Միջազգային

Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը.  «Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Դիմադրութեան  Առանցքին Եւ Պաշտպանել  Պաղեստինցի Ժողովուրդն Ու Հըզպալլան»

Իրանի Խորհրդարանի Նախագահը. «Պիտի Շարունակենք Աջակցիլ Դիմադրութեան Առանցքին Եւ Պաշտպանել Պաղեստինցի Ժողովուրդն Ու Հըզպալլան»

Իրանի խորհրդարանի նախագահ Մոհամետ Պաքեր Քալիպաֆ յայտնեց. «Նոր խորհրդարանը պարտաւորութիւն կը ստանձնէ շարունակելու նահատակ Քասեմ Սլէյմանիի ուղին` դիմադրութեան առանցքին աջակցելու ուղին, որ անփոփոխելի է, եւ որդեգրուեցաւ որոշում մը, որ նոր խորհրդարանը ըլլայ Քասեմ Սլէյմանիի խորհրդարան: Անշուշտ նոր խորհրդարանը յանձնառու է անոր դիմադրութեան առանցքին աջակցելու եւ պաղեստինցի ժողովուրդը, լիբանանեան Հըզպալլան, Համաս շարժումի եւ Իսլամական ժիհատի նման պաղեստինեան շարժումներ պաշտպանելու եւ անիրաւուած...

Ճորճ Ֆլոյտի Մահէն Ետք Յառաջացած Ցոյցերը  Հակակշռելու Նպատակով Կրակմար`  Ամերիկեան Կարգ Մը Քաղաքներու Մէջ

Ճորճ Ֆլոյտի Մահէն Ետք Յառաջացած Ցոյցերը Հակակշռելու Նպատակով Կրակմար` Ամերիկեան Կարգ Մը Քաղաքներու Մէջ

Մինէափոլիս քաղաքին մէջ ոստիկանի կոպիտ վարմունքին պատճառով 46-ամեայ սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի մահէն ետք յառաջացած զանգուածային բողոքի ցոյցերու եւ անկարգութիւններու իբրեւ հետեւանք Միացեալ Նահանգներու կարգ մը քաղաքներու մէջ կրակմար յայտարարուեցաւ: Բողոքի ցոյցերն ու անկարգութիւնները բաւական ծաւալեցան եւ նոյնիսկ հակակշիռէ դուրս եկան երբեմն` վերածուելով բռնութիւններու արիւնալի բախումներու: Անկարգութիւններէն ամէնէն շատ վնասուած քաղաքներէն մէկը Լոս Անճելըսն է: Քալիֆորնիոյ նահանգապետ Կեւին Նիւսըմ քաղաքին մէջ...

«Լիպիոյ Մէջ Արտաքին Օժանդակութիւնները Փոխեցին Գետնի Վրայ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը»  Կ՛ըսէ Զախարովա

«Լիպիոյ Մէջ Արտաքին Օժանդակութիւնները Փոխեցին Գետնի Վրայ Ուժերու Հաւասարակշռութիւնը» Կ՛ըսէ Զախարովա

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա նշեց. «Լիպիոյ մէջ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութիւնը փոխուեցաւ տագնապի կողմերուն ցուցաբերած արտաքին օժանդակութեան պատճառով»: «Այսօր գետնի վրայ կացութիւնը մեծապէս տարբեր է, տագնապի կողմերուն ցուցաբերուած արտաքին օժանդակութեան պատճառով, ինչ որ պատճառ դարձաւ գետնի վրայ ուժերու հաւասարակշռութեան փոփոխութեան», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Լիպիոյ մէջ տագնապի երկարաձգումը կը վտանգէ անոր ժողովուրդը, որ երկար ատեն տառապեցաւ ծանր հետեւանքներէ»:...

Չինաստան. «Պիտի Չընդունինք, Որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ը Իբրեւ Պատանդ Օգտագործեն»

Չինաստան. «Պիտի Չընդունինք, Որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ը Իբրեւ Պատանդ Օգտագործեն»

Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց, որ հակադարձումի անհրաժեշտ որեւէ քայլ պիտի որդեգրէ, եթէ Միացեալ Նահանգներ Չինաստանի ներքին գործերուն միջամտելուն վրայ պնդէ եւ Հոնկ Քոնկի յատուկ ազգային անվտանգութեան օրէնքին ի պատասխան քայլ մը կատարէ: Չինաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Չաու Լի Ճիան յայտնեց, որ Փեքին Միացեալ Նահանգներուն, Բրիտանիոյ, Քանատային եւ Աւստրալիոյ դժգոհութիւն յայտնած է այդ օրէնքի որդեգրման համար Չինաստանը քննադատող...

Ցուցարարներ Մինիափոլիսի Մէջ Հրկիզած Են Ոստիկանութեան Շէնքը

Ցուցարարներ Մինիափոլիսի Մէջ Հրկիզած Են Ոստիկանութեան Շէնքը

Միացեալ Նահանգներու Մինիսոթա նահանգի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ ցուցարարներ հրկիզած են ոստիկանութեան շէնքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ոստիկանութեան աշխատակիցները ուղղաթիռի միջոցով հեռացուած են շէնքի տանիքէն: Ոչ ոք վնասուած է: Քաղաքին մէջ երրորդ օրն ըլլալով կը շարունակուին զանգուածային անկարգութիւնները, որոնք սկսած են ձերբակալուելէ ետք սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի մահէն ետք: Քաղաքի իշխանութիւնները հաստատած են արտակարգ դրութիւն: Ցուցարարները սկիզբը շրջափակած են...

Աշխարհի Հզօրագոյն Բանակը Ամերիկեանն Է,  Իսկ Արաբական Աշխարհինը` Եգիպտականը

Ամերիկեան Բանակ. «Ռուսիա Վերջերս Սուրիոյ Ճամբով Հալածիչներ Տեղակայեց Լիպիոյ Մէջ»

Ափրիկէի մէջ ամերիկեան բանակի հրամանատարութիւնը նշեց, որ Ռուսիան վերջերս Սուրիոյ ճամբով հալածիչներ տեղակայած է Լիպիոյ մէջ` նշելով, որ Ռուսիան կը փորձէ Լիպիոյ մէջ հաւասարակշռութիւնները շրջել` ճիշդ ինչպէս ըրաւ Սուրիոյ մէջ:

Իրանեան Քարիւղատար  Երկրորդ Նաւ Մը Հասաւ Վենեզուելա

Իրանեան Քարիւղատար Երկրորդ Նաւ Մը Հասաւ Վենեզուելա

Իրանեան քարիւղատար երկրորդ նաւ մը` «Ֆորսթ»¬ը մուտք գործեց Վենեզուելական ջուրեր: Այս մասին կը հաղորդէ «Մայատին» արբանեակային պատկերասփիւռի կայանը: Իրանեան քարիւղատար նաւուն վենեզուելական ծովուժէն մարտանաւեր եւ օդուժէն պատերազմական օդանաւեր ընկերակցած են` ապահովելու համար անոր անվտանգութիւնը: Իրանեան քարիւղատար նաւը առանց արգելքներու հանդիպելու մուտք գործած է վենեզուելական ջուրեր, եւ կ՛ակնկալուի, որ իրանեան քարիւղատար երրորդ նաւ մը` «Ֆաքսըն»¬ը Վենեզուելայի տնտեսական գօտի հասնի չորեքշաբթի երեկոյեան:...

Աշխարհը «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Առաջին  Ալիքի Երկրորդ Գագաթնակէտի Վտանգ Կը Դիմագրաւէ

Աշխարհը «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Առաջին Ալիքի Երկրորդ Գագաթնակէտի Վտանգ Կը Դիմագրաւէ

Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ Աշխարհ կը գտնուի «ՔՈՎԻՏ-19»-ի` «Քորոնա» ժահրի առաջին ալիքի մէջտեղը, կայ հիւանդութեան երկրորդ գագաթնակէտին հասնելու վտանգ, սակայն ոչ երկրորդ ալիքի: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ բուժման ծրագիրներու ղեկավար Մայքըլ Ռայըն: «Իւրաքանչիւր երկրի մէջ վարակուած մարդոց իսկական թիւը տակաւին յարաբերականօրէն...

Ֆրանսա Եւ Գերմանիա Կոչ Կ՛ուղղեն  Եւրոպական Երկիրներուն Միջեւ Սահմանները  Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Բանալու

Ֆրանսա Եւ Գերմանիա Կոչ Կ՛ուղղեն Եւրոպական Երկիրներուն Միջեւ Սահմանները Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Բանալու

Ֆրանսայի եւ Գերմանիոյ խորհրդարաններու նախագահները երէկ կոչ ուղղեցին եւրոպական երկիրներուն միջեւ սահմանները, «Քորոնա» ժահրի տարածման դէմ պայքարելու համար շաբաթներէ ի վեր փակ պահելէ ետք, կարելի եղածին չափ շուտ վերաբանալու: Ֆրանսայի խորհրդարանի նախագահ Ռիշար Ֆերան եւ անոր գերմանացի պաշտօնակից Վոլֆկանկ Շոպըլ միացեալ յայտարարութեան մը մէջ նշեցին. «Ֆրանսան ու Գերմանիան պէտք է աշխատանք տանին Շենկենի գօտիին մէջ երթեւեկի ազատութեան անմիջական վերականգնման օգտին`...

Արժանթինի Մէջ Առողջապահական  Մարզի Աշխատողներու Բողոքի Ցոյց

Արժանթինի Մէջ Առողջապահական Մարզի Աշխատողներու Բողոքի Ցոյց

Արժանթինեան Քորտովա մեծ նահանգի համանուն քաղաքին մէջ, հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, տեղի ունեցած է առողջապահական մարզի աշխատողներու եւ անոնց աջակցող քաղաքացիներու բողոքի զանգուածային ցոյց: Այս մասին կը հաղորդէ «Լա Վոզ» օրաթերթը: Ցոյցի մասնակիցները բողոքած են առողջապահական ոլորտի աշխատողներու իրաւունքներու ոտնահարումին, ցած եւ ուշացող աշխատավարձերուն, ինչպէս նաեւ իրենց հասցէին անվերջ հնչող մեղադրանքներուն դէմ: «Մենք հերոսներ կամ մարդասպաններ չենք, մենք բժիշկներ ենք:...

Թրամփ. «Քամերաներուն Դիմաց Դիմակ Պիտի Չկրեմ Եւ «Քորոնա» Ժահրի Երկրորդ Ալիքի Պարագային Երկիրը Երկրորդ Անգամ Պիտի Չփակեմ»

Թրամփ. «Քամերաներուն Դիմաց Դիմակ Պիտի Չկրեմ Եւ «Քորոնա» Ժահրի Երկրորդ Ալիքի Պարագային Երկիրը Երկրորդ Անգամ Պիտի Չփակեմ»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ եթէ հարկ ըլլայ երբեմն «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու համար դիմակ կը կրէ, սակայն աւելցուց, որ չ՛ուզեր այդ մէկը լրագրողներուն առջեւ կատարել: Ան Միչիկըն նահանգին Իփսիլանթի քաղաքին մէջ «Ֆորտ» ընկերութեան գործարան այցելութեան ընթացքին, պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցումին, թէ` ի տարբերութիւն իր կողքին կանգնած գործարանի պատասխանատուներուն, Թրամփ ինչու  դիմակ չէր կրեր` նախագահը հեգնանքով ըսաւ.«Հատ մը դրի,...

Հայկական Հարցերով Յանձնախումբը  Քոնկրեսին Կոչ Ուղղած Է Արցախին Եւ Հայաստանին  Տրամադրելու 70 Միլիոն Տոլարի Օժանդակութիւն

Քոնկրեսին Մէջ Ներկայացուած Է Օրինագիծ Մը` Միջազգային Համաձայնագիրներէ Թրամփին Ինքնագլուխ Դուրս Գալը Արգիլող

Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Էտուըրտ Մարքին եւ քոնկրեսական Ճիմի Փանեթան ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կ՛արգիլէ միջազգային համաձայնագիրներէն դուրս գալ` առանց Քոնկրեսի արտօնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ, ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Անոնց ներկայացուցած օրինագիծի թղթածրարը կը նախատեսէ կանխարգիլումը  անվտանգութիւնը խաթարող գործողութիւններու առանց Քոնկրեսի համաձայնութեան: Այսպիսով Միացեալ Նահանգներու նախագահը պիտի չկարողանայ իր որոշումով միջազգային համաձայնագիրներէն դուրս գալ:...

«Միացեալ Նահանգներու Բաց Երկինքի Մասին» Պայմանագիրէն Դուրս Գալը Հարուած Է Համաշխարհային Կայունութեան», Կ՛ըսէ Զախարովա

«Միացեալ Նահանգներու Բաց Երկինքի Մասին» Պայմանագիրէն Դուրս Գալը Հարուած Է Համաշխարհային Կայունութեան», Կ՛ըսէ Զախարովա

Մոսկուան բացատրութիւններ կ՛ակնկալէ` Ուաշինկթընէն «Բաց երկինքի մասին» պայմանագիրէն դուրս գալու յայտարարութիւններու առնչութեամբ: Այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովան: Պայմանագիրէն դուրս գալը հարուած է համաշխարհային կայունութեան, ատիկա կ՛ազդարարէ անվտանգութեան սպառնալիքի մասին: Զախարովա այս մասին յայտնած է «Ռոսիա 24» պատկերասփիւռի կայանէն: Ան մասնաւորաբար նշած է. «Ատիկա միջազգային կայունութեան եւ անվտանգութեան տրուած առաջին հարուածը չէ, որ ամերիկեան վարչակազմը...

«Քորոնա»-էն Անդին

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Նախկին Ղեկավարին. Պատուաստանիւթի Ստեղծումէն Առաջ Իսկ «Քորոնա» Ժահրը Կրնայ Մարիլ Բնական Ճամբով. Կազմակերպութեան Ներկայ Ղեկավարը Համակարծիք Չէ

Բրիտանացի ուռուցքաբան եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նախկին տնօրէն Քերըլ Սիքորա թուիթըրեան իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է, ըստ որուն, պարտադիր չէ սպասել պատուաստանիւթի ի յայտ գալուն: «Կայ իրական կարելիութիւն, որ ժահրը պիտի մարի բնական ճամբով` մինչեւ մշակուի պատուաստանիւթ», կը գրէ «ՀայԹեք+»-ը: Բացի ատկէ, ըստ բժիշկին ենթադրութեան, բնակչութեան դիմադրողականութիւնը աւելի ամուր է, քան կը թուի. ասիկա կարելիութիւն կու տայ դանդաղեցնելու...

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են Քիւրտ Հասարակական¬Քաղաքական Գործիչներ

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են Քիւրտ Հասարակական¬Քաղաքական Գործիչներ

22 մայիսի առաւօտեան թրքական ոստիկանութիւնը կատարած է յատուկ գործողութիւն մը, որուն իբրեւ հետեւանք ձերբակալուած են քիւրտ քաղաքական գործիչներ: Ձերբակալուածներու շարքին կան նաեւ գործիչներ, քրտական «Ազատ կանանց շարժում» հասարակական կազմակերպութեան ղեկավարներ: Ձերբակալուած են նաեւ «Ժողովրդավարական շրջաններ» քրտական կուսակցութեան քանի մը անդամներ: Քրտական իրաւապահ մարմինները ձերբակալած են նաեւ քրտամէտ Ժողովուրդներու ժողովրդավարական կուսակցութեան ղեկավար Օղլեմ Կիւնտուազը:

Փաքիստանի Մէջ Ճամբորդատար Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Փաքիստանի Մէջ Ճամբորդատար Օդանաւ Մը Ջախջախուեցաւ

Երէկ Փաքիստանի մէջ «Փաքիստան» օդանաւային ընկերութեան պատկանող «Էրպաս Էյ.320» տիպի օդանաւ մը ջախջախուեցաւ: Օդանաւը թռիչք կը կատարէր Լահորէն դէպի Քարաչի: Վայրէջք կատարելէ մէկ վայրկեան առաջ անիկա ջախջախուեցաւ Քարաչիի օդակայանին մօտ` բնակելի վայրի մը մէջ: Օդանաւին վրայ կը գտնուէին 107 ճամբորդներ: Քարաչիի քաղաքապետը աւելի ուշ յայտարարեց, թէ օդանաւի ճամբորդներէն ոչ ոք փրկուած է:    

Թրամփ Կը Նախատեսէ, Որ 2020 Թուականը Ամերիկեան Տնտեսութեան Համար Ըլլայ «Անհաւանական Տարի»

Թրամփ Կը Նախատեսէ, Որ 2020 Թուականը Ամերիկեան Տնտեսութեան Համար Ըլլայ «Անհաւանական Տարի»

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` 2020 թուականը իր երկրին տնտեսութեան համար պիտի ըլլայ «անհաւանական տարի»` նկատի ունենալով համաճարակէն ետք տնտեսական վերականգնումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Եու.Էս.Նիւուզլէյթեսթ» կայքը: «Ես կը կարծեմ, որ երրորդ եռամսեակին  անցումային մեծ շրջան պիտի ունենանք: Կը կարծեմ` պիտի ունենանք շատ լաւ չորրորդ եռամսեակ եւ կը կարծեմ, որ անհաւանական տարի պիտի ըլլայ», ըսած է Թրամփ լրագրողներու հետ...

Վենեզուելա. «Իրանեան Քարիւղատար Նաւերը Մօտ Օրէն Պիտի Հասնին»

Վենեզուելա. «Իրանեան Քարիւղատար Նաւերը Մօտ Օրէն Պիտի Հասնին»

Վենեզուելայի պաշտպանութեան նախարար Վլատիմիր Պարտինօ Լոփեզ յայտարարեց, որ հում քարիւղով բեռնաւորուած իրանեան քարիւղատար նաւերը մօտ օրէն պիտի հասնին Վենեզուելա: Ան յայտնեց, որ վենեզուելական պատերազմական օդանաւեր երկրի ջուրերուն մէջ պիտի ընկերակցին իրանեան քարիւղատար նաւերուն, որոնց մէկէ աւելի անգամներ Ուաշինկթըն սպառնացած էր արգիլել Քարաքաս հասնիլ: «Իրանի պաշտպանութեան նախարարին հետ ուղղակի կապ հաստատեցինք, եւ երբ բոլոր քարիւղատար այդ նաւերը մուտք գործեն մեր բացարձակ...

Արաբական Լիկա. «Իսրայէլի Քաղաքականութիւնը Կը Քանդէ Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի  Երկու Պետութիւններու Սկզբունքով Լուծման Կարելիութիւնը»

Արաբական Լիկա. «Իսրայէլի Քաղաքականութիւնը Կը Քանդէ Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Երկու Պետութիւններու Սկզբունքով Լուծման Կարելիութիւնը»

Արաբական եռեակը` գլխաւորութեամբ Օմանի եւ անդամակցութեամբ Քաթարի, Քուէյթի, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի, Արաբական լիկայի եւ շրջանէն շարք մը երկիրներու, որոնց շարքին Յորդանանը, Եգիպտոսը եւ Լիբանանը, Նիւ Եորքի մէջ աւարտեցին ժողովներու շարք մը` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին (Էսթոնիա) եւ Ընդհանուր ժողովի նախագահին հետ` հիմնուելով Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողեր բռնակցելու շուրջ արաբական արտակարգ նախարարական ժողովի յանձնարարականներուն վրայ: Եռեակը նաեւ ժողովներ...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Ընդգծած Են Սուրիոյ Հարցով Նոր Վեհաժողովի Կարեւորութիւնը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Ընդգծած Են Սուրիոյ Հարցով Նոր Վեհաժողովի Կարեւորութիւնը

Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով եւ իր թուրք պաշտօնակից Մեւլութ Չաւուշօղլու ընդգծած են Սուրիոյ հարցով «Ասթանայի եռեակ»-ի` Թեհրանի մէջ նոր վեհաժողովի գումարումը: Այս մասին կը հաղորդէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան կայքը: «Հաստատուած են փոխադարձ համագործակցութեան հետագայ ամրապնդման մտադրութիւնները սուրիական ճգնաժամի համակարգային լուծման շահերու շրջանակին մէջ` միջազգային ընտանիքին աջակցութեամբ, որուն հիմը ՄԱԿ-ի Ապահովութեան խորհուրդի բանաձեւն է: Այս ծիրին մէջ հաստատուած...

Page 457 of 884 1 … 456 457 458 … 884

Արխիւներ