Քանատայի արտաքին գործոց նախարար Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն յայտարարեց, որ Քանատա պիտի կասեցնէ Թուրքիոյ` զէնքի մատակարարումը: Ան այս մասին գրեց «Թուիթըր»-ի իր էջին վրայ:
«Արտածման վերահսկողութեան խիստ դրութեան եւ շարունակուող հետաքննութեան համաձայն, ես կը կասեցնեմ դէպի Թուրքիա զէնքի արտածման համապատասխան արտօնութիւնները», գրեց նախարարը:
Ֆրանսուա-Ֆիլիփ Շամփայն աւելցուց, որ Քանատա կոչ կ՛ուղղէ` անյապաղ քայլերու ձեռնարկելու բռնութեան կանխարգիլման եւ քաղաքացիական բնակչութեան պաշտպանութեան ուղղութեամբ:
Յիշեցնենք, որ 2 հոկտեմբերին Շամփայն յայտարարեց, որ պիտի դադրեցնէ Թուրքիա զէնքի արտածումը, եթէ փաստուի մարդու իրաւունքներու խախտումներուն մասին տեղեկութիւնները: Քանատայի Հայ դատի յանձնախումբը կոչ ուղղած էր դաշնակցային կառավարութեան` դատապարտելու Արցախի նկատմամբ Ազրպէյճանի բացայայտ յարձակումները եւ անյապաղ դադրեցնելու զէնքի արտածումը Թուրքիա: