Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավար Թետրոս Ատհանոմ Կեպրէյեսուս յայտնած է, որ նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրը տասը անգամ աւելի վտանգաւոր է «Էչ1Էն1» կրիփէն` Խոզի կրիփէն: Այս մասին կը գրէ «Տը Ինտիփենտընթ»:
Կեպրէյեսուս նշած է, որ խոզի կրիփի համաճարակը տեւած է 2009 թուականի յունուարէն մինչեւ 2010 թուականի օգոստոսը, եւ այդ ընթացքին վարակուած է աւելի քան 1,6 միլիոն մարդ: Այդ վարակէն մահացած է 18449 մարդ, իսկ «ՔՈՎԻՏ-19»-ով, որուն բռնկումը տեղի ունեցաւ դեկտեմբեր 2019-ի վերջաւորութեան Չինաստանի մէջ, արդէն վարակուած է գրեթէ երկու միլիոն մարդ, իսկ զոհերուն թիւը 10 անգամով կը գերազանցէ կրիփէն մահացածներու թիւը:
«Մենք գիտենք, որ «ՔՈՎԻՏ-19»-ը կը տարածուի արագ, եւ որ անիկա տասը անգամ աւելի մահացու է, քան 2009 թուականի խոզի կրիփը: Գիտենք, որ ժահրը աւելի դիւրին կը տարածուի մարդաշատ վայրերու մէջ, օրինակ` ծերանոցներու մէջ: Գիտենք նաեւ, թէ վարակի կանուխ յայտնաբերումը, քննութիւնը, մեկուսացումը, իւրաքանչիւր մարդու հանդէպ հոգատարութիւնը, վարակուածներու հաղորդակցութեան շրջանակներու բացայայտումը առանցքային դեր ունին «Քորոնա» ժահրի փոխանցումը կանխարգիլելու համար», կը յայտնէ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան ղեկավարը:
«Քանի մը երկիրներէ ստացուած տուեալները մեզի աւելի յստակ պատկերացում կու տան այս ժահրին եւ այն մասին, թէ ինչպէ՛ս կը դրսեւորուի` ինչպէ՛ս կանխարգիլել եւ ինչպէ՛ս բուժել զայն», ըսած է ան:
Մինչ այդ, Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի շարք մը անդամներ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նախագահին յղեցին նամակ մը, որուն մէջ նշեցին, թէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին համար ամբողջական պատասխանատուն կը նկատուի Չինաստանը, իսկ Առողջապահութեան միջազգային կազմակերպութիւնը դադրած է աշխարհի կարիքները բաւարարող մարդասիրական կազմակերպութիւն մը ըլլալէ եւ Փեքինին կ’օժանդակէ Չինաստանի մէջ վարակուածներուն թիւը իսկականէն նուազ ներկայացնելու մէջ, ինչ որ ալ կը նպաստէ ժահրի տարածման:
Թուրքիոյ խորհրդարանը վաւերացուց այն նախագիծը, որով կը նախատեսուի «Քորոնա» ժահրի տարածման պատճառով ժամանակաւորապէս ազատ արձակել 90 հազար բանտարկեալներ:
Բանտերէն ազատ պիտի արձակուին անոնք, որոնք բանտարկուած են ոչ ծանր յանցանքներու համար: Անոնք ազատ պիտի արձակուին մինչեւ 31 մայիս, որմէ ետք պիտի շարունակեն կրել իրենց պատիժը: Եթէ «Քորոնա» ժահրի տարածումը մինչ այդ չմեղմանայ, ապա այդ ժամկէտը պիտի երկարաձգուի:
Էրտողան արդէն յայտնած է, որ երկրին մէջ կիրարկուած երկօրեայ արտակարգ դրութիւնը պիտի երկարաձգուի: 10 ապրիլին երկրի ներքին գործոց նախարար Սուլէյման Սոյլու յայտարարած էր արտակարգ դրութեան մասին, որ կիրարկուեցաւ յայտարարութենէն ընդամէնը երկու ժամ ետք: Ատկէ ետք երկրին մէջ ստեղծուեցաւ քաոսային իրավիճակ` բախումներ, խուճապ, ինչ որ պատճառ դարձաւ Սոյլուի հրաժարականին: Սակայն Էրտողան մինչեւ օրս չէ ընդունած անոր հրաժարականը:
Ռուսիոյ առողջապահութեան նախարարութեան համաձայն, «Քորոնա» ժահրը կրնայ 4 մեթր հեռաւորութենէն անձէ անձ փոխանցուիլ եւ կրնայ օդին մէջ թռչիլ 30 վայրկեանէն մինչեւ 3 ժամ:
Միջազգային դրամական ֆոնտը նախատեսեց, որ համաշխարհային տնտեսութիւնը այս տարի «Քորոնա» ժահրին պատճառով 3 առ հարիւրի անկում մը կրէ` նշելով, որ տեղական համախառն արտադրութեան 2020-ին եւ 2021-ին կրելիք վնասները կրնան 9 եռիլիոն տոլարի հասնիլ:
Օդային փոխադրութեան միջազգային միութիւնը իր կարգին նշեց, որ թռիչքներու մարզի վնասները կրնան 314 միլիառ տոլարի հասնիլ:
Վրաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 24-ով եւ հասաւ 296-ի, իսկ մահացածներուն թիւը 3 է: Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 2.082-ով եւ հասաւ 125.098-ի, իսկ մահացածներուն թիւը աւելցաւ 170-ով եւ հասաւ 2.969-ի:
Մարոքի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 179-ով եւ հասաւ 1.838-ի, իսկ մահացածներուն թիւը բարձրացաւ 8-ով եւ հասաւ 126-ի: Փանամայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 72-ով եւ հասած 3472-ի, իսկ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 94-ի: Քուէյթի մէջ 55 անձեր վարակուած են, եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 1.355-ի, իսկ մահացածներունը` 3-ի:
Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին մահացածներուն թիւը բարձրացած է 1.509-ով եւ հասած 23.529-ի: Պելճիքայի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին մահացածներուն թիւը բարձրացած է 262-ով եւ հասած 4.157-ի: Սպանիոյ մէջ մահացածներուն թիւը բարձրացած է 567-ով եւ հասած 18.056-ի:
Մինչ Բրիտանիոյ մէջ մահացածներուն թիւը վերջին 24 ընթացքին բարձրանալով անցաւ 11 հազարը, Նետերլանտներու մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուեցան յաւելեալ 868 անձեր եւ երկրին մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 27.419-ի:
Իրանի մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակուածներուն թիւը բարձրացած է 74.877-ի, իսկ մահացածներուն թիւը` 4.683-ի: Սէուտական Արաբիոյ մէջ արձանագրուեցաւ վարակման 435 նոր պարագաներ եւ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 5.369-ի:
Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութիւնը նշեց, որ տակաւին համաճարակի գագաթնակէտին չենք հասած, եւ վարակումներուն 90 առ հարիւրը Եւրոպայէն եւ Ամերիկայէն են` աւելցնելով, որ Բրիտանիան ու Թուրքիան վարակուածներու թիւի աճ կ’արձանագրեն:
Կազմակերպութիւնը նաեւ անհաւանական նկատեց, որ «Քորոնա»-ի դէմ պատուաստը առնուազն մէկ տարիէն առաջ արտադրուի:



