ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մնայուն ներկայացուցիչ Մաժիտ Թախթ Ռաուանժի յայտնեց, որ տարբեր երկիրներու դէմ հաստատուած ամերիկեան միակողմանի պատժամիջոցները պէտք է ջնջուին` «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարելու համար:
Ան այս մասին յայտնեց ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովին կողմէ «Քորոնա»-ի դէմ պայքարի միջազգային միասնականութիւն» հաղորդագրութեան որդեգրման առիթով ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի նախագահին յղած իր նամակին մէջ:
Ռաուանժի իր նամակին մէջ կը գրէ, որ ներկայ դժուար ժամանակներուն, երբ «Քորոնա» ժահրը տարածուած է աշխարհի բոլոր շրջաններուն եւ երկիրներուն մէջ, միջազգային միասնականութիւնն ու գործակցութիւնը կարեւոր են, որովհետեւ բոլոր երկիրները նոյն ճակատին մէջ են ընդդէմ ժահրին:
Ան մատնանշեց «խնդիրները, որոնք «Քորոնա» ժահրին դէմ պայքարող երկիրները թիրախ դարձնող ամերիկեան անմարդկային քայլերը» պատճառած են` աւելցնելով. «Այս կացութիւնը ո՛չ միայն այդ երկիրներու քաղաքացիներուն կը վնասէ, այլ նաեւ «Քորոնա» ժահրին դէմ համաշխարհային պայքարին ու երկրագունդի բոլոր բնակիչներու առողջութեան»:
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի դեսպանը նշեց. «Ամերիկեան անօրինական արգելքի քայլերը ջնջելը կը ծառայէ ամբողջ աշխարհի շահերուն եւ անհրաժեշտ հարց մը կը նկատուի»:



