Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

173 Ֆրանասացի Քաղաքական Գործիչներ Դիմած Են Ֆրանսային Ղարաբաղեան Տագնապի Հարցին Մէջ Հայաստանին Աջակցելու Խնդրանքով

Հոկտեմբեր 5, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդի համագործակցութեամբ Անն Հիտալկոն, Վալերի Փեքրեսը, Լորան Վոքիէն, Միշել Ռուպերոլան եւ 173 քաղաքական գործիչներ ստորագրութիւններ ուղարկած են, որպէսզի Ֆրանսան վերատեսութեան ենթարկէ Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ «տագնապին մէջ իր ռազմավարութիւնը»: Այս մասին կը հաղորդէ «Լը Ժուռնալ տիւ Տիմանշ»-ի խմբագրութիւնը:

«Լեռնային Ղարաբաղի մէջ հակամարտող Հայաստանին եւ Ազրպէյճանին Էմանուէլ Մաքրոնը իր միջնորդութիւնը առաջարկած է` բանակցութիւններու հոլովոյթին վերսկսելու նպատակով:

«Ֆրանսայի հայկական կազմակերպութիւնները համակարգող խորհուրդին հետ ստորագրահաւաք կազմակերպած 173 քաղաքական գործիչները, որոնց շարքին են Անն Հիտալկոն, Լորան Վոքիէն, Վալերի Փեքրեսը, Միշել Ռուպիրոլան, անբաւարար կը նկատեն Մաքրոնի առաջարկը: Անոնք կ՛ուզեն, որ Ֆրանսան վերատեսութեան ենթարկէ «իր ռազմավարութիւնը այդ տագնապին մէջ»: Այն է` «օրէնքի ուժով դատապարտել ազրպէյճանական յարձակումը եւ Ազրպէյճանին պարտադրել անմիջապէս դադրեցնել բռնութիւնները` խոստանալով լայնածաւալ աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն, որուն պիտի յաջորդէ անոնց լիիրաւ եւ ամբողջական օրինականութեան ճանաչումը:

«27 սեպտեմբերին Ազրպէյճանը պատերազմ շղթայազերծած է Լեռնային Ղարաբաղի հայութեան դէմ` թիրախաւորելով քաղաքներ եւ քաղաքացիական բնակչութիւն: Այս տարածքը հայկական քաղաքակրթութեան բնօրրանն է: Լեռնային Ղարաբաղի ազգաբնակչութիւնը պատմութեան ամբողջ ընթացքին չէ դադրած գլխաւորաբար հայկական ըլլալէ եւ պատերազմական ծանր պայքարի գնով վերանուաճած է իր ազատութիւնը, եւ այդ պայքարը աւարտած է 1994 թուականի զինադադարով: Սակայն տագնապը կը մնայ չլուծուած, եւ ռազմաճակատի ամբողջ երկայնքին ժամեր շարունակ ընթացող աննախադէպ բռնութիւնները կը վկայեն, որ միջնորդութեան փորձերը ապարդիւն են:

«Ֆրանսական դիւանագիտութիւնը մեծ ջանքեր կը գործադրէ: Իբրեւ Ռուսիոյ եւ Միացեալ Նահանգներու հետ Եւրոպայի անվտանգութեան եւ համագործակցութեան կազմակերպութեան ստեղծած Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիր` Ֆրանսան յայտարարած է իր չէզոքութիւնը եւ տասնամեակներէ ի վեր վճռականօրէն կ՛աշխատի այդ բնակչութեան անվտանգութիւնն ու խաղաղութիւնը երաշխաւորող լուծում գտնելու հարցին մէջ: Սակայն այս տարուան վերջին դէպքերէն ետք Ֆրանսան պէտք է արմատապէս վերատեսութեան ենթարկէ իր ռազմավարութիւնը:

«12 յուլիսին ազրպէյճանական բանակը յարձակում կը գործէ ոչ թէ Լեռնային Ղարաբաղի, այլ Հայաստանի` միջազգայնօրէն ճանչցուած սահմանին վրայ: Մինսքի խմբակը կոչուած է թոյլ չտալու ուժի կիրարկումը Թուրքիոյ եւ Իրանի սահմանին եւ Սուրիայէն ոչ հեռու գտնուող այս ծայրայեղ անկայուն շրջանին մէջ եւ առաւել եւս տագնապին տարածուիլը ատոր սահմաններէն դուրս: Աւելի՛ն, մենք չենք կրնար հանդուրժել զինուորական յարձակումը Ֆրանսայի բարեկամ երկրի դէմ, որուն ժողովուրդը 1915 թուականին ցեղասպանութեան զոհ դարձած է եւ որուն հանդէպ մենք կը կրենք պատմական եւ ընդհանուր պատասխանատուութիւն:

«Այդ պատասխանատուութիւնը մեզ պէտք է ստիպէ դուրս գալ չէզոքութենէն: Այդ չէզոքութիւնը բացարձակապէս չի պաշտպաներ ժամեր շարունակ կրակի տակ գտնուող քաղաքացիական բնակչութիւնը. զոհուած են կիներ, երեխաներ: Լեռնային Ղարաբաղի մայրաքաղաք Ստեփանակերտը, որ ռազմաճակատէն բազմաթիւ քիլոմեթրներ հեռու է, ռմբակոծումներու թիրախ է: Լեռնային Ղարաբաղի հայութիւնը ջնջելու նպատակ ունեցող զինուորական գործողութիւններու հանդէպ չէզոքութիւնը աչքակապութիւն է:

«Մեզ կը մտահոգէ նաեւ Թուրքիան, որուն մասնակցութիւնը այս տագնապին այլեւս անկարելի է հերքել: Յուլիսին Հայաստանի դէմ յարձակումէն ի վեր, Թուրքիան կատաղօրէն կը բորբոքէ տագնապը` ռազմատենչ յայտարարութիւններով աջակցելով Ազրպէյճանին: Պատահական չէ, որ յուլիսէն ի վեր թրքական ծայրայեղ աջակողմեան զինուորական Գորշ գայլեր խմբաւորումը բռնութիւններ կը կատարէ մեր երկրին մէջ` մասնաւորաբար 24 յուլիսին Տեսին-Շափիոյի մէջ (Ռոնի գաւառ) խաղաղ հայ ցուցարարներու դէմ:

«Տասնամեակներ շարունակ Ֆրանսայի որդեգրած չէզոքութիւնը խաղաղութեան տանող ուղի չէ:

«24 սեպտեմբերին, ազրպէյճանական հերթական յարձակումէն երեք օր առաջ, Մարդկային իրաւանց սուրիական դիտարանը յայտնած էր Թուրքիոյ հաշուին աշխարհազօրայիններ, ըսել կ՛ուզէ ժիհատականներ, Ազրպէյճան տեղափոխելու մասին: Այդ վարձկանները Սուրիոյ մէջ մահ կը սփռէին քիւրտ ազգաբնակչութեան շրջանակին մէջ: Այս պահուն հայերը ճակատամարտին մէջ ճիշդ անոնց դէմ են: Ինչպիսի՛ ցաւալի հեգնանք. Թուրքիան նոյնպէս Մինսքի խումբի անդամ է: Անգարայի այս կեցուածքը կը վկայէ այն մասին, որ Թուրքիան նենգօրէն կը վիժեցնէ բազմակողմ նախաձեռնութիւնները` կողմ ըլլալով ուժային լուծման:

«Հաշուի առնելով այս ամէնը` կը հաստատենք, որ տասնամեակներ շարունակ Ֆրանսայի որդեգրած չէզոքութիւնը խաղաղութեան տանող ուղի չէ: Այսօր այդ չէզոքութիւնը աւելի շատ իր թուրք դաշնակիցին հետ սերտօրէն համակարգուած ազրպէյճանական յարձակումի անպատժելիութեան երաշխիք է, քան տագնապին լուծում գտնելու լծակ: Այդ իսկ պատճառով մենք կը կարծենք, որ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին մէջ ֆրանսական դիւանագիտութիւնը պէտք է վերանայի իր ռազմավարութիւնը: Այն է` օրէնքի ուժով դատապարտել ազրպէյճանական յարձակումը եւ Ազրպէյճանին պարտադրել անմիջապէս դադրեցնել բռնութիւնները` խոստանալով լայնածաւալ աջակցութիւն Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւններուն, եւ այդ աջակցութեան պէտք է յաջորդէ անոնց լիիրաւ եւ ամբողջական օրինականութեան ճանաչումը»:

 

 

Նախորդը

Թեհրան Ղարաբաղեան Տագնապի Կողմերուն Նախազգուշացուցած Է Մարտերու Ընթացքին Իր Տարածքը Յարձակումի Ենթարկելու Աթոյլատրելիութեան Մասին

Յաջորդը

«Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Խաղաղապահներու Տեղակայման Հարցը Պէտք Է Քննարկել Մինսքի Խմբակի Կազմին Եւ ԵԱՀԿ-ի Մէջ Կ՛ըսէ Քոսաչեւ

RelatedPosts

Թրամփ. «Այն, Ինչ Որ Ռուսիան Կ՛ըսէ, Նողկալի Է,  Իսկ Իրան Չափազանց Վատ Կերպով Կը Վարուի»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Համաս Պիտի Հրաժարի Իր Զէնքէն, Եւ Եթէ Չհրաժարի, Մենք Զայն Պիտի Զինաթափենք»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»
Գլխաւոր լուրեր

Նեթանիահու. «Եթէ Կազայի Համաձայնութեան Երկրորդ Բաժինը Խաղաղ Կերպով Չգործադրուի, Դժոխքի Դռները Պիտի Բացուին»

Հոկտեմբեր 16, 2025
Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում
Գլխաւոր լուրեր

Քրեմլինի Մէջ Փութին-Շարհ Հանդիպում

Հոկտեմբեր 16, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?