Եւրոպական Միութեան Մէջ «Քորոնա»-ի Գլխաւոր Մասնագէտին Համաձայն. Ամբողջ Եւրոպայի Մէջ Համաճարակի Երկրորդ Ալիքի Հեռանկարը Այլեւս Հեռուն Ուրուագծուող Տեսութիւն Չէ
Հիւանդութիւններու կանխարգիլման եւ վերահսկման եւրոպական կեդրոնի տնօրէն Անտրէա Ամոնի համաձայն, ամբողջ Եւրոպայի մէջ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի երկրորդ ալիքի հեռանկարը այլեւս հեռուն ուրուագծուող տեսութիւն չէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Տը Կարտիըն»: «Հիմա հարցը այն է, թէ ե՛րբ եւ ի՛նչ ուժգնութեամբ պիտի ըլլայ: Իմ կարծիքովս` ասիկա հարց է», յայտնած է կեդրոնին տնօրէնը: Ամոն բրիտանական օրաթերթին հետ զրոյցի ընթացքին ըսած է. «Հիմնուելով ժահրի...



















