Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կարծիքով` 2020 թուականը իր երկրին տնտեսութեան համար պիտի ըլլայ «անհաւանական տարի»` նկատի ունենալով համաճարակէն ետք տնտեսական վերականգնումը: Այս մասին կը հաղորդէ «Եու.Էս.Նիւուզլէյթեսթ» կայքը:
«Ես կը կարծեմ, որ երրորդ եռամսեակին անցումային մեծ շրջան պիտի ունենանք: Կը կարծեմ` պիտի ունենանք շատ լաւ չորրորդ եռամսեակ եւ կը կարծեմ, որ անհաւանական տարի պիտի ըլլայ», ըսած է Թրամփ լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին:
Միացեալ Նահանգներու նախագահի տնտեսական հարցերով խորհրդական Լարրի Քուտլոու իր կարգին յիշեցուցած է, որ Քոնկրեսի պիւտճէական գրասենեակի կանխատեսման համաձայն` երրորդ եռամսեակին մէջ տնտեսական աճը պիտի ըլլայ 21,5 առ հարիւր, ինչ որ պիտի ըլլայ երկրին պատմութեան մէջ մեծագոյն եռամսեակային աճը:
«Անոնք մեծ թիւեր են, եւ ատիկա հիանալի պիտի ըլլայ», նշած է Թրամփ: