Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտնեց, որ եթէ հարկ ըլլայ երբեմն «Քորոնա» ժահրէն պաշտպանուելու համար դիմակ կը կրէ, սակայն աւելցուց, որ չ՛ուզեր այդ մէկը լրագրողներուն առջեւ կատարել:
Ան Միչիկըն նահանգին Իփսիլանթի քաղաքին մէջ «Ֆորտ» ընկերութեան գործարան այցելութեան ընթացքին, պատասխանելով լրագրողներէն մէկուն հարցումին, թէ` ի տարբերութիւն իր կողքին կանգնած գործարանի պատասխանատուներուն, Թրամփ ինչու դիմակ չէր կրեր` նախագահը հեգնանքով ըսաւ.«Հատ մը դրի, սակայն չեմ ուզեր զայն տեսնելու հաճոյքը տալ լրագրողներուն»:
Թրամփ անմիջապէս դիմակ մը ներկայացուց լրագրողներուն, սակայն առանց կրելու եւ ըսաւ. «Զայն շատ կը սիրեմ: Անկեղծօրէն կը կարծեմ, թէ դիմակով աւելի լաւ տեսք ունիմ»:
Սպիտակ տան ղեկավարը նաեւ յայտարարեց, որ երկիրը անգամ մը եւս պիտի չփակէ, եթէ «Քորոնա» ժահրի համաճարակի երկրորդ ալիք մը զայն հարուածէ:
«Կրակ թէ բոց ըլլայ` մենք զայն պիտի մարենք, սակայն մեր երկիրը պիտի չփակենք», յայտարարեց Միացեալ Նահանգներու նախագահը:
Նշենք, որ Միացեալ Նահանգներու մէջ վերջին 24 ժամուան ընթացքին արձանագրուած է վարակման 25.582 եւ մահուան 1255 պարագայ: Վարակուածներուն թիւը բարձրացաւ 1.576.542-ի, իսկ մահացածներունը` 27-ի: