Միջազգային

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի.  Իսրայէլ Եւ Սէուտական Արաբիա Գաղտնի  Բանակցութիւններ Կը Վարեն Աքսայի Համալիրին Մէջ  Թրքական Ներկայութիւնը Սանձելու Համար

Ըստ «Իսրայէլ Հայոմ»-ի. Իսրայէլ Եւ Սէուտական Արաբիա Գաղտնի Բանակցութիւններ Կը Վարեն Աքսայի Համալիրին Մէջ Թրքական Ներկայութիւնը Սանձելու Համար

Իսրայէլեան «Իսրայէլ Հայոմ» («Իսրայէլը այսօր», «Ա.») օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Իսրայէլ եւ Սէուտական Արաբիա անցեալ դեկտեմբերէն ի վեր ամերիկեան միջնորդութեամբ կը բանակցին Երուսաղէմի մէջ Աքսայի համալիրի Իսլամական վաքըֆի խորհուրդին մէջ սէուտցի ներկայացուցիչներ ներառելու շուրջ: Սէուտցի բարձրաստիճան դիւանագէտ մը «Իսրայէլ Հայոմ»-ին յայտնած է, որ վաքըֆի ղեկավարման մէջ բացարձակ կարգավիճակ ունեցող Յորդանանը հազիւ քանի մը ամիս առաջ կտրուկ կերպով կը մերժէր վաքըֆի...

Թուրքիան Ռուսիայէն Շուրջ  Մէկ Միլիառ Տոլարի Զէնք Պատուիրած Է

Թուրքիան Ռուսիայէն Շուրջ Մէկ Միլիառ Տոլարի Զէնք Պատուիրած Է

Ռուսիոյ ռազմաթեքնիքական համագործակցութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Տմիթրի Շուկայեւ յայտնած է, թէ Թուրքիոյ հետ արտածման պաշտպանական պատուէրներու թղթածրարը կը գնահատուի մէկ միլիառ տոլարով: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: Մինչեւ հիմա Թուրքիոյ հետ արտածման գործարքներու արժէքը պաշտօնապէս չէր հրապարակուած: «Այսօր մենք կրնանք արձանագրել, որ Թուրքիոյ կողմէ ռուսական սպառազինութեան պատուէրի թղթածրարը կը գնահատուի շուրջ մէկ միլիառ տոլարով», յայտարարած է Շուկայեւ:...

Թուրքերը Գերմանիոյ Մէջ Քրիստոնեաներու  Գերեզմանատան Մէջ Խորոված Ըրած Են

Թուրքերը Գերմանիոյ Մէջ Քրիստոնեաներու Գերեզմանատան Մէջ Խորոված Ըրած Են

Թուրք ընտանիք մը Գերմանիոյ մէջ քրիստոնեաներու պատկանող գերեզմանատան մէջ խորոված ըրած է, որուն պատճառով ալ 119.000 եւրոյի տուգանքի ենթարկուած է: Այս մասին կը հաղորդէ «Երկիր»-ը: Տուգանքը 90 օրուան ընթացքին չվճարելու պարագային պետութիւնը պիտի գրաւէ անոնց բնակարանը:  

Ըստ Վրաստանի Պետական Անվտանգութեան Վարչութեան.  «Վրաստանի Մէջ Կայ Մարդոց Խումբ Մը,  Որ Քուեմօ Քարթլիի Եւ Քախեթիի Մէջ Ազգութեամբ  Վրացիներու Եւ Ազրպէյճանցիներու Միջեւ  Ազգային Թշնամանք Կը Սերմանէ»

Ըստ Վրաստանի Պետական Անվտանգութեան Վարչութեան. «Վրաստանի Մէջ Կայ Մարդոց Խումբ Մը, Որ Քուեմօ Քարթլիի Եւ Քախեթիի Մէջ Ազգութեամբ Վրացիներու Եւ Ազրպէյճանցիներու Միջեւ Ազգային Թշնամանք Կը Սերմանէ»

Վրաստանի պետական անվտանգութեան վարչութիւնը յայտարարած է, որ երկրին մէջ գոյութիւն ունի մարդոց խումբ մը, որ ազգութեամբ վրացիներու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ թշնամանք կը սերմանէ: Այս մասին կը հաղորդէ վրացական «Քվիրա» կայքը: «Համաձայն պետական անվտանգութեան վարչութեան ունեցած գործնական տեղեկատուութեան, Վրաստանի մէջ կայ խումբ մը, որ Քուեմօ Քարթլի եւ Քախեթի մարզերուն մէջ կը փորձէ թշնամանք սերմանել ազգութեամբ վրացիներու եւ ազրպէյճանցիներու միջեւ», նշուած է...

Երկրագունդին Կը Մօտենայ Ֆութպոլի  Դաշտի Չափ Ունեցող Երկնաքար Մը

Երկրագունդին Կը Մօտենայ Ֆութպոլի Դաշտի Չափ Ունեցող Երկնաքար Մը

Երկրագունդին կը մօտենայ կարողական վտանգաւոր` 163.348 թիւով երկնաքարը: Այս մասին կը յայտնեն ՆԱՍԱ-ի մասնագէտները: 250-570 մեթր տրամագիծ ունեցող երկնային մարմինը մեր մոլորակէն նուազագոյն հեռաւորութեան վրայ պիտի ըլլայ 6 յունիսի առաւօտեան: Անիկա երկրագունդին համար անմիջական վտանգ չի ներկայացներ, որովհետեւ պիտի անցնի մոլորակէն 13 անգամ աւելի մեծ հեռաւորութեան վրայ, քան Լուսինի ծիրը: Նոյն ատեն կը նկատուի կարողական վտանգ, որովհետեւ երկնային մարմինի յետագիծը...

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Իրանի Դեսպանը Կանչած Է Վար Առնուած Օդանաւի Սեւ Տուփերուն Շուրջ Որոշումին Պատճառով

Ուքրանիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը Իրանի Դեսպանը Կանչած Է Վար Առնուած Օդանաւի Սեւ Տուփերուն Շուրջ Որոշումին Պատճառով

Դիւանագիտական աղբիւր մը յայտնած է, որ Ուքրանիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը իր մօտ կանչած է Իրանի դեսպան Մանուչեխրա Մորատին` խօսելու համար Թեհրանի օդակայանին մօտ իրանեան հրթիռով վար առնուած «Փի.Էս.-752» թռիչքին շուրջ «հետաքննութեան վնաս հասցնելու Իրանի նոր փորձերուն» շուրջ: Ըստ ուքրանացի դիւանագէտներու պնդումներուն, Իրան ջանքեր կը գործադրէ խնդիրներ ստեղծելու համար պետութիւններու միջեւ, որոնց քաղաքացիները մահացած էին այդ արկածին պատճառով: Ուքրանիոյ արտաքին գործոց...

Մատուրօ Մօտ Օրէն Պիտի Այցելէ Իրան

Մատուրօ Մօտ Օրէն Պիտի Այցելէ Իրան

Վենեզուելայի նախագահ Նիքոլաս Մատուրօ կը յայտարարէ, թէ գործակցութեան պայմանագիրներ ստորագրելու եւ անձամբ իրանցի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնելու համար պիտի այցելէ Իրան: Մատուրօ յայտնեց, որ Իրան պիտի այցելէ ուժանիւթի եւ այլ մարզերու մէջ գործակցութեան համաձայնագիրներ կնքելու համար` շեշտելով. «Պարտաւորութիւնս է անձամբ երթալ իրանցի ժողովուրդին շնորհակալութիւն յայտնելու»:  

Թրամփ Ուաշինկթընի Մէջ Հազարաւոր Զինուորներու Տեղակայումը Կը Յայտարարէ. Պայտըն Զինք Կ՛ամբաստանէ Բանակը Ամերիկացիներուն Դէմ Օգտագործելու Յանցանքով

Թրամփ Ուաշինկթընի Մէջ Հազարաւոր Զինուորներու Տեղակայումը Կը Յայտարարէ. Պայտըն Զինք Կ՛ամբաստանէ Բանակը Ամերիկացիներուն Դէմ Օգտագործելու Յանցանքով

Սպիտակ տան բանբեր Քէյլի Մաքինի մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարեց, որ յաւելեալ «դաշնակցային ուժեր» պիտի տեղակայուին ամբողջ երկրի տարածքին` կատաղի բողոքի ցոյցերու ժամանակ իրաւապահ մարմիններուն աջակցելու համար: «Չեմ ուզեր յառաջ անցնիլ այն գործողութիւններէն, որոնց մասին պիտի յայտարարուի, սակայն կրնամ ըսել, թէ յաւելեալ դաշնակցային ուժեր պիտի տեղակայուին, ինչպէս նաեւ կեդրոնական հրամանատարական կեդրոն պիտի ստեղծուի տեղական կառավարութիւններուն հետ», ըսաւ բանբերը: Աւելի ուշ Միացեալ...

Լիպիական Հակամարտութեան Կողմերը Համաձայնած Են Վերսկսիլ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւններուն

Լիպիական Հակամարտութեան Կողմերը Համաձայնած Են Վերսկսիլ Զինադադարի Շուրջ Բանակցութիւններուն

Լիպիոյ մէջ ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը երէկ յայտարարած է, որ լիպիական հակամարտութեան կողմերը համաձայնած են վերսկսիլ զինուորական կոմիտէի բանակցութիւններուն: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը: «Լիպիոյ աջակցութեան հարցերով ՄԱԿ-ի առաքելութիւնը կ՛ողջունէ այն փաստը, որ Ազգային համաձայնութեան կառավարութիւնը եւ Լիպիոյ ազգային բանակը համաձայնած են վերսկսիլ զինադադարի վերաբերեալ բանակցութիւններուն` ըստ փետրուարի 23-ին ՄԱԿ-ի կողմէ զինուորական կոմիտէի (5+5) բանակցութիւններու ժամանակ ներկայացուած համաձայնութեան ծրագիրին»,...

Ժաաֆարի Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Պետութիւնները Կ՛ամբաստանէ` Սուրիոյ Մէջ Պատերազմական Ոճիրներ Գործելու Յանցանքով

Ժաաֆարի Միացեալ Նահանգներն Ու Եւրոպական Պետութիւնները Կ՛ամբաստանէ` Սուրիոյ Մէջ Պատերազմական Ոճիրներ Գործելու Յանցանքով

ՄԱԿ-ի մէջ Սուրիոյ դեսպան Պաշշար Ժաաֆարի ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին ու Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին յղեց բողոք-նամակ մը, որուն մէջ Միացեալ Նահանգներն ու եւրոպական երկիրները ամբաստանեց Սուրիոյ մէջ պատերազմական ոճիրներ գործելու յանցանքով: Ան յայտնեց, որ ամերիկեան, բրիտանական, ֆրանսական, թրքական եւ իսրայէլեան կառավարութիւնները ահաբեկչական զինեալներն ու ահաբեկչական կազմակերպութիւնները ֆինանսաւորելով ու զինելով գործակատարներու ճամբով պատերազմ մղելու հանգրուանէն անցած են զինուորական ուղղակի նախայարձակման ու բռնագրաւումի`...

«Քորոնա»-ի Պատճառով Խիստ Սահմանափակումներ Չկիրարկած Շուէտի Մէջ Գործազրկութեան Մակարդակը Բարձրացած Է

«Քորոնա»-ի Պատճառով Խիստ Սահմանափակումներ Չկիրարկած Շուէտի Մէջ Գործազրկութեան Մակարդակը Բարձրացած Է

Շուէտի մէջ գործազրկութեան մակարդակը ապրիլին 6,7 առ հարիւրէն հասած է 7,9 առ հարիւրի, հակառակ անոր որ իշխանութիւնները մերժած էին «Քորոնա» ժահրի դէմ պայքարի ծիրին մէջ խիստ սահմանափակումներ հաստատել: Այս մասին կը հաղորդէ «Պլումպըրկ»-ը: Փորձագէտներուն կարծիքով` Շուէտի մէջ գործազրկութեան մակարդակը կրնայ հասնիլ 17 առ հարիւրի, եթէ պարտադիր արձակուրդի ուղարկուած քաղաքացիները մօտիկ ապագային չվերադառնան իրենց աշխատանքին: Շուէտի իշխանութիւնները կը շարունակեն աշխատանքի համակարգի...

Ի Պատասխան Ս. Սոֆիայի Մէջ Ղուրանի Ընթերցման` Յունաստանի Մէջ Մզկիթի Վրայ Կախուած Է Յունական Դրօշ

Ի Պատասխան Ս. Սոֆիայի Մէջ Ղուրանի Ընթերցման` Յունաստանի Մէջ Մզկիթի Վրայ Կախուած Է Յունական Դրօշ

Անծանօթ անձեր Թուրքիա¬Յունաստան սահմանին վրայ գտնուող Տիմոթեքա քաղաքին մէջ գտնուող Չելեպի Մեհմեթ պատմական մզկիթի մինարեթէն կախած են յունական դրօշ, որ վերցուած է միայն այն ատեն, երբ քաղաքապետարանը զայն նկատած է: 579-ամեայ մզկիթը կը գտնուի թուրք¬յունական սահմանին վրայ` Էտիրնէ շրջանի Ուզունքէօփրու քաղաքին դիմաց, ինչ աւելի գրգռած է թուրքերը: Տիմեթոքի քաղաքապետ Ռամիլոս Հաճիանօղլու յայտարարած է, որ դէպքը տեղի ունեցած է շաբաթ կամ...

Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Պաշտօնին Ճոն Ռեթքլիֆի Թեկնածութեան

Ծերակոյտը Հաւանութիւն Տուած Է Ազգային Հետախուզութեան Տնօրէնի Պաշտօնին Ճոն Ռեթքլիֆի Թեկնածութեան

Ծերակոյտը հաւանութիւն տուած է թեկնածութեան Ազգային հետախուզութեան տնօրէնի պաշտօնին Հանրապետական կուսակցութենէն ներկայացուցիչներու տան անդամ Ճոն Ռեթքլիֆի, որ առաջադրուած էր Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի կողմէ: Այս մասին կը հաղորդէ «Ամերիկայի ձայն»-ը: Ծերակուտականներու որոշումը կը նկատուի իբրեւ յաղթանակը Թրամփի, որ արդէն երկրորդ անգամ վարչական բարձր պաշտօնի կ՛առաջադրէ Ռեթքլիֆը, որ ունի պահպանողական հայեացքներ: Ծերակուտականները անոր թեկնածութեան թեր քուէարկած են 49 ձայնով: Դէմ...

Իսրայէլեան Օդանաւային Ընկերութիւնը 10 Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Թռիչք Կատարած Է Դէպի Թուրքիա

Իսրայէլեան Օդանաւային Ընկերութիւնը 10 Տարուան Ընթացքին Առաջին Անգամ Ըլլալով Թռիչք Կատարած Է Դէպի Թուրքիա

Իսրայէլեան «Էլ Ալ» օդանաւային ընկերութեան պատկանող օդանաւը 10 տարուան ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով թռիչք կատարած է դէպի Թուրքիա: Բեռնատար օդանաւը 24 մայիսին էջք կատարած է Պոլսոյ մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ռուսական «Մք-Թըրքի» կայքը: Անգարայի մէջ Իսրայէլի դեսպանատունէն յայտնած են, որ օդանաւային ընկերութիւնը սկսած է երկու երկիրներուն միջեւ թռիչքներ կատարել, ինչ որ  Թուրքիոյ եւ Իսրայէլի միջեւ առեւտուրի մրցանշային նոր ցուցանիշներու...

Ցոյցեր Ամերիկեան 75 Քաղաքներու Մէջ.  Սպիտակ Տան Առջեւ Բախումներ` Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ

Ցոյցեր Ամերիկեան 75 Քաղաքներու Մէջ. Սպիտակ Տան Առջեւ Բախումներ` Ցուցարարներու Եւ Ոստիկանութեան Միջեւ

Սպիտակ տան առջեւ ամերիկեան ոստիկանութեան եւ ցուցարարներուն միջեւ բախումներ տեղի ունեցած են, երբ վերջիններս Սպիտակ տան մօտ կրակ վառած են: Ցուցարարները հրկիզած են ամերիկեան դրօշը: Ըստ «Նիւ Եորք Թայմզ» օրաթերթին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ որոշ ժամանակ գետնի տակ գտնուող թաքստոց փոխադրուած է, երբ ցուցարարները մօտեցած են Սպիտակ տան: Սեւամորթ Ճորճ Ֆլոյտի` ոստիկանի մը կողմէ սպանութեան դէմ բողոքի ցոյցերը ներառեցին...

Յունաստան Դատապարտած Է Ս. Սոֆիայի Մէջ Քորանի Ընթերցումը

Յունաստան Դատապարտած Է Ս. Սոֆիայի Մէջ Քորանի Ընթերցումը

Յունաստանի արտաքին գործոց նախարարութիւնը դատաարտած է Պոլսոյ Ս. Սոֆիա տաճարին մէջ Քորանի ընթերցումն ու նամազը: «Այդպիսի քայլերը կը վիրաւորեն միջազգային ընտանիքը. Թուրքիան պէտք է յարգէ համաշխարհային մշակոյթի ու բնական ժառանգութեան պահպանութեան ուխտը եւ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ն, որուն անդամ կը նկատուի ան», նշուած է յայտարարութեան մէջ: Յայտարարութեան մէջ նշուած է նաեւ, որ աղօթքի ընթերցումը կը խախտէ 1935 թուականին թանգարանի վերածուած տաճարի կարգավիճակը: Ի...

«Մենք Փաշինեաններ Եւ Զելենսքիներ Չունինք, Պիելոռուսիոյ Մէջ Մայտան Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

«Մենք Փաշինեաններ Եւ Զելենսքիներ Չունինք, Պիելոռուսիոյ Մէջ Մայտան Պիտի Չըլլայ» Կ՛ըսէ Լուքաշենքօ

Պիելոռուսիոյ նախագահ Ալեքսանտր Լուքաշենքօ երէկ երկրի պետական անվտանգութեան կոմիտէի նախագահ Վալերի Վաքուլչիքի հետ հանդիպումի ժամանակ յայտարարած է, որ Պիելոռուսիոյ մէջ մայտաններ պիտի չըլլան: Այս մասին կը հաղորդէ պիելոռուսական «Պելթա» կայքը: «Պետական անվտանգութիւնը հիմքերու հիմքն է: Եւ Պետական անվտանգութեան կոմիտէին այդ ոլորտի մէջ նախագահին հետ միասին յառաջատար դեր վերապահուած է` պաշտպանելու մեր պետութեան անկախութիւնն ու գերիշխանութիւնը: Մենք ամբողջովին տեղեակ ենք այն...

Նորվեկիան Յայտարարած Է, Թէ Երկրին Մէջ Առողջապահական Մեկուսացումի Դրութիւն Հաստատելը Անիմաստ Էր

Նորվեկիան Յայտարարած Է, Թէ Երկրին Մէջ Առողջապահական Մեկուսացումի Դրութիւն Հաստատելը Անիմաստ Էր

Նորվեկիոյ իշխանութիւնները յայտարարած են, որ իրենց երկրին մէջ մեկուսացում յայտարարելը անիմաստ էր: Այս մասին կը հաղորդէ «Լենթա»-ն` նշելով, որ իշխանութիւնները այդպիսի եզրակացութեան յանգած են` ուսումնասիրելէ ետք «Քորոնա» ժահրով վարակուածներու համաճարակաբանական կապերը: Ի յայտ եկած է, թէ մարտի կէսերուն, երբ Նորվեկիոյ մէջ մտցուցած են մեկուսացումի սահմանափակումներ, երկիրին մէջ վարակման դէպքերու գագաթնակէտն էր, իսկ հետագային վարակման դէպքերը ինքնաբերաբար նուազած են: Նորվեկիոյ մէջ...

Թրամփ Ուաշինկթընի Մէջ «Եօթներու Խմբակ»-ի Ժողովին Պիտի Հրաւիրէ Նաեւ Ռուսիան

Թրամփ Ուաշինկթընի Մէջ «Եօթներու Խմբակ»-ի Ժողովին Պիտի Հրաւիրէ Նաեւ Ռուսիան

Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնած է, որ մտադիր է մինչեւ սեպտեմբեր յետաձգել «Եօթներու խմբակ»-ի վեհաժողովը եւ ատոր հրաւիրել չորս երկիրներ, ներառեալ` Ռուսիան: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Սպիտակ տան մամլոյ ծառայութեան: «Նախագահը «Եօթներու խմբակ»-ին մասին հաղորդած է որոշ տեղեկութիւններ, զորս մեզի արտօնած է օգտագործել: Ան վեհաժողովի գումարումը կը յետաձգէ մինչեւ սեպտեմբեր եւ կը ծրագրէ...

Իրանեան Հինգերորդ Եւ Վերջին Քարիւղատար  Նաւը Մուտք Գործեց Վենեզուելական Ջուրեր

Իրանեան Հինգերորդ Եւ Վերջին Քարիւղատար Նաւը Մուտք Գործեց Վենեզուելական Ջուրեր

Իրանեան հինգերորդ եւ վերջին քարիւղատար նաւը, աւելի քան երեք շաբաթ նաւարկելէ ետք, երէկ մուտք գործեց Վենեզուելայի ջուրեր: «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ վենեզուելական քարիւղի պետական ընկերութիւնը արդէն սկսած է նոր քարիւղը մատակարարել երկրի շուրջ 1540 կայարաններուն: Քարիւղի արտադրութեան նահանջին պատճառով Վենեզուելան 1 յունիսէն պիտի սկսի բարձրացնել վառելանիւթերու գիները, որոնք մինչեւ հիմա քարիւղ արտադրող երկրին մէջ գրեթէ ձրի էին: «200 կայարաններ...

Page 456 of 884 1 … 455 456 457 … 884

Արխիւներ