Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ Սպիտակ տան մէջ տրուած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտնած է, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ քննարկած է սպառազինութեան հարցը: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Առ.Պի.Սի.» կայքը:
«Ատիկա եղած է մեր խօսակցութեան կարեւոր մասը», նշած է Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
12 ապրիլին Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտարարած էր, որ Թրամփ եւ Փութին հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են ռազմավարական յարձակողական զինատեսակներու նիւթը:
Միացեալ Նահանգներու նախագահին համաձայն` խօսակցութեան հիմնական նիւթ եղած են Չինաստանն ու անոր սահմանները: Նախագահները քննարկած են նաեւ Մեքսիքայի հարցը եւ անոր մասնակցութիւնը «ՕՓԵՔ+»-ի գործարքի կնքման:
«Մեքսիքան ծանրակշիռ դեր կը խաղայ այդ համաձայնագիրին մէջ: Ասիկա անոր համար բարդ հարց էր, գործարքի կնքումը բնաւ ալ դիւրին չէր, սակայն մենք կ’ողջունենք այս հարցին մէջ Մեքսիքայի ճկունութիւնը», ըսած է Սպիտակ տան ղեկավարը:
Թրամփ մամլոյ ասուլիսի ընթացքին նաեւ նշած է, որ քարիւղի արդիւնահանման ծաւալներու կրճատումներու վերաբերեալ կնքուած համաձայնագիրը պատմական է եւ պիտի օգնէ Միացեալ Նահանգներու մէջ քարիւղակազային ոլորտին մէջ աշխատող 11 միլիոն մարդոց:



