Դամասկոսի Մերձակայքին Դէմ Իսրայէլեան Յարձակում
Սուրիական պետական ՍԱՆԱ լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ սուրիական օդային պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են մայրաքաղաք Դամասկոսի մերձակայքին մէջ «թշնամական թիրախներու»: ՍԱՆԱ աւելցուց, որ պաշտպանութեան համակարգերը դէմ դրած են լիբանանեան օդային տարածքէն կատարուած իսրայէլեան յարձակումին եւ վնասազերծած շարք մը հրթիռներ, նախքան անոնց իրենց թիրախներուն հասնիլը: Սուրիական լրատուամիջոցներ հաղորդեցին, որ իսրայէլեան յարձակումին պատճառով երեք քաղաքայիններ զոհուած են եւ վիրաւորուած են չորս ուրիշներ,...




















