Ամերիկեան կողմը Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն հետ կապ հաստատելու ընթացքին անոնց կոչ ուղղած է դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները: Այս մասին յայտնած է Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէօ` «Ֆոքս Նիուզ»-ի հետ իր հարցազրոյցին ընթացքին:
«Մենք կոչ կ՛ուղղենք դադրեցնելու կրակոցը: Կ՛ուզենք, որ երկու կողմերն ալ ետքայլ կատարեն: Մենք երկու երկիրներու ղեկավարութեանց հետ ալ զրուցած ենք եւ անոնցմէ խնդրած ատիկա ընել», նշած է ամերիկեան դիւանագիտութեան պետը` յոյս յայտնելով, որ Պաքուն ու Երեւանը յաջորդող օրերուն պիտի հասկնան, որ տագնապը ուժով կարելի չէ լուծել:
Խօսելով Լեռնային Ղարաբաղի իրադարձութիւններուն մասին` Փոմփէօ ըսած է, որ Միացեալ Նահանգներ իրավիճակի միջազգայնացումը ընդունելի չեն նկատեր եւ համոզուած են որ ատոր մէջ չներգրաւուած կողմերը պէտք է մէկ կողմ քաշուած մնան:
«Կը կարծենք, որ երրորդ կողմերու ներգրաւումը միայն պիտի խորացնէ խնդիրը», նշած է Փոմփէօ: