Տոմինիքեան Հանրապետութեան Ընտրական կեդրոնական յանձնախումբը երկուշաբթի որոշում տուած է 17 մայիսին նախատեսուած նախագահական ընտրութիւնը յետաձգելու` նկատի ունենալով երկրին մէջ հաստատուած առողջապահական սահմանափակումները: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
Կը նշուի, թէ նախագահական ընտրութիւնը տեղի պիտի ունենայ 5 յունիսին: Ընտրութեան երկրորդ փուլի անհրաժեշտութեան պարագային անիկա տեղի պիտի ունենայ 26 յուլիսին:
Տոմինիքեան Հանրապետութեան մէջ արտակարգ դրութիւնը յայտարարուած է մինչեւ 31 ապրիլ: Երկրին մէջ «Քորոնա» ժահրով վարակման հաստատուած 2967 պարագաներ կան, իսկ մահացածներուն թիւը 173 է:



