով Մը. Դանիան Դարձաւ Եւրոպական Առաջին Երկիրը, Որ Մեկուսացումի Դրութեան Հաստատումէն Ետք Կը Բանայ Դպրոցներն Ու Մանկապարտէզները

Մեկուսացումի Դրութեան Սահմանափակումներու Ջնջման Առաջին Քայլով Մը. Դանիան Դարձաւ Եւրոպական Առաջին Երկիրը, Որ Մեկուսացումի Դրութեան Հաստատումէն Ետք Կը Բանայ Դպրոցներն Ու Մանկապարտէզները

Դանիան երէկ դարձաւ եւրոպական առաջին երկիրը, որ «Քորոնա» ժահրին պատճառով 12 մարտէն ի վեր երկրին մէջ մեկուսացումի դրութեան հաստատումէն ետք կը վերաբանայ դպրոցներն ու մանկապարտէզները: Այսպիսով, Դանիան մեկուսացումի դրութեան սահմանափակումներու ջնջման առաջին քայլը առաւ: Դանիոյ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի յաղթահարման մէջ իր արձանագրած յաջողութիւններէն մեկնելով երէկ արտօնեց մսուր-մանկապարտէզներու եւ դպրոցներու աշխատանքը: Դպրոցներու աշխատանքը կը վերսկսի Ա.-էն Ե. դասարաններու աշակերտներուն համար:...

Պատասխանելով Թրամփին` «Հիմա Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Ֆինանսաւորումը Նուազեցնելու Ժամանակը Չէ»  Կ՛ըսէ Կութիերես

Պատասխանելով Թրամփին` «Հիմա Առողջապահութեան Միջազգային Կազմակերպութեան Ֆինանսաւորումը Նուազեցնելու Ժամանակը Չէ» Կ՛ըսէ Կութիերես

ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես բուռն կերպով քննադատեց Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփը` Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան նպաստի վճարումը առկախելու մասին յայտարարութիւնը: Ան յայտնեց, որ հիմա նոր «Քորոնա» ժահրին` «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ պայքարող միջազգային կազմակերպութեան մը ֆինանսաւորումը նուազեցնելու ժամանակը չէ: «Հիմա ժամանակը չէ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութեան կամ «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող մարդասիրական որեւէ կազմակերպութեան ֆինանսաւորումը նուազեցնելու: Համոզուած եմ, որ պէտք է աջակցիլ...

«Անատոլու» Ռուսիան Կը Մեղադրէ Զինեալներ Սուրիայէն Լիպիա Ուղարկելու Յանցանքով

«Անատոլու» Ռուսիան Կը Մեղադրէ Զինեալներ Սուրիայէն Լիպիա Ուղարկելու Յանցանքով

Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Ռուսիան կը մեղադրէ Սուրիոյ մէջ կառավարական բանակին դէմ կռուած, ապա անոր միացած զինեալները զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակին միանալու համար Լիպիա ուղարկելու յանցանքով: Թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը, հիմնուելով իր սեփական աղբիւրներուն վրայ, կը գրէ, թէ շուրջ 300-400 զինեալներ Սուրիոյ հարաւային Քնէյթրա նահանգէն պիտի ուղարկուին Լիպիա, եւ անոնց պիտի վճարուի ամսական հազարական տոլար: «Անատոլու»...

«Բազմաթիւ Կառավարութիւններ Պիտի Չդիմանան Եւ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Աւարտին Բեմահարթակէն Դուրս Պիտի Գան»  Կ՛ըսէ Տումայի Յանձնախումբի Նախագահը

«Բազմաթիւ Կառավարութիւններ Պիտի Չդիմանան Եւ «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Աւարտին Բեմահարթակէն Դուրս Պիտի Գան» Կ՛ըսէ Տումայի Յանձնախումբի Նախագահը

Իրավիճակը, ի հարկէ, չափազանց բարդ է, բայց նաեւ` կանխատեսելի, ինչ որ ամէնէն կարեւոր հարցն է: Այս մասին «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Հեռավար քննարկում-զրոյց Սամուէլ Ֆարմանեանի հետ» հաղորդման ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան, եկամուտներու, ծախսերու, բարոյագիտութեան եւ լիազօրութիւններու հարցերով մնայուն յանձնախումբի նախագահ Օթարի Արշպան` անդրադառնալով Ռուսիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին: Ֆարմանեանի այն նշումին, թէ բազմաթիւ հնչեղ անուններ, մասնագէտներ, ներառեալ`...

Ըստ Ամերիկացի Գիտնականներու Դաշնակցութեան Նախագահին. Կախարդական Թուական Չկայ, Մարդկութիւնը Իր Բնականոն Կեանքին Պիտի Չվերադառնայ Մինչեւ 2021 Թուական

Ըստ Ամերիկացի Գիտնականներու Դաշնակցութեան Նախագահին. Կախարդական Թուական Չկայ, Մարդկութիւնը Իր Բնականոն Կեանքին Պիտի Չվերադառնայ Մինչեւ 2021 Թուական

Ամերիկացի գիտնականներու դաշնակցութեան նախագահ, վարակիչ հիւանդութիւններու հարցերով փորձագէտ, համաճարակներուն պատրաստութեան ոլորտին մէջ յառաջատար գիտնական Ալի Նուրի «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ նախատեսութիւններուն համաձայն, մարդկութիւնը իր բնականոն կեանքին պիտի չվերադառնայ, այնքան ատեն որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթ չէ ստեղծուած, ինչ որ կրնայ մէկ տարի տեւել: Ալի Նուրի յայտնած է, որ ընկերային հեռաւորութեան պահանջները պիտի չջնջուին մինչեւ ամառ,...

Ըստ Չինացի Վարակաբանի. Մարդկութիւնը Նոյեմբերին Պիտի Բախի Համաճարակի Երկրորդ Ալիքին

Ըստ Չինացի Վարակաբանի. Մարդկութիւնը Նոյեմբերին Պիտի Բախի Համաճարակի Երկրորդ Ալիքին

Շանկհայի «Հուաշան» հիւանդանոցի վարակաբանական բաժանմունքի ղեկավար, «Քորոնա» ժահրի բուժման Շանկհայի փորձագիտական խումբի ղեկավար Չժան Վենհուն յայտարարած է, որ մարդկութիւնը այս տարուան ամրան տակաւին պիտի չկարենայ լիարժէքօրէն յաղթահարել «Քորոնա» ժահրի համաճարակը, իսկ այս տարուան նոյեմբերին հաւանաբար սկսի  հիւանդութեան նոր ալիք: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով չինական «Հուանցիուվան» կայքին: «Բռնկումները սկսած են տարածուիլ Հարաւային Ամերիկայի, Ափրիկէի, Հարաւարեւելեան...

Իրան Կը Պահանջէ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Ջնջումը, Որպէսզի Երկիրները Կարենան «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարիլ

Իրան Կը Պահանջէ Ամերիկեան Պատժամիջոցներու Ջնջումը, Որպէսզի Երկիրները Կարենան «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարիլ

ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Մաժիտ Թախթ Ռաուանժի յայտնեց, որ տարբեր երկիրներու դէմ հաստատուած ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները պէտք է ջնջուին` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար: Ան այս մասին յայտնեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի միջազգային միասնականութիւն» հաղորդագրութեան որդեգրման առիթով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահին յղած իր նամակին մէջ: Ռաուանժի իր նամակին մէջ կը գրէ, որ ներկայ դժուար ժամանակներուն, երբ...

Ազրպէյճանի Մէջ 56 Մարդ Տունէն Դուրս Գալու Սիրոյն «Յուղարկաւորած» Են Իրենց Հարազատը

Ազրպէյճանի Մէջ 56 Մարդ Տունէն Դուրս Գալու Սիրոյն «Յուղարկաւորած» Են Իրենց Հարազատը

Ազրպէյճանի մէջ վերջին օրուան ընթացքին յուղարկաւորութեան մասնակցելու պատրուակով նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրին հետեւանքով հաստատուած մեկուսացումի դրութիւնը խախտելու համար բերման ենթարկուած են 56 անձեր: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Մինվալ» կայքը: Ազրպէյճանի մէջ մարդոց տեղաշարժը սահմանափակելու համար իշխանութիւնները հաղորդագրութեան միջոցով աշխատող համակարգ կը կիրարկեն, որ կ’ենթադրէ, որ անձը տունէն դուրս գալէ առաջ պէտք է 8103 թիւին հաղորդագրութիւն ուղարկէ` նշելով, թէ դուրս...

Քոնկրեսը Մտադիր Է Ընդլայնել Սուրիական  Զինեալ Ընդդիմութեան Մարզումն Ու Զինումը

Ներկայացուցիչներու Տունը Իր Նիստերը Առկախեց Մինչեւ Մայիսի Սկիզբը

Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի ստորին պալատը` Ներկայացուցիչներու տունը «Քորոնա» ժահրէն զգուշանալու քայլերը կիրարկելով իր բոլոր նիստերը առկախեց մինչեւ 4 մայիս: Ներկայացուցիչներու տունը իր որդեգրած որոշումին մէջ նշեց. «Եթէ առկախման ընթացքին կարիք ստեղծուի «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարին կամ օրէնսդրական այլ հարցի վերաբերեալ որոշում որդեգրելու համար նիստ գումարելու, ապա պալատը իր անդամներուն հրաւէր պիտի յղէ Ուաշինկթըն վերադառնալու եւ ժողով գումարելու»:

«Քորոնա» Ժահրը 10 Անգամ Աւելի Մահացու Է` Քան Խոզի Կրիփը»  Կ՛ըսէ Կեպրէյեսուս

«Քորոնա» Ժահրը 10 Անգամ Աւելի Մահացու Է` Քան Խոզի Կրիփը» Կ՛ըսէ Կեպրէյեսուս

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս յայտնած է, որ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրը տասը անգամ աւելի վտանգաւոր է «Էչ1Էն1» կրիփէն` Խոզի կրիփէն: Այս մասին կը գրէ «Տը Ինտիփենտընթ»: Կեպրէյեսուս նշած է, որ խոզի կրիփի համաճարակը տեւած է 2009 թուականի յունուարէն մինչեւ 2010 թուականի օգոստոսը, եւ այդ ընթացքին վարակուած է աւելի քան 1,6 միլիոն մարդ: Այդ վարակէն մահացած է 18449...

«Քորոնա» Ժահրի Պատասխանատուութիւնը Չինաստանին Վրայ Բարդելու Փորձերը Անթոյլատրելի Են»  Կ՛ըսէ Լաւրով

«Քորոնա» Ժահրի Պատասխանատուութիւնը Չինաստանին Վրայ Բարդելու Փորձերը Անթոյլատրելի Են» Կ՛ըսէ Լաւրով

«Քորոնա» ժահրի տարածման համար Չինաստանի վրայ նիւթական պատասխանատուութիւն բարդելու փորձերը անթոյլատրելի եւ անպարկեշտ են: «Ինթըրֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով: «Երբ մենք կը լսենք դատողութիւնները այն մասին, որ Չինաստանը պէտք է բոլորին վճարէ վարակի տարածման եւ իբրեւ թէ վարակի մասին ժամանակին չտեղեկացնելու համար...գիտէք, ասիկա կ’անցնի բոլոր տեսակի սահմանները», ըսած է Լաւրով ռուս...

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Ազատ Արձակելու Կրօնական Բանտարկեալները

Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանին Կոչ Ուղղած Են Ազատ Արձակելու Կրօնական Բանտարկեալները

Միացեալ Նահանգներու դաւանանքի միջազգային ազատութեան դեսպան Սեմ Պրաունպեք «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ կոչ ուղղած է ազատ արձակելու դաւանանքի պատճառով բանտարկուած անձերը: Այս մասին կը հաղորդէ ազրպէյճանական «Թուրան» լրատու գործակալութիւնը: «Մենք կ’ընդունինք եւ կ’ողջունենք Ազրպէյճանի մէջ քանի մը հարիւր կալանաւորի ազատ արձակումը «Քորոնա» ժահրի լոյսին տակ: Մենք Ազրպէյճանին եւ այլ երկիրներուն կոչ կ’ուղղենք անյապաղ ազատ արձակելու բոլոր անոնք, որոնք ազատազրկուած...

Միացեալ Նահանգներու Եւ Թալեպան Շարժումի Ներկայացուցիչները Տոհայի Մէջ Քննարկած Են Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Գործադրութիւնը

Միացեալ Նահանգներու Եւ Թալեպան Շարժումի Ներկայացուցիչները Տոհայի Մէջ Քննարկած Են Խաղաղութեան Համաձայնագիրի Գործադրութիւնը

Միացեալ Նահանգներու եւ Աֆղանիստանի Թալեպան շարժումի ներկայացուցիչները հանդիպած են Քաթարի մայրաքաղաք Տոհայի մէջ եւ քննարկած խաղաղութեան համաձայնագիրի գործադրութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Քաթարի մէջ Թալեպան շարժումի քաղաքական գրասենեակի բանբեր Սուհէյլ Շահինին: Շահինի համաձայն, հանդիպումին աֆղանական շարժումին կողմէ  մասնակցած են քաղաքական գրասենեակի ներկայացուցիչն ու շարժման գլխաւոր բանագնացը` մուլլա Պարատար Ախունտ, Միացեալ Նահանգներու կողմէ` Աֆղանիստանի հարցերով...

Թրամփ Փութինի Հետ Քննարկած Է Սպառազինութեան Հարցը

Թրամփ Փութինի Հետ Քննարկած Է Սպառազինութեան Հարցը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է սպառազինութեան հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Առ.Պի.Սի.» կայքը: «Ատիկա եղած է մեր խօսակցութեան կարեւոր մասը», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը: 12 ապրիլին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Թրամփ եւ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան...

Տոմինիքեան Հանրապետութեան Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Յետաձգուած Է «Քորոնա»-ին Պատճառով

Տոմինիքեան Հանրապետութեան Մէջ Նախագահական Ընտրութիւնը Յետաձգուած Է «Քորոնա»-ին Պատճառով

Տոմինիքեան Հանրապետութեան Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երկուշաբթի որոշում տուած է 17 մայիսին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու` նկատի ունենալով երկրին մէջ հաստատուած առողջապահական սահմանափակումները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Կը նշուի, թէ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 յունիսին: Ընտրութեան երկրորդ փուլի անհրաժեշտութեան պարագային անիկա տեղի պիտի ունենայ 26 յուլիսին: Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւնը յայտարարուած է մինչեւ 31...

Թրամփ Փութինը Ու Սալման Թագաւորը  Շնորհաւորած Է «Քարիւղային Պատերազմ»-Ի Դադրեցման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելնուն Համար

Թրամփ Փութինը Ու Սալման Թագաւորը Շնորհաւորած Է «Քարիւղային Պատերազմ»-Ի Դադրեցման Շուրջ Համաձայնութիւն Գոյացնելնուն Համար

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ «հրաշալի» որակած է քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու կրճատման շուրջ «ՕՓԵՔ+»-ի նոր գործարքը, ինչպէս նաեւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ Սէուտական Արաբիոյ թագաւոր Սալման պըն Ապտելազիզ Ալ Սէուտը շնորհաւորած է «քարիւղային պատերազմ»-ի դադրեցման շուրջ համաձայնութիւն գոյացնելնուն համար` պնդելով, որ այդ քայլը Միացեալ Նահանգներու ուժանիւթային ոլորտի հարիւր հազարաւոր աշխատատեղեր պիտի փրկէ: Միացեալ Նահանգներու նախագահը այս մասին «Թուիթըր» ընկերային...

Քիւրտերը Պայթեցուցած Են Ազրպէյճանը Զինող Թրքական Զինուորական Գործարանն Ու Իրան-Թուրքիա Կազատարը

Քիւրտերը Պայթեցուցած Են Ազրպէյճանը Զինող Թրքական Զինուորական Գործարանն Ու Իրան-Թուրքիա Կազատարը

Վերջին օրերուն Քրտական աշխատաւորական կուսակցութիւնը (ՔԱԿ) պայթեցուցած է Իրան-Թուրքիա կազատարը: Իրանը ստիպուած եղած է դադրեցնել Թուրքիոյ կազամատակարարումը: Ըստ երեւոյթին, ՔԱԿ որոշած է շարունակել զինեալ յարձակումները թրքական կարեւոր կառոյցներու վրայ: Անգարայի մէջ հրթիռներ արտադրող «Ռոքեթսան» գործարանը երեքշաբթի, 7 ապրիլին, տեղական ժամանակացոյցով ժամը 14:30-ին յարձակման ենթարկուած է HBDH «վրիժառուներու ստորաբաժանման» կողմէ` զինուորական յատուկ սարքաւորումներու օգտագործման միջոցով: Պայթումը ամբողջութեամբ ոչնչացուցած է արտադրական կառոյցին...

Իրան Շահած Է Լիւքսամպուրկի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Պահանջով Սառեցուած 1,6 Միլիառ Տոլար Իրանեան Գումարներու Վերաբերեալ Դատը

Իրան Շահած Է Լիւքսամպուրկի Մէջ Միացեալ Նահանգներու Պահանջով Սառեցուած 1,6 Միլիառ Տոլար Իրանեան Գումարներու Վերաբերեալ Դատը

Իրանը շահած է Լիւքսամպուրկի մէջ Միացեալ Նահանգներու պահանջով ութ տարիէ ի վեր սառեցուած 1,6 միլիառ տոլար իրանեան գումարներու վերաբերեալ դատը: Երէկ Իրանի մէջ գումարուած «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարի շտապի նիստին այս մասին յայտարարեց Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանին: «Երկիրը իրաւական յաղթանակ արձանագրած է երկար ժամանակ Լիւքսամպուրկի մէջ Միացեալ Նահանգներու պահանջով «սառեցուած» 1,6  միլիառ տոլարի չափով իր հաշիւներու գործով», յայտնեց Իրանի նախագահը:...

Page 465 of 884 1 … 464 465 466 … 884

Արխիւներ