Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբական Լիկա. «Իսրայէլի Քաղաքականութիւնը Կը Քանդէ Պաղեստինեւիսրայէլեան Տագնապի Երկու Պետութիւններու Սկզբունքով Լուծման Կարելիութիւնը»

Մայիս 22, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արաբական եռեակը` գլխաւորութեամբ Օմանի եւ անդամակցութեամբ Քաթարի, Քուէյթի, ինչպէս նաեւ Պաղեստինի, Արաբական լիկայի եւ շրջանէն շարք մը երկիրներու, որոնց շարքին Յորդանանը, Եգիպտոսը եւ Լիբանանը, Նիւ Եորքի մէջ աւարտեցին ժողովներու շարք մը` ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին, Ապահովութեան խորհուրդի նախագահին (Էսթոնիա) եւ Ընդհանուր ժողովի նախագահին հետ` հիմնուելով Իսրայէլի կողմէ պաղեստինեան բռնագրաւեալ հողեր բռնակցելու շուրջ արաբական արտակարգ նախարարական ժողովի յանձնարարականներուն վրայ:

Եռեակը նաեւ ժողովներ գումարեց ՄԱԿ-ի մէջ Եւրոպական Միութեան եւ Ռուսիոյ ներկայացուցիչներուն հետ` շեշտելով, որ  բռնագրաւեալ Պաղեստինի մէջ  Այսրյորդանանէն եւ Յորդանան գետի հովիտին մէջ լայն տարածքներ բռնակցելու Իսրայէլի քաղաքականութիւնը անօրինական է եւ միջազգային օրէնքի եւ Ապահովութեան խորհուրդի որոշումներու բացայայտ խախտում մը` զգուշացնելով, որ իսրայէլեան այդ քայլերը կը քանդեն 1967-ի սահմաններուն հիմամբ «երկու պետութիւններ»-ու լուծումի կարելիութիւնը եւ չդադրելու պարագային պիտի յանգեցնեն յաւելեալ տագնապի, տառապանքի եւ ամբողջ շրջանին մէջ անվտանգութեան ու խաղաղութեան առիթներու քանդման:

Արաբական պատուիրակութիւնը բոլոր միջազգային գործընկերներուն, ներառեալ միջազգային քառեակին ու Ապահովութեան խորհուրդին կոչ ուղղեց ամէն ջանք թափելու` վերջ տալու համար այդ քաղաքականութեան եւ ապօրինի ծրագիրներուն:

Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Պաղեստինեան իշխանութեան նախագահ Մահմուտ Ապպասի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «Էն Սոն Հապեր»-ը:

Նախագահները հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկած են թուրք-պաղեստինեան յարաբերութիւններն ու շրջանային խնդիրները:

Էրտողան Ապպասին վստահեցուցած է, որ Թուրքիան պիտի շարունակէ բոլոր ոլորտներուն մէջ իր անվերապահ աջակցութիւնը յայտնել Պաղեստինին:

Սէուտական Արաբիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը երէկ յայտարարեց. «Կը մերժենք Այսրյորդանանէն բաժիններ կցելու իսրայէլեան ծրագիրները»:

Նախորդը

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Ընդգծած Են Սուրիոյ Հարցով Նոր Վեհաժողովի Կարեւորութիւնը

Յաջորդը

Վենեզուելա. «Իրանեան Քարիւղատար Նաւերը Մօտ Օրէն Պիտի Հասնին»

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Մօտիկ Ապագային Թրամփի Եւ Փութինի Միջեւ Վեհաժողովի Ծրագիրներ Չկան»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Դաշնակիցներուն Եւ Իսրայէլի Փոխանցեցի, Թէ Տակաւին Համասի Դէմ Զինուորական Միջամտութիւն Կատարելու Ժամանակը Չեկաւ»

Հոկտեմբեր 22, 2025
Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ
Միջազգային

Սարքոզի Մուտք Գործեց Բանտ

Հոկտեմբեր 22, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?