Ռուսիան, Ֆրանսան եւ Միացեալ Նահանգները ամէնէն վճռական ձեւով կը դատապարտեն բռնութեան սրացումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարածքին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, այս մասին նշուած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի, Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիանի եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյի միացեալ յայտարարութեան մէջ:
«Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով, Ֆրանսայի Եւրոպայի եւ արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան եւ Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ, ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու ներկայացուցիչները, ամէնէն վճռական ձեւով կը դատապարտեն աննախադէպ եւ վտանգաւոր բռնութեան սրացումը Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի տարածքին մէջ եւ անոր սահմաններէն դուրս», կը յայտնէ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութիւնը:
Նախարարները միանշանակօրէն ընդգծած են, որ վերջին յարձակումները, որոնց նպատակը, ենթադրաբար, քաղաքացիական կեդրոններ էին` ինչպէս շփման գիծի երկայնքով, այնպէս ալ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի տարածքներուն մէջ` Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիէն դուրս, ինչպէս նաեւ նման յարձակումներու անհամաչափութիւնը, անընդունելի սպառնալիք են շրջանին մէջ կայունութեան համար:
Վկայակոչելով ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երեք երկիրներու ղեկավարներու 1 հոկտեմբերի յայտարարութիւնը` նախարարները կրկին կոչ ուղղած են տագնապի կողմերուն անյապաղ եւ անվերապահօրէն հաստատելու զինադադարի դրութիւնը:
«Համանախագահող երկիրները հաստատակամ են լիովին իրականացնելու իրենց վրայ դրուած ԵԱՀԿ-ի եւ միջազգային հանրութեան վստահութիւնը` Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներուն աջակցութեամբ: Այդ վստահութեան համաձայն, անոնք պիտի շարունակեն հետեւողականօրէն մեծցնել փոխադարձ գործակցութիւնը կողմերուն հետ` կոչ ուղղելով անոնց առանց յապաղելու ստանձնելու լուծման հոլովոյթը վերսկսելու պարտաւորութիւնները` գոյութիւն ունեցող հիմնարար սկզբունքներու եւ համապատասխան միջազգային փաստաթուղթերու հիման վրայ, որոնք քաջ յայտնի են երկու կողմերուն», նշուած է յայտարարութեան մէջ: