Միջազգային

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ. «Քորոնա» Ժահրը Երկար Ատեն Կրնայ Հետապնդել Մարդկութիւնը

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ. «Քորոնա» Ժահրը Երկար Ատեն Կրնայ Հետապնդել Մարդկութիւնը

Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան «ՔՈՎԻՏ-19»-ի հարցով յատուկ համակարգող Տէյվիտ Նապարօ զգուշացուց, որ ժահրը անպայման կրիփին նման ալիք առ ալիք պիտի չտարածուի: Բժիշկը յայտարարեց, որ «Քորոնա» ժահրը «տակաւին երկար ժամանակ կրնայ հետապնդել մարդկութիւնը», որովհետեւ տակաւին պատուաստանիւթ չէ ստեղծուած: Մեկնաբանելով իր տեսակէտը` ան նշեց, որ կրնան փոքր համաճարակներ բռնկիլ «ինքնաբերաբար», այդ իսկ պատճառով կարեւոր է, որ իւրաքանչիւր համայնք «պաշտպանիչ վահան» ունենայ` մեկուսացնելու համար...

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եւրոպական Միութիւնը Կանգնած Է Դարակազմիկ Մարտահրաւէրի Առջեւ, Որմէ Կախեալ Է Ոչ Միայն Իր, Այլ Նաեւ Ամբողջ Աշխարհին Ապագան»

Ֆրանչիսկոս Պապ. «Եւրոպական Միութիւնը Կանգնած Է Դարակազմիկ Մարտահրաւէրի Առջեւ, Որմէ Կախեալ Է Ոչ Միայն Իր, Այլ Նաեւ Ամբողջ Աշխարհին Ապագան»

Ֆրանչիսկոս պապը Ս. Զատկուան պատարագին յաջորդած ուղերձին մէջ նախազգուշացուցած է «Քորոնա» ժահրի համաճարակի պայմաններուն մէջ զերծ մնալու «եսասիրութենէն»` Եւրոպական Միութեան կոչ ուղղելով` համերաշխութիւն դրսեւորելու ճգնաժամային ներկայ իրավիճակի մէջ: Այս մասին կը գրէ «Տը Կարտիըն» օրաթերթը: Կիրակի, 12 ապրիլին, Ս. Զատիկի առիթով պապը Ս. պատարագ մատուցեց դատարկ Ս. Պետրոս տաճարին մէջ: Պատարագին յաջորդած «Յանուն քաղաքի եւ ամբողջ աշխարհի» ուղերձին մէջ կաթողիկէներու...

Սուրիոյ Քիւրտերը Թուրքիայէն Կը Պահանջեն Վերցնել Օճալանի Տեսակցութեան Արգելքը

Սուրիոյ Քիւրտերը Թուրքիայէն Կը Պահանջեն Վերցնել Օճալանի Տեսակցութեան Արգելքը

Սուրիոյ քիւրտերու ձախ քաղաքական թեւը հանդիսացող Ժողովրդավարական միութիւն կուսակցութեան գլխաւոր խորհուրդը պահանջած է Թուրքիայէն` վերցնել քիւրտերու ղեկավար Ապտուլլահ Օճալանի հետ տեսակցութեան արգելքը: Այս մասին կը հաղորդէ թրքական «Ահվալ» կայքը: Թուրքիան մնայուն կերպով արգելք կը ստեղծէ Օճալանի եւ փաստաբաններուն ու ընտանիքի անդամներուն տեսակցութեան համար: «Մինչ ամբողջ աշխարհ «Քորոնա» ժահրի ստեղծած բացասական երեւոյթներու պատճառով լարուած վիճակի մէջ է, թրքական պետութիւնը նոյնիսկ այս...

Սուրիոյ Կառավարութիւնը «Քորոնա» Ժահրը Վերահսկողութեան Տակ Առնելու Համար Կը Դիմէ Ռուսիոյ Աջակցութեան

Սուրիոյ Կառավարութիւնը «Քորոնա» Ժահրը Վերահսկողութեան Տակ Առնելու Համար Կը Դիմէ Ռուսիոյ Աջակցութեան

Սուրիոյ կառավարութիւնը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի տարածման պատճառով օգնութեան համար դիմած է Ռուսիոյ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին կը տեղեկացնէ Ռուսիոյ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ռիատ Հատտատ: Սուրիոյ կառավարութիւնը ժահրին դէմ պայքարելու համար Ռուսիոյ դիմում ներկայացուցած է` ստանալու պաշտպանութեան սարքեր եւ բժշկական մեքենաներ: Սուրիոյ դեսպանը յայտնած է, թէ իր երկիրը դիմած է Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան` խնդրելով «Քորոնա» ժահրի յայտնաբերման...

Զարիֆ Չաւուշօղլուին Կը Յայտնէ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Մէջ Թուրքիոյ Օժանդակութիւն Տրամադրելու Իրանի Պատրաստակամութիւնը

Զարիֆ Չաւուշօղլուին Կը Յայտնէ «Քորոնա» Ժահրին Դէմ Պայքարին Մէջ Թուրքիոյ Օժանդակութիւն Տրամադրելու Իրանի Պատրաստակամութիւնը

Իրանի արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Ժաւատ Զարիֆ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլուի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին յայտնեց, որ իր երկիրը պատրաստ է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ օժանդակութիւն տրամադրելու եւ գործակցելու: Ան ըսաւ, որ Իրան պատրաստ է «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարին մէջ «որեւէ ձեւի օժանդակութեան եւ գործակցութեան»: Զարիֆ կարեկցանք յայտնեց Թուրքիոյ կառավարութեան ու ժողովուրդին` Թուրքիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի...

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իրերայաջորդ Երկրորդ Օրն Ըլլալով «Քորոնա» Ժահրին  Պատճառով Շուրջ Երկու Հազար Մահ Արձանագրուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու Մէջ Իրերայաջորդ Երկրորդ Օրն Ըլլալով «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Շուրջ Երկու Հազար Մահ Արձանագրուեցաւ

Միացեալ Նահանգներու մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով իրերայաջորդ երկրորդ օրն ըլլալով շուրջ երկու հազար մահ արձանագրուեցաւ, ինչ որ ժահրի` աշխարհի վրայ երեւան գալէն ի վեր մահացածներու բարձրագոյն թիւն է: Այս մասին հաղորդեց «Ճոն Հոփքինզ» համալսարանը: Համալսարանը նշեց, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին մահացածներուն թիւը 1.973 է (մէկ օր առաջ այդ թիւը 1.939 էր): Այդպիսով մահացածներուն թիւը բարձրացած է...

Փոմփէօ. «Հիմա Չինաստանը «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Հաշուետուութեան Ենթարկելու Յարմար Ժամանակը Չէ»

Փոմփէօ. «Հիմա Չինաստանը «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Հաշուետուութեան Ենթարկելու Յարմար Ժամանակը Չէ»

Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ յայտնեց, որ տակաւին կանուխ է խօսելու Չինաստանի համար հետեւանքներէ, ըստ ամերիկացի պաշտօնակատարներու, «Քորոնա» ժահրի համաճարակին տարողութեան մասին տեղեակ պահելու ուշանալուն համար: Փոմփէօ Սպիտակ տան մէջ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի հետ տրուած միացեալ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնեց, որ Միացեալ Նահանգներ աշխարհի բոլոր շրջաններէն հայրենիք վերադառնալու անկարող դարձած 50 հազար ամերիկացիներ վերադարձուցած են, սակայն...

Թրամփ Մերժած Է «Օփեք+»-ի Երկիրներուն Հետ Համակարգել Քարիւղի Արդիւնահանման Ծաւալներու Կրճատումը

Թրամփ Մերժած Է «Օփեք+»-ի Երկիրներուն Հետ Համակարգել Քարիւղի Արդիւնահանման Ծաւալներու Կրճատումը

Միացեալ Նահանգներ «ՕՓԵՔ+»-ի երկիրներուն հետ պիտի չհամակարգէ քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու կրճատումը, որովհետեւ ամերիկեան քարիւղի ընկերութիւնները արդէն կրճատած են քարիւղի արդիւնահանումը: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ: «Չեմ կարծեր: Մենք արդէն կրճատած ենք: Եթէ ուսումնասիրէք Թեքսասի, Հիւսիսային Տաքոթայի, որոշ այլ նահանգներու գործունէութիւնը, պիտի տեսնէք, որ անոնք արդէն կրճատած են», յայտնած է Միացեալ Նահանգներու...

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ Արգելքները Մեղմացնելէն

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ Արգելքները Մեղմացնելէն

Նորվեկիոյ իշխանութիւնները յայտարարեցին, որ «Քորոնա» ժահրի տարածումը կանխարգիլելու նպատակով երկրին մէջ գործող արգելքներու որոշ մասը պիտի ջնջեն: Այս մասին հաղորդեց «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը: Այս գծով Նորվեկիոյ վարչապետ Էռնա Սուլպերկ նշած է. «Միասին յաջողեցանք վերահսկողութեան տակ առնել ժահրը, հետեւաբար քայլ առ քայլ կրնանք վերադառնալ մեր բնականոն կեանքին»: «Ռոյթըրզ» կը նշէ, որ 20 ապրիլէն սկսեալ երկրին մէջ պիտի վերաբացուին մանկապարտէզները, իսկ 27...

«Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Կողմէ Փոխատուութիւններու Տրամադրման Մէջ Խտրականութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ» Շեշտեց Ռուհանի

«Միջազգային Դրամական Ֆոնտին Կողմէ Փոխատուութիւններու Տրամադրման Մէջ Խտրականութիւն Պէտք Չէ Ըլլայ» Շեշտեց Ռուհանի

Իրանի նախագահ Հասան Ռուհանի երէկ վերստին կոչ ուղղեց, որ Միջազգային դրամական ֆոնտը իր երկրին հինգ միլիառ տոլարի փոխատուութիւն մը տրամադրէ` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար: Ռուհանի Իրանի նախարարաց խորհուրդի նիստին միջազգային կազմակերպութիւնները յորդորեց «գործադրելու իրենց պարտաւորութիւնները, որովհետեւ մենք Միջազգային դրամական ֆոնտին անդամ ենք, եւ փոխատուութիւններու տրամադրման մէջ խտրականութիւն պէտք չէ ըլլայ»: Ռուհանի քննադատեց Իրանի դէմ հաստատուած ամերիկեան պատժամիջոցները` զանոնք որակելով...

Ռուսիան Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Բանակցիլ Զինուորական Օդանաւերու Մատակարարման Շուրջ

Ռուսիան Պատրաստ Է Ազրպէյճանի Հետ Բանակցիլ Զինուորական Օդանաւերու Մատակարարման Շուրջ

Ռուսիան պատրաստ է Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու` զինատեսակներու լայն տեսականի, ներառեալ պատերազմական օդանաւերու, մատակարարման շուրջ: «Ինթերֆաքս» կը հաղորդէ, որ այս մասին կը յայտնեն Ռուսիոյ Զինուորական ճարտարագիտութեան համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութենէն: Ծառայութեան բանբեր Մարիմ Վորոպեւան յայտարարած է, որ զինուորական-թեքնիք համագործակցութեան ոլորտին մէջ Ազրպէյճան կը նկատուի Ռուսիոյ գործընկերը, այդ իսկ պատճառով Մոսկուան պատրաստ է Պաքուին հետ բանակցութիւններու` ռուսական սպառազինութեան եւ զինուորական սարքերու մատակարարման համար:...

Ոստիկանները Գտած Են Ռապըրթ Քենետիի Թոռնուհիին Դիակը

Ոստիկանները Գտած Են Ռապըրթ Քենետիի Թոռնուհիին Դիակը

Միացեալ Նահանգներու մէջ ոստիկանները գտած են Միացեալ Նահանգներու 35-րդ նախագահ Ճոն Քենետիի եղբօր` ծերակուտական Ռապըրթ Քենետիի թոռնուհիին` 40 տարեկան Մէյվ Քենետի Թաունսընտ Մաքքինի դիակը: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Մէյվի մարմինը գտնուած է անոր մօր տունէն չորս քիլոմեթր հեռաւորութեան վրայ: Անոր 8 տարեկան որդիին` Կիտիըն Ճոզըֆ Քենետի Մաքքինի մարմինը տակաւին կարելի եղած չէ գտնել: Մէյվ Քենետի Թաունսընտ...

«40 Օրէն «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Առնենք Վերահսկողութեան Տակ»  Կ՛ըսէ Իրանի Առողջապահութեան Նախարարը

«40 Օրէն «Քորոնա» Ժահրը Պիտի Առնենք Վերահսկողութեան Տակ» Կ՛ըսէ Իրանի Առողջապահութեան Նախարարը

Իրանի առողջապահութեան նախարար Սայիտ Նամքի երէկ յայտարարեց. «40 օրէն «Քորոնա» ժահրը պիտի առնենք վերահսկողութեան տակ: Նախարարութեան բանբեր Քիանուշ Ժիհանփուր իր կարգին նշեց. «Տարածուած է այն մտավախութիւնը, որ իսկական թիւերը մինչեւ հիմա յայտարարուածներէն աւելի են»: Ան յայտնեց, որ իրանցիներուն մեծամասնութիւնը յարգած են Նովրուզի տօնի արձակուրդի վերջին օրերուն աւանդական պտոյտին չերթալով տուն մնալու ցուցմունքները: Նշենք, որ իրանեան իշխանութիւնները «Քորոնա» ժահրի տարածման արգիլման...

Հիւսիսային Տէր Զօրի Մէջ Ամերիկացի Սպայ Մը Սպաննուեցաւ

Հիւսիսային Տէր Զօրի Մէջ Ամերիկացի Սպայ Մը Սպաննուեցաւ

Ամերիկացի սպայ մը եւ քրտական ղեկավարութեամբ Սուրիոյ ժողովրդավարական ուժերու երկու անդամներ սպաննուեցան, ինչպէս նաեւ ուրիշներ վիրաւորուեցան, երբ Տէր Զօրի հիւսիսային գիւղական շրջանի Ուասհիա գիւղին մէջ թակարդի մը ենթարկուեցան: Լաւատեղեակ աղբիւր մը «Մայատին» պատկերասփիւռի կայանին յայտնած է, որ ամերիկեան մեքենաները Հասաքէի հարաւային գիւղական շրջանի Շատտատէ քաղաքին մէջ ամերիկեան ռազմակայանէն Տէր Զօրի արեւելեան գիւղական շրջանին մէջ գտնուող Օմար քարիւղի հանքային դաշտին մէջ...

Թրամփ Չէ Բացառած Տնտեսութեան Խթանման Ծիրին Մէջ Ամերիկացի Հարկատուներուն Կրկնակի Վճարում Կատարելու Կարելիութիւնը

Թրամփ Չէ Բացառած Տնտեսութեան Խթանման Ծիրին Մէջ Ամերիկացի Հարկատուներուն Կրկնակի Վճարում Կատարելու Կարելիութիւնը

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ չէ բացառած Միացեալ Նահանգներու տնտեսութեան խթանման ծիրին մէջ ամերիկացի հարկատուներուն կրկնակի վճարում կատարելու կարելիութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթը: «Մենք միանգամայն կրնանք ընել ուղղակի վճարումներու երկրորդ փուլը: Այս հարցը լրջօրէն կը քննարկուի», լրագրողներու հարցումին պատասխանելով ըսած է Թրամփ: Ամերիկացի հարկատուներուն մեծ մասը ապրիլին պիտի ստանայ 1200¬ական տոլար` Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին կողմէ որդեգրուած...

Թալեպան Շարժումը Աֆղանական Կառավարութեան Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակման Բանակցութիւններու Դադրեցումը Յայտարարեց

Թալեպան Շարժումը Աֆղանական Կառավարութեան Հետ Բանտարկեալներու Փոխանակման Բանակցութիւններու Դադրեցումը Յայտարարեց

Աֆղանական Թալեպան շարժումի քաղաքական բանբեր Սուհէյլ Շահին յայտարարեց. «Շարժումը պիտի դադրեցնէ բանտարկեալներու փոխանակման վերաբերեալ աֆղանական կառավարութեան հետ ամուլ բանակցութիւններուն իր մասնակցութիւնը»: Ան Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանիի վարչակազմը մեղադրեց բանտարկեալներու ազատ արձակումը «այս կամ այն պատրուակով» ուշացնելու յանցանքով: «Ուստի մեր թեքնիք խումբը վաղուընէ սկսեալ պիտի չմասնակցի առնչակից կողմերուն հետ ամուլ հանդիպումներուն», ըսաւ Շահին: Նշենք, որ երկու կողմերը անցեալ շաբթուընէ ի վեր...

Իտալական Քաղաքին Մէջ Խանութ Երթալու Համար Տղամարդոց Եւ Կիներու Օրեր Հաստատած Են

Իտալական Քաղաքին Մէջ Խանութ Երթալու Համար Տղամարդոց Եւ Կիներու Օրեր Հաստատած Են

Իտալիոյ Պերկամօ նահանգի Քանոնիքա տ'Ատտա քաղաքի քաղաքապետը «Քորոնա» ժահրի համաճարակի լոյսին տակ բնակիչներուն թելադրած է գնումներ կատարել տղամարդոց եւ կիներու  համար սահմանուած օրերուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Քաղաքապետարանի կատարած դասաւորման համաձայն, տղամարդիկ կրնան խանութներ այցելել շաբաթական չորս անգամ` երկուշաբթի, չորեքշաբթի, ուրբաթ եւ կիրակի: Մնացեալ երեք օրերուն` կիները: Քաղաքապետ Ճանմարիա Չերէայի որոշումը դժգոհութիւններու ալիք բարձրացուցած է քաղաքացիներու...

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Մէջ Արգելակած Են «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Լոյսին Տակ Ռուսիոյ Պատժամիջոցները Ջնջելու Մասին Բանաձեւին Որդեգրումը

ՄԱԿ-ի Ընդհանուր Ժողովին Մէջ Արգելակած Են «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Լոյսին Տակ Ռուսիոյ Պատժամիջոցները Ջնջելու Մասին Բանաձեւին Որդեգրումը

Միացեալ Նահանգները, Եւրոպական Միութիւնը, Բրիտանիան, Ուքրանիան եւ Վրաստանը արգելակած են ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին մէջ Ռուսիոյ առաջարկած բանաձեւին որդեգրումը: Բանաձեւը կ'առաջարկէր ջնջել միակողմանի պատժամիջոցները, որոնք կը խանգարեն պայքարիլ «Քորոնա» ժահրին դէմ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսիոյ մնայուն ներկայացուցչութեան: Ռուսիան Ընդհանուր ժողովին առաջարկած էր հռչակագիր որդեգրել «Քորոնա» ժահրին դէմ միացեալ պայքարի մասին: Փաստաթուղթը...

Շուէտի Կառավարութիւնը Յայտարարեց, Թէ Անկարող Է «Քորոնա»¬ի Դէմ Պայքարելու.  Բրիտանիոյ Վարչապետը «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Պիտի Շնչէ Արհեստական Շնչառական Սարքով

Շուէտի Կառավարութիւնը Յայտարարեց, Թէ Անկարող Է «Քորոնա»¬ի Դէմ Պայքարելու. Բրիտանիոյ Վարչապետը «Քորոնա» Ժահրին Պատճառով Պիտի Շնչէ Արհեստական Շնչառական Սարքով

Բրիտանիոյ վարչապետ Պորիս Ճոնսըն, որ «Քորոնա» ժահրով վարակուած է, երէկ շտապ հիւանդանոց փոխադրուեցաւ, որովհետեւ կարիք ունեցաւ արհեստական շնչառութեան սարքի օժանդակութեան: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Բրիտանիոյ առողջապահութեան ազգային համակարգի ղեկավարութեան մօտիկ աղբիւրին: Բրիտանիոյ վարչապետը երէկ յայտարարեց, որ բարձր տրամադրութեան մէջ է եւ իր կառավարութեան նախարարներուն հետ կը կապուի մնայուն կերպով: Մէկ օր առաջ վարչապետին բանբերը յայտնած...

Իրանցի Պաշտօնատար Մը «Քորոնա»¬էն Մահացածներուն Մասին Փեքինի Հրապարակած Թիւերը «Ցաւալի Կատակ» Կ՛որակէ. Չինաստանի Դեսպանը Կը Պատասխանէ

Իրանցի Պաշտօնատար Մը «Քորոնա»¬էն Մահացածներուն Մասին Փեքինի Հրապարակած Թիւերը «Ցաւալի Կատակ» Կ՛որակէ. Չինաստանի Դեսպանը Կը Պատասխանէ

Իրանի առողջապահութեան նախարարութեան բանբեր Քիանուշ Ճիհանփուր «Քորոնա» ժահրի պատճառով մահացածներուն վերաբերեալ չինական կառավարութեան հրապարակած թիւերը որակեց աշխարհին հետ «ցաւալի կատակ մը»: Ճիհանփուր մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին յայտնեց. «Չինաստան «Քորոնա» ժահրի մահացածներուն ու վարակուածներուն վերաբերեալ սկիզբը հաղորդած թիւերուն ու տուեալներուն ճամբով աշխարհին հետ «ցաւալի կատակ» ըրաւ»: «Այն երկիրները, ուր այս հիւանդութիւնը տարածուեցաւ` Չինաստանի յայտարարութիւններէն մեկնելով կարծեցին, թէ անիկա կրիփէն թեթեւ է,...

Page 466 of 884 1 … 465 466 467 … 884

Արխիւներ