Թուրքիոյ պետական «Անատոլու» լրատու գործակալութիւնը Ռուսիան կը մեղադրէ Սուրիոյ մէջ կառավարական բանակին դէմ կռուած, ապա անոր միացած զինեալները զօր. Խալիֆա Հաֆթարի ղեկավարած Լիպիոյ ազգային բանակին միանալու համար Լիպիա ուղարկելու յանցանքով:
Թրքական պետական լրատու գործակալութիւնը, հիմնուելով իր սեփական աղբիւրներուն վրայ, կը գրէ, թէ շուրջ 300-400 զինեալներ Սուրիոյ հարաւային Քնէյթրա նահանգէն պիտի ուղարկուին Լիպիա, եւ անոնց պիտի վճարուի ամսական հազարական տոլար:
«Անատոլու» նաեւ կը նշէ, թէ ռուսական կողմն ու Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատը արդէն համաձայնած են 2018 թուականին Ասատին միացած նախկին ընդդիմադիր «Լիուա Աննուխպա» խմբաւորման հրամանատար Ապու Ժաաֆար Մեմթենէի հետ:
Նշենք, որ նոյեմբեր 2019-ի վերջաւորութեան Թուրքիոյ եւ Լիպիոյ Ազգային համաձայնութեան կառավարութեան ղեկավար Ֆայեզ Սարաժի միջեւ Միջերկրական ծովուն մէջ գործունէութիւն ծաւալելու վերաբերեալ գոյացած էր համաձայնութիւն մը, որմէ ետք Թուրքիան յայտարարեց Լիպիա զօրք ուղարկելու պատրաստակամութեան մասին:
Դեկտեմբերի վերջաւորութեան Թուրքիան սկսաւ Սուրիոյ մէջ իր աջակցութիւնը վայելող զինեալները տեղափոխել Լիպիոյ մայրաքաղաք Թրիփոլի` զօր. Հաֆթարի հակառակորդ Սարաժի կողքին կռուելու համար` ամսական երեք հազար տոլար վճարելով:
Յունուար 2020-ին արդէն տեղեկութիւններ տարածուեցան թրքական քանի մը մարտանաւերու Թրիփոլիի ափեր հասնելու, ապա նաեւ մարտերու ընթացքին թրքամէտ սուրիացի զինեալներու եւ թուրք զինուորներու սպանութեան մասին:



