Իրավիճակը, ի հարկէ, չափազանց բարդ է, բայց նաեւ` կանխատեսելի, ինչ որ ամէնէն կարեւոր հարցն է: Այս մասին «Արմնիուզ» պատկերասփիւռի ընկերութեան «Հեռավար քննարկում-զրոյց Սամուէլ Ֆարմանեանի հետ» հաղորդման ընթացքին ըսած է Ռուսիոյ Տումայի երեսփոխան, եկամուտներու, ծախսերու, բարոյագիտութեան եւ լիազօրութիւններու հարցերով մնայուն յանձնախումբի նախագահ Օթարի Արշպան` անդրադառնալով Ռուսիոյ մէջ «Քորոնա» ժահրին պատճառով ստեղծուած իրավիճակին:
Ֆարմանեանի այն նշումին, թէ բազմաթիւ հնչեղ անուններ, մասնագէտներ, ներառեալ` Հենրի Քիսինճըրը, որ վերջերս յօդուած գրած էր եւ կը պնդէր, որ մեծ հաւանականութեամբ աշխարհակարգը, իբրեւ այս համաճարակի հետեւանք, փոփոխութեան պիտի ենթարկուի եւ այն հարցումին, թէ ինչպիսի՞ն պիտի ըլլայ աշխարհակարգը «Քորոնա» ժահրէն ետք, ինչպիսի՞ տնտեսական, ընկերային, վարքաբանական ու մշակութաբանական փոփոխութիւններու պիտի յանգեցնէ այս համաճարակը, Արշպան պատասխանեց, թէ ապագայի վերաբերեալ այդքան ալ յոռետես չէ:
«Ես համաձայն եմ, որ աշխարհը համաճարակէն պիտի արթննայ իբրեւ այլ, իբրեւ ուրիշ: Սակայն ես չեմ գիտեր, թէ այդ ընթացքը մեզի որքա՛ն երկար պիտի ուղեկցի: Կը կարծեմ, որ որոշ ժամանակ մենք պիտի փորձենք միասնաբար գտնել գոյութիւն ունեցող հարցերու լուծումը:
«Առաջին, ինչպէս ես վստահ եմ, պիտի ըլլան լուրջ փոփոխութիւններ, այսպէս ըսուած, թուային ցանկագրութեան մէջ: Այսինքն, այն պետութիւնները, որոնք միւսներէն շուտ պիտի լուծեն այս համաճարակին հետ իրենց հարցերը, այդ պետութիւնները ոստում պիտի կատարեն: Ես կը կարծեմ, որ Ռուսիան պատրաստ է այդպիսի ոստումի` հաշուի առնելով այն ահռելի աշխատանքը, որ ամէնօրեայ դրութեամբ կը կատարէ կառավարութիւնը:
«Այն պետութիւնները, որոնք իրավիճակին հետ իրենց հարցերը շուտ կը լուծեն, անոնք յառաջ պիտի անցնին, պիտի դառնան առաջնորդներ, ֆութպոլային եզրով ըսուած, աղիւսակին մէջ քանի մը տեղով յառաջ պիտի անցնին, իսկ թերեւս ալ դուրս գան Եւրոպայի բաժակակիրներու մասնակցութեան հորիզոնականներ:
«(…) Աշխարհը պիտի արթննայ այլ, բազմաթիւ պետութիւններ, ներառեալ` այսօրուան բարեկեցիկ երկիրները կրնան դուրս գալ իբրեւ աութսայտըրներ, իսկ շատերը, որոնք այսօր ստեղծուած իրավիճակին մէջ ճիշդ լուծումներ պիտի գտնեն, որոնց կառավարութիւնները պիտի աշխատին, ինչպէս գլխաւոր շտապները պատերազմական իրավիճակներուն մէջ առջեւի գիծին վրայ կ’աշխատին, անոնք կրնան ոստում կատարել, կրնան յառաջ անցնիլ», յայտնեց ան:



