«Կրիքսիթիթայմզ» կայքը կը գրէ. «Հակառակ անոր որ Թուրքիոյ մէջ կը մոլեգնի «Քորոնա» ժահրի անկառավարելի համաճարակը, որուն իբրեւ հետեւանք երկրին մէջ արձանագրուած է 69.392 պարագայ եւ 1518 մահ, բայց եւ այնպէս Թուրքիան չի դադրիր Յունաստանի նկատմամբ իր յարձակողական քաղաքականութենէն: Թուրքիոյ տնտեսութիւնը, որ արդէն համաճարակէն առաջ անկում կ’ապրէր, առաւել եւս պիտի տուժէ, սակայն Անգարան ցոյց կու տայ, որ ունի անվերջանալի գումար եւ կը փորձէ դառնալ շրջանային գերտէրութիւն:
«Թուրքիան ամէն օր կը խախտէ Յունաստանի օդային ու ծովային սահմանները: Երկուշաբթի օր հերթական հարուածը տրուեցաւ Էրտողանին, երբ Թուրքիան փորձեց խախտել Յունաստանի ծովային սահմանները յունական Քասթելորիզօ կղզիի շրջակայքին մէջ»:
Յունական կայքը կը տեղեկացնէ, որ թրքական «Քըլըչ 2-Փի. 334 Թի.Սի.Ճի.» մարտանաւը փորձած է շրջանցել ջրային սահմանը, սակայն յունական «Թի.Փի.Քէյ. Փի.71 «ՎՈԹՍԻՍ» ռազմակայանը խոչընդոտած է թրքական նաւի` յունական ծովային տարածք մուտք գործելէ:
Բացի Կիպրոսի շուրջ ստեղծուած իրավիճակէն, թրքական նկրտումներուն պատճառով Յունաստանի եւ Թուրքիոյ յարաբերութիւնները պարբերաբար կը սրին նաեւ Եգէական ծովուն մէջ:



