Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ազրպէյճանն Ու Հայաստանը Պէտք Է Վերադառնան Բանակցութիւններու Սեղան Առանց Նախապայմաններու» Կ՛ըսէ Ռումանիոյ Նախագահը

October 6, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ռումանիոյ նախագահ Քլաուս Եոհաննիս 1-էն 2 հոկտեմբեր Պրիւքսելի մէջ մասնակցած է Եւրոպական Խորհուրդի արտակարգ նիստին, որու ընթացքին անդրադարձած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տիրող կացութեան:

«Ինչ կը վերաբերի Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին, Եւրոպական խորհուրդը կոչ ուղղեց` անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները, վերահաստատելու կողմերու հաւատարմութիւնը տեւական զինադադարին եւ տագնապի խաղաղ լուծման, ինչին կարելի չէ հասնիլ զինուորական ճամբով կամ արտաքին միջամտութեամբ:

«Եւրոպացի ղեկավարները շեշտեցին, որ Ազրպէյճանն ու Հայաստանը պէտք է առանց նախապայմաններու վերադառնան բանակցութիւններու սեղան: Եւրոպական խորհուրդը վերահաստատեց իր աջակցութիւնը ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակին եւ Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան ու անվտանգութեան բարձրագոյն յանձնակատարին կոչ ուղղեց` փնտռելու Եւրոպական Միութեան համար ուղիներ` աջակցելու տագնապի լուծման հոլովոյթին»:

Ռումանիոյ նախագահը վերահաստատած է տագնապի լարուածութեան մեղմացման եւ քաղաքական երկխօսութիւնը վերսկսելու վերաբերեալ իր կոչը` միջազգային օրէնքին համաձայն խաղաղ լուծումներ գտնելու համար: Նախագահ Քլաուս Եոհաննիս իր աջակցութիւնը յայտնած է նաեւ Մինսքի խմբակի աշխատանքներուն եւ խրախուսած Եւրոպական Միութեան աւելի աշխուժ դերակատարութիւնը ճգնաժամի լուծման հոլովոյթին մէջ:

Նախորդը

Զուրապիշվիլի. «Վրաստանը Կարելիութեան Պարագային Պատրաստ Է Հիւրընկալելու Փաշինեան – Ալիեւ Հանդիպումը Մինսքի Խմբակի Համանախագահութեան Ձեւաչափով»

Յաջորդը

Եւրոպական Միութեան Դիւանագիտութեան Ղեկավարը Կոչ Կ՛ուղղէ Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները

RelatedPosts

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ  Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ  Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»
Գլխաւոր լուրեր

Սպիտակ Տուն. «Իրանի Վերաբերեալ Թրամփի Առաջին Ընտրանքը Միշտ Դիւանագիտութիւնն Է, Սակայն…»

February 25, 2026
Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»
Գլխաւոր լուրեր

Հեկսեթ. «Իրան Պէտք Է Գործարք Կնքէ»

February 25, 2026
Փենթակոն. «Ուաշինկթընն Ու Դաշինքին Մէջ  Իր Գործընկերները Պիտի Կրճատեն Իրաքի Մէջ  Իրենց Զինուորական Առաքելութիւնը»
Միջազգային

Ըստ «Ուոլ Սթրիթ Ճըռնըլ»-ի. Փենթակոն Թրամփին Յայտնեց, Թէ Իրանի Դէմ Պատերազմի Ծրագիրը Վտանգներ Կը Պարունակէ

February 25, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.