Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փեսքով. «Փութին Տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Էրտողանի Եւ Ալիեւի Հետ Բանակցելու Յստակ Ծրագիրներ Չունի»

October 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով յայտնեց, որ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին տակաւին Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի նիւթով Ազրպէյճանի եւ Թուրքիոյ նախագահներուն հետ բանակցութիւններ վարելու յստակ ծրագիրներ չունի: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի»-ն:

Փեսքով աւելցուց, որ շրջանին մէջ պատերազմը ընթացքի մէջ է, եւ իրադարձութիւնները արագ կը զարգանան, ատոր համար ալ դժուար է կանխատեսումներ կատարել:

«Եթէ ատոր անհրաժեշտութիւնը ըլլայ, ոչ մէկ կասկած կայ, որ նախագահ Փութին այդ նիւթը պիտի քննարկէ իր գործընկերներուն հետ», ըսած է Փեսքով` պատասխանելով այն հարցումին, թէ մօտ օրէն արդեօք Թուրքիոյ նախագահին ու Ազրպէյճանի նախագահին հետ բարձր մակարդակով բանակցութիւններ կը ծրագրուի՞ն:

Այն հարցումին, թէ կարելի՞ է այդպիսի բանակցութիւններ ակնկալել այս շաբթուան ընթացքին, Փեսքով պատասխանած է, որ այս պահուս յստակ ծրագիրներ չկան: «Սակայն դուք գիտէք, որ խօսքը պատերազմի մասին է: Եւ, ի հարկէ, այնտեղ` Ղարաբաղի մէջ, իրադարձութիւնները արագ կը զարգանան, ատոր համար ալ դժուար է կանխատեսում կատարելը: Կախեալ է անկէ, թէ ինչպէ՛ս պիտի զարգանան հանգամանքները, պիտի ձեւաւորուի նաեւ երկխօսութեան անհրաժեշտութիւն», ըսած է Ռուսիոյ նախագահի բանբերը:

Միւս կողմէ, Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով երէկ յայտարարեց, որ Ռուսիոյ, Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարները Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ յայտարարութիւնը կը պատրաստեն: «ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահները` ի դէմս Ռուսիոյ, Ֆրանսայի եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահներուն, ուժեղ յայտարարութիւն կատարած են: Այժմ մենք յայտարարութիւն կը պատրաստենք», ըսաւ Լաւրով:

Ռուսական դիւանագիտութեան պետը յայտնեց, որ իր երկիրը Լեռնային Ղարաբաղի հարցով կապի մէջ կը մնայ Հայաստանի, Ազրպէյճանի, Թուրքիոյ եւ Իրանի հետ:

 

 

Նախորդը

Լը Տրիան. «Ֆրանսան Կը Լարէ Ջանքերը Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինադադարի Դրութեան Հասնելու Եւ Բանակցութիւններու Վերսկսման Համար»

Յաջորդը

Իրանցի Երեսփոխաններ Այցելած Են Արցախ – Իրան Սահման

RelatedPosts

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային  Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ  Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք  Հանդիպում Կայացնել
Գլխաւոր լուրեր

Ուաշինկթըն Քիեւին Եւ Մոսկուային Առաջարկած Է Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններուն Մէջ Եռակողմ Թեքնիք Հանդիպում Կայացնել

September 26, 2026
Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն  Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ  7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»
Գլխաւոր լուրեր

Արաղչի. «Իրան Միացեալ Նահանգներուն Ներկայացուցած Է Նոր Առաջարկ, Որ Թոյլ Կու Տայ 7 Օրուան Մէջ Վերաբանալ Հորմուզը»

September 26, 2026
Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական  Կեդրոն Մը Հարուածած Է
Միջազգային

Ռուսիան Քիեւի Մէջ Առեւտրական Կեդրոն Մը Հարուածած Է

September 26, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.