Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ըստ Առողջապահութեան Համաշխարհային Կազմակերպութեան Նախկին Ղեկավարին. Պատուաստանիւթի Ստեղծումէն Առաջ Իսկ «Քորոնա» Ժահրը Կրնայ Մարիլ Բնական Ճամբով. Կազմակերպութեան Ներկայ Ղեկավարը Համակարծիք Չէ

May 23, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Բրիտանացի ուռուցքաբան եւ Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան նախկին տնօրէն Քերըլ Սիքորա թուիթըրեան իր էջին վրայ գրառում մը կատարած է, ըստ որուն, պարտադիր չէ սպասել պատուաստանիւթի ի յայտ գալուն: «Կայ իրական կարելիութիւն, որ ժահրը պիտի մարի բնական ճամբով` մինչեւ մշակուի պատուաստանիւթ», կը գրէ «ՀայԹեք+»-ը:

Բացի ատկէ, ըստ բժիշկին ենթադրութեան, բնակչութեան դիմադրողականութիւնը աւելի ամուր է, քան կը թուի. ասիկա կարելիութիւն կու տայ դանդաղեցնելու «Քորոնա» ժահրի տարածումը:

«Մենք պէտք է շարունակենք աշխատանքը դանդաղեցնելու ժահրի տարածումը, սակայն ան կրնայ նաեւ ինքնաբերաբար սպառիլ», գրած է ան:

Բայց եւ այնպէս, Առողջապահութեան համաշխարհային կազմակերպութեան այժմու ղեկավար Թետրոս Կեպրէյէսուս համաձայն չէ այդքան լաւատեսական նախատեսութեան:

«Առաջին անգամ շիճուկաբանական հետազօտութիւնները կը նկարագրեն համոզիչ պատկեր` նոյնիսկ ամէնէն ախտահարուած շրջաններուն մէջ ազդանշանային հակամարմիններով բնակչութեան յարաբերակցութիւնը 20 առ հարիւրէն բարձր չէ, իսկ բնակավայրերու մեծ մասին մէջ` 10 առ հարիւրէն բարձր չէ: Այլ խօսքով` աշխարհի բնակչութեան մեծ մասը կը մնայ վարակման սպառնալիքի տակ: Վտանգը տակաւին բարձր է, իսկ մենք երկար ճամբայ ունինք կտրելիք», յայտարարած է ան:

Նախորդը

Թուրքիոյ Մէջ Ձերբակալուած Են Քիւրտ Հասարակական¬Քաղաքական Գործիչներ

Յաջորդը

«Միացեալ Նահանգներու Բաց Երկինքի Մասին» Պայմանագիրէն Դուրս Գալը Հարուած Է Համաշխարհային Կայունութեան», Կ՛ըսէ Զախարովա

RelatedPosts

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն  Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Միջանկեալ Ընտրութիւններէն Առաջ Իրանի Վրայ Յարձակում Պիտի Չգործենք»

October 10, 2026
Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր  Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»
Միջազգային

Սաար. «Քոլոմպիան Չորեքշաբթի Օր Երուսաղէմի Մէջ Իր Դեսպանատունը Պիտի Բանայ»

October 10, 2026
Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին.  Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ  Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ  Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»
Միջազգային

Փութինի Հետ Հանդիպումի Ընթացքին. Փեզեքշիան. «Եթէ Ամերիկա Շարունակէ Իր Գործելաոճը, Կարելի Պիտի Չըլլայ Մօտիկ Ապագային Պատերազմին Վերջ Տալ»

October 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.