Ամերիկացի գիտնականներու դաշնակցութեան նախագահ, վարակիչ հիւանդութիւններու հարցերով փորձագէտ, համաճարակներուն պատրաստութեան ոլորտին մէջ յառաջատար գիտնական Ալի Նուրի «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ նախատեսութիւններուն համաձայն, մարդկութիւնը իր բնականոն կեանքին պիտի չվերադառնայ, այնքան ատեն որ «Քորոնա» ժահրին դէմ պատուաստանիւթ չէ ստեղծուած, ինչ որ կրնայ մէկ տարի տեւել:
Ալի Նուրի յայտնած է, որ ընկերային հեռաւորութեան պահանջները պիտի չջնջուին մինչեւ ամառ, ինչպէս կը կարծեն բազմաթիւ ամերիկացիներ, որովհետեւ ժահրը «աննախադէպ» է մարդկութեան պատմութեան ընթացքին:
«Կախարդական թուական չկայ, որմէ ետք բոլորը պիտի վերադառնան իրենց բնականոն կեանքին: Այդ օրը տակաւին երկար ատեն պիտի չգայ», յայտնած է ան:
«Նոր տեսակի «Քորոնա» ժահրի այլ կրիփներէն տարբերութիւնը այն է, որ անիկա տասը անգամ աւելի մահացու է եւ աւելի արագ կը տարածուի», ըսած է Նուրի:
Անոր կարծիքով` Միացեալ Նահանգներ «ՔՈՎԻՏ-19»-ի դէմ արդիւնաւէտօրէն պայքարելու համար պէտք է զանգուածային քննութիւններ կատարեն` բացայայտելու համար ո՛չ միայն վարակակիրները, այլ նաեւ այն մարդիկը, որոնք հիւանդութեան հանդէպ ախտամերժութիւն ձեռք բերած են:
«Մարտահրաւէրայինը այն է, որ ժահրը կրնայ փոխանցուիլ առանց ախտանշաններու: Վարակակիրներուն 25 առ հարիւրը նոյնիսկ չեն գիտեր, թէ վարակուած են», ըսած է վարակիչ հիւանդութիւններու հարցերով փորձագէտը:



