Միացեալ Նահանգներու ծերակուտական Էտուըրտ Մարքին եւ քոնկրեսական Ճիմի Փանեթան ներկայացուցած են օրինագիծ մը, որ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կ՛արգիլէ միջազգային համաձայնագիրներէն դուրս գալ` առանց Քոնկրեսի արտօնութեան: Այս մասին կը հաղորդէ, ռուսական ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
Անոնց ներկայացուցած օրինագիծի թղթածրարը կը նախատեսէ կանխարգիլումը անվտանգութիւնը խաթարող գործողութիւններու առանց Քոնկրեսի համաձայնութեան: Այսպիսով Միացեալ Նահանգներու նախագահը պիտի չկարողանայ իր որոշումով միջազգային համաձայնագիրներէն դուրս գալ:
Յիշեցնենք, որ հինգշաբթի օր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած էր, որ Ուաշինկթըն դուրս պիտի գայ «Բաց երկինքի մասին» պայմանագիրէն` Ռուսիան մեղադրելով զայն խախտելու մէջ: