Միջազգային

Պահջելի Կը Սպառնայ «Ճզմել» Հայաստանը

Պահջելի Կը Սպառնայ «Ճզմել» Հայաստանը

Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան հետ համախմբական կառավարութեան մէջ գտնուող «Գորշ Գայլեր» ահաբեկչական խմբաւորման քաղաքական թեւ Ազգայնական շարժում կուսակցութեան ղեկավար Տեւլեթ Պահչելի սպառնացած է Հայաստանին, որ «կա՛մ ետ պիտի քաշուին, կա՛մ պիտի ճզմուին»: Պահչելի յայտարարած է, որ 27 սեպտեմբերին, «Հայաստան յարձակած է ո՛չ միայն Ազրպէյճանի, այլ նաեւ Թուրքիոյ վրայ»: «Եթէ անհրաժեշտութիւն ըլլայ, միեւնոյն դրօշի տակ խրամատ կը մտնենք», նշած...

Իրանցի Երեսփոխաններ  Այցելած Են Արցախ – Իրան Սահման

Իրանցի Երեսփոխաններ Այցելած Են Արցախ – Իրան Սահման

Իրանի խորհրդարանէն խումբ մը երեսփոխաններ կիրակի օր այցելած են Լեռնային Ղարաբաղի սահման: Այս մասին կը հաղորդէ իրանեան «Մեհր» լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով Իսլամական հանրապետութեան խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան յանձնախումբի բանբեր Ապոլֆազլ Ամուէյիի յայտարարութեան: «Այսօր առաւօտեան Ազգային անվտանգութեան եւ արտաքին քաղաքականութեան խորհրդարանական յանձնախումբի շարք մը անդամներ մեկնած են Լեռնային Ղարաբաղին յարող սահմանամերձ շրջան: Այցելութեան նպատակն էր այցելել սահման եւ...

«Ռուսիան Կապի Մէջ Է Թուրքիոյ Հետ` Ղարաբաղի Մէջ Տիրող Իրավիճակին Հարցով»  Կ՛ըսէ Փեսքով

Փեսքով. «Փութին Տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Էրտողանի Եւ Ալիեւի Հետ Բանակցելու Յստակ Ծրագիրներ Չունի»

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի նիւթով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ բանակցութիւններ վարելու յստակ ծրագիրներ չունի: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Փեսքով աւելցուց, որ շրջանին մէջ պատերազմը ընթացքի մէջ է, եւ իրադարձութիւնները արագ կը զարգանան, ատոր համար ալ դժուար է կանխատեսումներ կատարել: «Եթէ ատոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ, ոչ մէկ կասկած կայ,...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարութիւնը  Կը Հաստատէ Լիբանանի Կառավարութեան Կողմէ  Բարեկարգումները Գործադրելու Անհրաժեշտութիւնը

Լը Տրիան. «Ֆրանսան Կը Լարէ Ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Դրութեան Հասնելու Եւ Բանակցութիւններու Վերսկսման Համար»

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան` ամփոփելով Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի իր գործընկերներուն հետ ունեցած հեռաձայնային հաղորդակցութիւնները, յայտարարած է, որ Ֆրանսան պատրաստ է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան հաստատման: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ֆրանսան կը լարէ ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան հասնելու եւ բանակցութիւններու վերսկսման համար», «Թուիթըր»-ի վրայ գրած է նախարարը` աւելցնելով, որ...

Նշելով, Որ Իրան Իր Սահմաններուն Վրայ  Բախումները Պիտի Չհանդուրժէ.  «Իրան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի  Լուծման Մանրամասն Ծրագիր Մշակած Է»  Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Նշելով, Որ Իրան Իր Սահմաններուն Վրայ Բախումները Պիտի Չհանդուրժէ. «Իրան Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Մանրամասն Ծրագիր Մշակած Է» Կ՛ըսէ Խաթիպզատէ

Թեհրան յայտարարեց, որ պատրաստած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման համար մանրամասն ծրագիր մը, եւ պատրաստ է զայն քննարկելու երկու կողմերուն հետ: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ Ազրպէյճանին եւ Հայաստանին կոչ ուղղեց զինուորական գործողութիւնները դադրեցնելու եւ քաղաքայինները թիրախաւորելէ ետ կանգնելու: «Իրան մօտէն կը հետեւի իր արեւմտեան սահմանին վրայ դէպքերու զարգացումներուն», ըսաւ ան` աւելցնելով. «Թեհրան կապի մէջ է...

ՕԹԱՆ. «Թուրքիա Եւ Յունաստան Թեքնիք Բանակցութիւններուն Մէջ Լաւ Յառաջդիմութիւն Արձանագրեցին»

Կրակոցը Դադրեցնելով Բանակցութեան Սեղանի Շուրջ Նստելու Կոչ Ուղղելով` «Այս Տագնապը Կը Պարունակէ Բազմաթիւ Վտանգներ, Ներառեալ Ուժանիւթային» Կ՛ըսէ ՕԹԱՆ- Ընդհանուր Քարտուղարը

ՕԹԱՆ մտահոգ է ղարաբաղեան տագնապի գօտիին մէջ խաղաղ բնակչութեան շրջանակին մէջ զոհերով, կոչ կ՛ուղղէ դադրեցնելու կրակոցը եւ բանակցելու: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ յայտարարած է ՕԹԱՆ-ի ընդհանուր քարտուղար Ենս Սթոլթենպերկ: «Ղարաբաղի մէջ իրավիճակը մեզ շատ կը մտահոգէ: Մենք կը տեսնենք, որ խաղաղ բնակիչներ կը զոհուին: Այս տագնապը վտանգ կը պարունակէ բոլոր ուղղութիւններով, ներառեալ ուժանիւթային: Ասիկա շատ վտանգաւոր...

Ռուսիան, Ֆրանսան Եւ Միացեալ Նահանգները  Ամէնէն Վճռական Ձեւով Կը Դատապարտեն  Բռնութեան Սրացումը

Ռուսիան, Ֆրանսան Եւ Միացեալ Նահանգները Ամէնէն Վճռական Ձեւով Կը Դատապարտեն Բռնութեան Սրացումը

Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները ամէնէն վճռական ձեւով կը դատապարտեն բռնութեան սրացումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարածքին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի միացեալ յայտարարութեան մէջ: «Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով,...

Քանատա Կասեցուց Թուրքիոյ Զէնքի  Մատակարարումը

Քանատա Կասեցուց Թուրքիոյ Զէնքի Մատակարարումը

Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն յայտարարեց, որ Քանատա պիտի կասեցնէ Թուրքիոյ` զէնքի մատակարարումը: Ան այս մասին գրեց «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ: «Արտածման վերահսկողութեան խիստ դրութեան եւ շարունակուող հետաքննութեան համաձայն, ես կը կասեցնեմ դէպի Թուրքիա զէնքի արտածման համապատասխան արտօնութիւնները», գրեց նախարարը: Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն աւելցուց, որ Քանատա կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու բռնութեան կանխարգիլման եւ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ: Յիշեցնենք, որ...

Եւրոպական Միութեան Դիւանագիտութեան  Ղեկավարը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու  Զինուորական Գործողութիւնները

Եւրոպական Միութեան Դիւանագիտութեան Ղեկավարը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները

Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատար Ժոզեփ Պորել յայտնած է, որ շաբաթավերջին հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Ան կոչ ուղղած է անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները: «Զրուցած եմ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն հետ: Քաղաքային բնակչութեան շարքերուն մէջ զոհերու աճը անթոյլատրելի է: Զինուորական գործողութիւնները պէտք է անյապաղ դադրեցուին: Պէտք է կարելի եղածին...

«Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Պէտք Է Վերադառնան  Բանակցութիւններու Սեղան Առանց Նախապայմաններու» Կ՛ըսէ Ռումանիոյ Նախագահը

«Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Պէտք Է Վերադառնան Բանակցութիւններու Սեղան Առանց Նախապայմաններու» Կ՛ըսէ Ռումանիոյ Նախագահը

Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհաննիս 1-էն 2 հոկտեմբեր Պրիւքսելի մէջ մասնակցած է Եւրոպական Խորհուրդի արտակարգ նիստին, որու ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող կացութեան: «Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, Եւրոպական խորհուրդը կոչ ուղղեց` անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, վերահաստատելու կողմերու հաւատարմութիւնը տեւական զինադադարին եւ տագնապի խաղաղ լուծման, ինչին կարելի չէ հասնիլ զինուորական ճամբով կամ արտաքին միջամտութեամբ: «Եւրոպացի...

Զուրապիշվիլի. «Վրաստանը Կարելիութեան Պարագային  Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպումը  Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափով»

Զուրապիշվիլի. «Վրաստանը Կարելիութեան Պարագային Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպումը Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափով»

Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի մտադիր է հեռաձայնային հաղորդակցութիւններ ունենալ Հայաստանի վարչապետին եւ Ազրպէյճանի նախագահին հետ: Այս մասին կը հաղորդէ «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն: Վրաստանի նախագահը պատրաստակամութիւն յայտնած է կարելիութեան պարագային ընդունելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահներու հովանիին տակ ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հարցով հանդիպում: «Ժամանակն է զրոյցներ ունենալ երկու երկիրներու ղեկավարներուն հետ, ատոնք նախատեսուած են այս շաբաթ: Անհրաժեշտ է, որ Վրաստանը հաւատարիմ մնայ դրացի...

Թիֆլիս Կը Հերքէ Վրաստանի Տարածքով Ազրպէյճան Սպառազինութիւն Տեղափոխելու Մասին Լուրը

Թիֆլիս Կը Հերքէ Վրաստանի Տարածքով Ազրպէյճան Սպառազինութիւն Տեղափոխելու Մասին Լուրը

Վրաստանի տարածքով Ազրպէյճան ուղարկուող սպառազինութեան մասին լուրերը ապատեղեկատուութիւն են եւ կեղծ: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին երէկ յայտարարած է Վրաստանի արտաքին գործոց փոխնախարար Լաշա Տարսալիա: Կը նշուի, որ խօսքը համացանցի վրայ տարածուող տեսանիւթի մը մասին է, որուն մէջ սպառազինութիւն պատկերուած է, եւ տղամարդ մը կ՛ըսէ, թէ այդ սպառազինութիւնը կը գտնուի Պորժոմի  քաղաքին եւ գնացքով կ՛ուղարկուի Ազրպէյճան: «Վերջերս տեղեկութիւն տարածուած...

«Մոսկուա Տակաւին Չի Հասկնար, Թէ Ամերիկեան  Ուժերը Սուրիայէն Ե՞րբ, Ինչպէ՞ս  Եւ Դէպի Ո՞ւր Պիտի Հեռանան»  Կ՛ըսէ Փեսքով

«Ռուսիան Իր Խաղաղապահները Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Կրնայ Տեղակայել Միայն Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Համաձայնութեամբ» Կ՛ըսէ Փեսքով

Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր խաղաղապահները կրնայ տեղակայել միայն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութեամբ: «Առ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով: «Խաղաղապահները կրնան տեղակայուիլ միայն երկու կողմերուն համաձայնութեամբ», ըսած է Փեսքով: Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ պիտի ուզէ՞ արդեօք ռուս խաղաղապահներ տեսնել Ղարաբաղի մէջ, յայտնած էր, որ այդպիսի...

Մերքել Կը Զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Թրամփի, Փութինի Եւ Մաքրոնի Միացեալ Յայտարարութեան

Մերքել Կը Զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Թրամփի, Փութինի Եւ Մաքրոնի Միացեալ Յայտարարութեան

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս հաղորդակցութեան  ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լարուածութեան մագլցումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Ուլրիքէ Տեմըր: «Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող բախումներուն եւ զոհերու թիւի աճին նկատմամբ: Ան ընդգծած է, որ բոլոր կողմերը պէտք է...

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահներու Տեղակայման Հարցը Պէտք Է Քննարկել Մինսքի Խմբակի Կազմին Եւ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահներու Տեղակայման Հարցը Պէտք Է Քննարկել Մինսքի Խմբակի Կազմին Եւ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ խաղաղապահներու տեղակայման հարցն ու այնտեղ անոնց ներկայութեան ձեւաչափը պէտք է քննարկել Մինսքի խմբակի կազմին մէջ, կարելի է նաեւ ընդհանուր առմամբ Եւրոպայի մէջ անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան (ԵԱՀԿ) ծիրին մէջ: «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ այս կարծիքը յայտնած է Ռուսիոյ դաշնակցային խորհուրդի միջազգային հարցերու յանձնախումբի նախագահ Քոնսթանթին Քոսաչեւ` նշելով, որ այդպիսի գործողութիւններու համար անհրաժեշտ է տագնապի...

173 Ֆրանասացի Քաղաքական Գործիչներ Դիմած Են Ֆրանսային Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Հայաստանին Աջակցելու Խնդրանքով

173 Ֆրանասացի Քաղաքական Գործիչներ Դիմած Են Ֆրանսային Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Հայաստանին Աջակցելու Խնդրանքով

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համագործակցութեամբ Անն Հիտալկոն, Վալերի Փեքրեսը, Լորան Վոքիէն, Միշել Ռուպերոլան եւ 173 քաղաքական գործիչներ ստորագրութիւններ ուղարկած են, որպէսզի Ֆրանսան վերատեսութեան ենթարկէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «տագնապին մէջ իր ռազմավարութիւնը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Լը Ժուռնալ տիւ Տիմանշ»-ի խմբագրութիւնը: «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտող Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին Էմանուէլ Մաքրոնը իր միջնորդութիւնը առաջարկած է` բանակցութիւններու հոլովոյթին վերսկսելու նպատակով: «Ֆրանսայի...

«Ռուսիոյ Կողմէ Մեր Հողերուն Ճամբով Հայաստան Զէնք Փոխադրելու Պնդումները Սուտ Են»   Կ՛ըսէ Թեհրան

Թեհրան Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Նախազգուշացուցած Է Մարտերու Ընթացքին Իր Տարածքը Յարձակումի Ենթարկելու Աթոյլատրելիութեան Մասին

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպզատէ յայտարարած է, որ Թեհրան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտող երկիրներու կողմէ իր տարածքին վրայ որեւէ յարձակում կը նկատէ անթոյլատրելի: Համապատասխան յայտարարութիւնը հրապարակուած է Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան կայքին վրայ: «Կը յայտարարենք, որ հակամարտող երկիրներու կողմէ մեր տարածքին վրայ կատարուած որեւէ յարձակում անընդունելի է, եւ լրջօրէն կը զգուշացնենք, որ կողմերը անհրաժեշտ զգուշաւորութիւն ցուցաբերեն այս առնչութեամբ»,...

«Թուրքիան Դարձեալ Անցած Է Կարմիր Գիծը» Կ՛ըսէ Վուրտեվինտ

«Թուրքիան Դարձեալ Անցած Է Կարմիր Գիծը» Կ՛ըսէ Վուրտեվինտ

Նետերլանտներու «Քրիստոնէական Միութիւն» Համախմբական Կուսակցութիւնը Կը Դատապարտէ Թուրքիոյ Աջակցութիւնը Ազրպէյճանին Թուրքիան դարձեալ անցած է կարմիր գիծը, Նետերլանտներն ու Եւրոպական Միութիւնը յստակ չեն արտայայտեր իրենց մարդասիրական տեսակէտը, սակայն բաւ է, ժամանակն է սթափելու եւ յստակ գնահատական տալու: Այս մասին նշուած է Նետերլանտներու «Քրիստոնէական միութիւն» համախմբական կուսակցութեան ներկայացուցիչ Ճոել Վուրտեվինտի` Արցախի դէմ Ազրպէյճանի շղթայազերծած զինուորական յարձակումին վերաբերեալ տարածած հաղորդագրութեան մէջ: «Նախապէս Թուրքիան...

Փոմփէօ. «Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին  Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն Ետքայլ Կատարելու  Ու Դադրեցնելու Կրակոցը, Իսկ Երրորդ Կողմերու  Այս Բոլորին Մէջ Ներգրաւումը Միայն Պիտի Խորացնէ Խնդիրը»

Փոմփէօ. «Միացեալ Նահանգներ Հայաստանին Ու Ազրպէյճանին Կոչ Կ՛ուղղեն Ետքայլ Կատարելու Ու Դադրեցնելու Կրակոցը, Իսկ Երրորդ Կողմերու Այս Բոլորին Մէջ Ներգրաւումը Միայն Պիտի Խորացնէ Խնդիրը»

Ամերիկեան կողմը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ կապ հաստատելու ընթացքին անոնց կոչ ուղղած է դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ` «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին: «Մենք կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու կրակոցը: Կ՛ուզենք, որ երկու կողմերն ալ ետքայլ կատարեն: Մենք երկու երկիրներու ղեկավարութեանց հետ ալ զրուցած ենք եւ անոնցմէ խնդրած...

Էրտողան. «Պայքարը Պիտի Շարունակուի  Մինչեւ Ղարաբաղի Ազատագրումը»

Էրտողան. «Պայքարը Պիտի Շարունակուի Մինչեւ Ղարաբաղի Ազատագրումը»

Հնդկական «Ռիփապլիք Ուըրլտ» կայքը կը գրէ. «Երկիրներ, ներառեալ Հնդկաստանն ու Ֆրանսան, կոչ ուղղած են (Լեռնային Ղարաբաղի մէջ) անմիջական զինադադար հաստատելու: Բայց եւ այնպէս Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կ՛ընդդիմանայ Միացեալ Նահանգներու, Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ ընթացող բախումին առնչութեան: Էրտողան յայտարարեց, թէ զինադադարի հաստատման միակ ուղին «հայ բռնագրաւողներու» վիճելի շրջանէն հեռացումն է: Ան Թուրքիոյ խորհրդարանին առջեւ խօսք մը...

Page 422 of 884 1 … 421 422 423 … 884

Արխիւներ