Ռուսիան Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իր խաղաղապահները կրնայ տեղակայել միայն Ազրպէյճանի եւ Հայաստանի համաձայնութեամբ: «Առ.Պի.Սի.» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտարարած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի մամլոյ քարտուղար Տմիթրի Փեսքով:
«Խաղաղապահները կրնան տեղակայուիլ միայն երկու կողմերուն համաձայնութեամբ», ըսած է Փեսքով:
Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան, պատասխանելով լրագրողի այն հարցումին, թէ պիտի ուզէ՞ արդեօք ռուս խաղաղապահներ տեսնել Ղարաբաղի մէջ, յայտնած էր, որ այդպիսի խնդիրները «աւելի լայն շրջագիծի մէջ կրնան քննարկուիլ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ»: