Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ցուցարարներ Մինիափոլիսի Մէջ Հրկիզած Են Ոստիկանութեան Շէնքը

May 30, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Միացեալ Նահանգներու Մինիսոթա նահանգի Մինիափոլիս քաղաքին մէջ ցուցարարներ հրկիզած են ոստիկանութեան շէնքը: «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ոստիկանութեան աշխատակիցները ուղղաթիռի միջոցով հեռացուած են շէնքի տանիքէն: Ոչ ոք վնասուած է:

Քաղաքին մէջ երրորդ օրն ըլլալով կը շարունակուին զանգուածային անկարգութիւնները, որոնք սկսած են ձերբակալուելէ ետք սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի մահէն ետք: Քաղաքի իշխանութիւնները հաստատած են արտակարգ դրութիւն:

Ցուցարարները սկիզբը շրջափակած են շէնքը: Երբ ոստիկանները փորձած են արցունքաբեր եւ ձայնային ռումբերով ցրուել ամբոխը, ցուցարարները ներխուժած են շէնք եւ զայն հրկիզած:

Մարդիկ փողոց դուրս եկած են հրապարակումէն ետք տեսանիւթի մը, որուն մէջ կ՛երեւի, թէ ոստիկանները ինչպէ՛ս կը վարուին ձերբակալուած Ճորճ Ֆլոյտի հետ: Ոստիկաններէն մէկը ծունկով սեղմած է գետին տապալած Ֆլոյտի կոկորդին, տեսանիւթին մէջ կը լսուի, թէ ինչպէ՛ս ան կ՛ըսէ, թէ չի կրնար շնչել, ապա կը կորսնցնէ իր գիտակցութիւնը:

Ֆլոյտը փոխադրած են հիւանդանոց, ուր ան մահացած է: Տեսանիւթի լայն տարածում գտնելէն ետք, քաղաքի ոստիկանութեան ղեկավարութիւնը որոշած է մեղսակից չորս ոստիկանները պաշտօնազրկել:

Նշենք, որ Օհայօ նահանգի մայրաքաղաք Քոլոմպոսի մէջ եւս նոյն հարցով բողոքի ցոյցի ընթացքին ցուցարարներ ներխուժեցին նահանգապետարանի շէնք:

Ցոյցեր տեղի կ՛ունենան նաեւ Սան Փոլի եւ ամերիկեան այլ քաղաքներու մէջ:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան թուիթըրեան գրառում մը կատարելով դատապարտեց սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի սպանութիւնը:

«Ցեղապաշտական եւ ֆաշական մօտեցումը, որ ամերիկեան Մինիափոլիս քաղաքին մէջ յանգեցուցած է Ճորճ Ֆլոյտի մահուան, ո՛չ միայն ընկճած է մեզ, այլ նաեւ դարձած է անարդար կեցուածքի ամէնէն ցաւալի դրսեւորումներէն մէկը: Ես կը դատապարտեմ այս անմարդկային մտածելակերպը` իբրեւ ներկայացուցիչ իսլամական քաղաքակրթութեան, որ մեզի կը սորվեցնէ սիրել մարդկութիւնը յանուն Արարիչի: Թուրքիան միշտ եւ բոլոր պայմաններուն մէջ դէմ արտայայտուած է որեւէ տեսակի անմարդկային գործողութեան», գրեց Էրտողան:

Ան յիշեցուց նաեւ Մոհամետի կեանքի տարբեր դրուագներուն մասին պատմող զրոյցներէն մէկը, որուն մէջ կ՛ըսուի. «Սպիտակները սեւերուն նկատմամբ առաւելութիւն չունին»:

«Այս սկզբունքէն մեկնելով` մենք պիտի շարունակենք պայքարիլ մարդկութեան իրաւունքներու պաշտպանութեան համար` անկախ ցեղէ, մաշկի գոյնէ, կրօնէ, լեզուէ կամ հաւատքէ», գրեց Էրտողան:

Նախորդը

Իտալիոյ Ֆութպոլի Ախոյեանութիւնը Պիտի Վերսկսի 20 Յունիսին

Յաջորդը

Չինաստան. «Պիտի Չընդունինք, Որ Միացեալ Նահանգներ ՄԱԿ-ը Իբրեւ Պատանդ Օգտագործեն»

RelatedPosts

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան  Ընտրութիւններուն Նախօրեակին.  Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ  Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու
Գլխաւոր լուրեր

Իսրայէլի Մէջ Այսօրուան Ընտրութիւններուն Նախօրեակին. Թրամփ Իսրայէլացիներուն Դարձեալ Կոչ Ուղղեց Նեթանիահուին Քուէարկելու

October 27, 2026
Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական  Պատուհանը Չփակեց»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի. «Իրան Դիւանագիտական Պատուհանը Չփակեց»

October 27, 2026
Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի  Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի  Գումարումը Կը Հաստատէ
Միջազգային

Զելենսքի Նոյեմբերին Քիեւի, Մոսկուայի Եւ Ուաշինկթընի Միջեւ Եռակողմ Ժողովի Գումարումը Կը Հաստատէ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.