Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Աշխարհը «Քորոնա» Ժահրի Համաճարակի Առաջին Ալիքի Երկրորդ Գագաթնակէտի Վտանգ Կը Դիմագրաւէ

May 27, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Առողջապահութեան Համաշխարհային
Կազմակերպութիւնը Կը Զգուշացնէ

Աշխարհ կը գտնուի «ՔՈՎԻՏ-19»-ի` «Քորոնա» ժահրի առաջին ալիքի մէջտեղը, կայ հիւանդութեան երկրորդ գագաթնակէտին հասնելու վտանգ, սակայն ոչ երկրորդ ալիքի: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին Ժընեւի մէջ տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած է Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան արտակարգ բուժման ծրագիրներու ղեկավար Մայքըլ Ռայըն:

«Իւրաքանչիւր երկրի մէջ վարակուած մարդոց իսկական թիւը տակաւին յարաբերականօրէն ցած է: Եւ երբ կը խօսինք հիւանդութեան երկրորդ ալիքի մասին դասական իմաստով, միշտ նկատի ունինք, որ առաջին ալիքը արդէն ինքնաբերաբար կը նուազի, այնուհետեւ ամիսներ ետք կը սկսի հիւանդութեան երկրորդ ալիքը», նշած է պաշտօնատարը:

Անոր համաձայն, ատիկա կրնայ իրական ըլլալ այսօր որոշ երկիրներու համար, սակայն համաշխարհային տարողութեամբ առաջին ալիքը տակաւին չէ աւարտած:

«Մենք պէտք է հասկնանք, որ հիւանդութիւնը կրնայ որեւէ պահու նոր թափ ստանալ: Այժմ չենք կրնար եզրակացնել, որ եթէ հիւանդութենէն վարակումներուն թիւը ներկայ պահուն նուազի, ապա մենք քանի մը ամիս պիտի ունենանք յաջորդ ալիքին պատրաստուելու համար: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք զայն ընդունելու», աւելցուցած է Ռայըն:

Մինչ այդ, Պրազիլը վերջին 24 ժամուան ընթացքին «Քորոնա» ժահրին պատճառով արձանագրուած մահուան թիւերով շրջանցեց Միացեալ Նահանգները: Պրազիլի մէջ մահուան 807 պարագայ արձանագրուեցաւ, իսկ Միացեալ Նահանգներու մէջ այդ թիւը 620 է: Պրազիլի մէջ վարակուածներուն թիւը 353.427 է:

Ուրուկուէյի նախագահ Լուիս Լաքալէ Փու Պրազիլի մէջ տիրող կացութեան լոյսին տակ յայտարարեց Պրազիլի սահմանակից, աւելի քան հարիւր հազար բնակչութիւն ունեցող Ռիվերա քաղաքին մէջ առողջապահական քայլերու ամրապնդումը: Դէպի քաղաք երթեւեկը պիտի առնուի խիստ հսկողութեան տակ:

Գերմանիոյ մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ «Քորոնա» ժահրով վարակման 432 եւ մահուան 45 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 179.002-ի, իսկ մահացածներունը` 3300-ի: Չինաստանի մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուեցաւ վարակման 7 պարագայ (այդ թիւը մէկ օր առաջ 11 էր): Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 82.992-ի: Մահացածներուն թիւը երկար ատենէ ի վեր կը շարունակէ մնալ 4634: Ռուսիոյ մէջ վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 353.427-ի, իսկ մահացածներունը` 3633-ի:

 

 

Նախորդը

Տօն Է Բազմաշխատ՝ Մահուան Գէորգին, Սասնոյ Հարազատ Մեծանուն Քաջին

Յաջորդը

Իրանեան Քարիւղատար Երկրորդ Նաւ Մը Հասաւ Վենեզուելա

RelatedPosts

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը  «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Հետ Զինադադարը «Ժամանակի Վատնում» Կը Նկատէ

October 28, 2026
Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան  Խորհրդարանական Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Տեղի Ունեցան Խորհրդարանական Ընտրութիւններ

October 28, 2026
Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ  Վրայ Յարձակումին`  Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ  Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց
Գլխաւոր լուրեր

Հակադարձելով Քարաքի Եկեղեցւոյ Վրայ Յարձակումին` Յորդանանեան Բանակը Հարաւային Սուրիոյ Մէջ Ծայրայեղական Խմբաւորումներու Դիրքեր Հարուածեց

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.