Արժանթինեան Քորտովա մեծ նահանգի համանուն քաղաքին մէջ, հակառակ «Քորոնա» ժահրի համաճարակին, տեղի ունեցած է առողջապահական մարզի աշխատողներու եւ անոնց աջակցող քաղաքացիներու բողոքի զանգուածային ցոյց: Այս մասին կը հաղորդէ «Լա Վոզ» օրաթերթը:
Ցոյցի մասնակիցները բողոքած են առողջապահական ոլորտի աշխատողներու իրաւունքներու ոտնահարումին, ցած եւ ուշացող աշխատավարձերուն, ինչպէս նաեւ իրենց հասցէին անվերջ հնչող մեղադրանքներուն դէմ:
«Մենք հերոսներ կամ մարդասպաններ չենք, մենք բժիշկներ ենք: Բա՛ւ է դաժան վերաբերմունքի արժանանանք: Բա՛ւ է մեզ մեղադրել ու մեզի սպառնալ», այսպիսի կարգախօսներով փողոց դուրս եկած են մարդիկ:
Ցուցարարներուն մէկ մասը ցոյցին մասնակցած են ինքնաշարժներով, այդ պատճառով ալ քաղաքին մէջ հսկայական խճողումներ յառաջացած են:
Բողոքի ցոյցեր տեղի ունեցած են նաեւ Քորտովա նահանգի երեք այլ քաղաքներու` Ռիօ Քուարթոյի, Քարլոս Փասի եւ Ալթա Կրասիայի մէջ: