Միջազգային

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ`  Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Սահմաններուն Վրայ  Անմիջապէս Զինադադար Հաստատելու

Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարը Կոչ Կ՛ուղղէ` Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Սահմաններուն Վրայ Անմիջապէս Զինադադար Հաստատելու

Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Լուիճի Տի Մայօ իր ազրպէյճանցի պաշտօնակիցին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան մը ընթացքին շեշտեց. «Կարիքը կայ անմիջապէս զինադադար հաստատելու» Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմաններուն վրայ: Ան «խոր մտահոգութիւն» յայտնեց շարք մը զոհեր, որոնց շարքին քաղաքային զոհեր պատճառած «սուր բախումներուն» նկատմամբ: «Պէտք է անմիջապէս զինադադար հաստատել բնակիչներուն յաւելեալ տառապանք խնայելու, մագլցումէն եւ ամբողջ շրջանին մէջ կայունութեան քայքայումէն խուսափելու համար», շեշտեց...

Եւրոպական Միութիւնը Մարդասիրական Օգնութիւն  Պիտի Յատկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծի  Երկու Կողմերուն Վրայ Վնասուած Բնակչութեան

Եւրոպական Միութիւնը Մարդասիրական Օգնութիւն Պիտի Յատկացնէ Լեռնային Ղարաբաղի Շփման Գիծի Երկու Կողմերուն Վրայ Վնասուած Բնակչութեան

Եւրոպական Միութիւնը կը պատրաստուի անմիջական մարդասիրական օգնութիւն յատկացնելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին հետեւանքով շփման գիծի երկու կողմի վնասուած բնակչութեան: Այս մասին թուիթըրեան իր էջին վրայ յայտնած է Եւրոպական Միութեան ճգնաժամային կառավարման հարցերով յանձնակատար Եանեզ Լենարչիչ: «Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ տեղի ունեցող զինուորական գործողութիւններէն ետք Եւրոպական Միութիւնը կը յայտնէ շփման գիծի երկայնքին երկու կողմերու քաղաքացիական բնակչութեան համար արտակարգ մարդասիրական օգնութիւն յատկացնելու...

Թուրքիոյ Կողմէ Իսլամականներ Ազրպէյճան  Տեղափոխելը Դատապարտելով.  «Թուրքիոյ Գործողութիւնները Բացարձակապէս  Անընդունելի Են, Կարմիր Գիծը Արդէն Անցուած Է»  Կ՛ըսէ Մաքրոն

Թուրքիոյ Կողմէ Իսլամականներ Ազրպէյճան Տեղափոխելը Դատապարտելով. «Թուրքիոյ Գործողութիւնները Բացարձակապէս Անընդունելի Են, Կարմիր Գիծը Արդէն Անցուած Է» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն Եւրոպական Միութեան վեհաժողովի ընթացքին դատապարտած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի գօտիին մէջ ընթացող զինուորական գործողութիւններուն մէջ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Թուրքիոյ այդ վարմունքը վայել չէ ՕԹԱՆ-ի անդամ պետութեան, մենք այդպիսի գործողութիւնները բացարձակապէս անընդունելի կը նկատենք: Այս պարագային կարմիր գիծը արդէն անցուած է», յայտարարած է Մաքրոն: «Կրնամ յայտարարել, որ Հալէպի շրջանէն տարուած սուրիացի...

«Անհրաժեշտ Է Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Զինադադար  Հաստատել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ»  Կ՛ըսէ Մերքել

«Անհրաժեշտ Է Կարելի Եղածին Չափ Շուտ Զինադադար Հաստատել Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Միջեւ» Կ՛ըսէ Մերքել

Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել յայտարարած է, որ Եւրոպական Միութիւնը կը զօրակցի Լեռնային Ղարաբաղի գծով զինադադարի համաձայնութեան կնքման` ընդգծելով, որ տագնապի չի կրնար լուծուիլ զինուորական միջոցներով: «Ի հարկէ, մենք այս հարցին մէջ կը զօրակցինք զինադադարի հաստատման: Ատիկա այս բարդ տագնապի լուծումը խաղաղ, ի հարկէ, ոչ զինուորական ճամբով քննարկելու համար միակ կարելիութիւնն է», երէկ Պրիւքսելի մէջ Եւրոպական Միութեան ղեկավարներու վեհաժողովէն ետք մամլոյ...

Պաքուէն Բացատրութիւն Պահանջելով`  «Լրագրողները Զինուորական Թիրախ Չեն»  Կ՛ըսէ «Լրագրողներ Առանց Սահմանի»-ն

Պաքուէն Բացատրութիւն Պահանջելով` «Լրագրողները Զինուորական Թիրախ Չեն» Կ՛ըսէ «Լրագրողներ Առանց Սահմանի»-ն

«Լրագրողներ առանց սահմանի» միջազգային իրաւապաշտպան կազմակերպութիւնը Ազրպէյճանի իշխանութիւններուն կոչ ուղղած է հետաքննելու, բացատրելու ռմբակոծութեան աղբիւրը, որուն պատճառով վիրաւորուած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտերը լուսաբանող չորս լրագրողներ: «Արմէնփրես»-ի համաձայն, կազմակերպութիւնը տարածած յայտարարութեան մէջ մասնաւորաբար նշած է, որ չորս լրագրողները այն լրագրողներուն խումբին մէջ էին, որոնք բախումներու հինգերորդ օրը հրետակոծուած էին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ` Մարտունի քաղաքին մէջ: Կազմակերպութիւնը նկատած է, որ բոլոր...

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի  Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները  Նախազգուշացուցած Է Ղարաբաղեան Տագնապի  Միջազգայնացման Վտանգէն

Ֆրանսայի Արտաքին Գործոց Նախարարը Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Նախազգուշացուցած Է Ղարաբաղեան Տագնապի Միջազգայնացման Վտանգէն

Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան Իվ Լը Տրիան Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարները նախազգուշացուցած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի միջազգայնացման վտանգէն: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը աւելցուցած է, որ ԵԱՀԿ-ը մտադիր է Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտերու դադրեցման եւ բանակցային հոլովոյթի վերսկսման հասնիլ:

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Վերջին Մագլցումի  Խորացման Զուգահեռ Քաղաքային Անձեր Կը Կրեն  Բռնութեան Ալիքի Հետեւանքներու Ամբողջ Ծանրութիւնը»  Կ՛ըսէ Միջազգային Կարմիր Խաչը

«Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Վերջին Մագլցումի Խորացման Զուգահեռ Քաղաքային Անձեր Կը Կրեն Բռնութեան Ալիքի Հետեւանքներու Ամբողջ Ծանրութիւնը» Կ՛ըսէ Միջազգային Կարմիր Խաչը

Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն երէկ յայտնած է, թէ ղարաբաղեան տագնապի վերջին մագլցումի խորացման զուգահեռ քաղաքային անձեր կը կրեն բռնութեան ալիքի հետեւանքներու ամբողջ ծանրութիւնը: Շփման գիծի երկու կողմը եւ Հայաստանի մէջ հաղորդուած է քաղաքայիններու, ներառեալ երեխաներու շրջանակին մէջ մահերու եւ վիրաւորումներու մասին: «Մենք արդէն ականատես կ՛ըլլանք քաղաքայիններու վրայ այս մագլցումին սարսափելի հետեւանքներուն: Կարմիր խաչի միջազգային կոմիտէն պատրաստ է աջակցելու անոնց առաջին...

Աբխազիոյ Խորհրդարանը Առաջարկած Է Սուխումը  Իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման  Խաղաղ Բանակցութիւններու Չէզոք Հարթակ Օգտագործել

Աբխազիոյ Խորհրդարանը Առաջարկած Է Սուխումը Իբրեւ Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապի Լուծման Խաղաղ Բանակցութիւններու Չէզոք Հարթակ Օգտագործել

Աբխազիոյ խորհրդարանը համաշխարհային ընտանիքին կոչ ուղղած է նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի խաղաղ լուծման հոլովոյթին: Բացի ատկէ, խորհրդարանը առաջարկած է Սուխում քաղաքը իբրեւ բոլոր շահագրգիռ կողմերու խորհրդարանականներու մասնակցութեամբ խաղաղ բանակցութիւններու չէզոք հարթակ օգտագործել: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:      

Քանի Մը Տասնեակ Ամերիկացի Քոնկրեսականներ  Դիմած Են Փոմփէոյին` Կոչ Ուղղելով Նպաստելու  Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակի Կայունացման

Քանի Մը Տասնեակ Ամերիկացի Քոնկրեսականներ Դիմած Են Փոմփէոյին` Կոչ Ուղղելով Նպաստելու Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Իրավիճակի Կայունացման

Քանի մը տասնեակ հանրապետական եւ դեմոկրատական քոնկրեսականներ հինգշաբթի օր նամակ ուղարկած են Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին` կոչ ուղղելով շօշափելի քայլերու ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ իրավիճակի լարուածութիւնը մեղմացնելու ուղղութեամբ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը` յղում կատարելով նամակի հեղինակներէն Էտըմ Շիֆի կայքին վրայ տեղադրուած յայտարարութեան: «Կը գրենք, որպէսզի մեր խոր մտահոգութիւնը յայտնենք ազրպէյճանական նախայարձակումին վերսկսման առնչութեամբ: Կը...

Արցախի Հետ Պելճիքայի Ֆրանսախօս Եւ Ֆլամանական  Բարեկամութեան Խումբերը Իրենց Աջակցութիւնը  Կը Յայտնեն Արցախի Ժողովուրդին

Արցախի Հետ Պելճիքայի Ֆրանսախօս Եւ Ֆլամանական Բարեկամութեան Խումբերը Իրենց Աջակցութիւնը Կը Յայտնեն Արցախի Ժողովուրդին

Արցախի հետ Պելճիքայի ֆրանսախօս եւ ֆլամանական բարեկամութեան խումբերու երկու տասնեակ անդամներ հանդէս եկած են յայտարարութեամբ` ի պաշտպանութիւն Արցախի եւ Հայաստանի: Պելճիքայի ֆրանսախօս խումբը, որ կազմուած է տարբեր կուսակցութիւններ ներկայացնող Պելճիքայի դաշնակցային եւ շրջանային խորհրդարաններու ներկայ եւ նախկին երեսփոխաններէն, շարք մը քաղաքներու աւագանիի անդամներէն եւ քաղաքապետներէն, ինչպէս նաեւ դասախօսներէ, իրաւաբաններէ եւ հասարակական գործիչներէ, իր մտահոգութիւնը յայտնած է մասնաւորաբար խաղաղ բնակչութեան թիրախաւորելու...

Եւրոպական Միութիւնը Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ`  Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները,  Իսկ Թուրքիոյ` Չխառնուելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

Եւրոպական Միութիւնը Կողմերուն Կոչ Կ՛ուղղէ` Անյապաղ Դադրեցնելու Զինուորական Գործողութիւնները, Իսկ Թուրքիոյ` Չխառնուելու Լեռնային Ղարաբաղի Տագնապին

Եւրոպական Միութեան վեհաժողովին ընթացքին եւրոպական երկիրներու ղեկավարները կոչ ուղղած են անյապաղ դադրեցնելու զինուորական գործողութիւնները Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, յայտարարած է Եւրոպական խորհուրդի նախագահ Շարլ Միշել: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Եւրոպական Միութեան ղեկավարները Թուրքիոյ կոչ ուղղած են չմիջամտելու Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին եւ կառուցողական դեր ստանձնելու իրավիճակի լարուածութեան մեղմացման համար: «Այո՛, ամէն մէկը պէտք է կառուցողական դեր խաղայ, որպէսզի նպաստէ լարուածութեան...

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարները Պաշտօնապէս Յայտարարած Են` Անգարա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Ազրպէյճանին

Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Եւ Արտաքին Գործոց Նախարարները Պաշտօնապէս Յայտարարած Են` Անգարա Պիտի Շարունակէ Աջակցիլ Ազրպէյճանին

Թուրքիոյ պաշտպանութեան նախարար Հուլուսի Աքար յայտարարած է, որ Անգարա պիտի շարունակէ աջակցիլ իր «տարածքային ամբողջականութիւնն ու ժողովուրդը պաշտպանող» Ազրպէյճանին: Ան դարձեալ պնդած է. «Երեւանն է շրջանի խաղաղութեան ու կայունութեան մեծագոյն խոչընդոտը»: Արցախի տագնապին լուծման անդրադարձած է նաեւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: Ան միջազգային ընտանիքին` մասնաւորապէս Ֆրանսայի եւ Ռուսիոյ կոչերը միակողմանի որակած է` պնդելով, թէ Թուրքիան պիտի շարունակէ աջակցիլ...

Մաքրոն Մտահոգ Է Թուրքիոյ Ռազմաշունչ  Յայտարարութիւններուն Առնչութեամբ. Ան Արցախի  Իրավիճակի Լուծման Ուղիները  Պիտի Քննարկէ Փութինի Եւ Թրամփի Հետ

Փութին, Թրամփ Եւ Մաքրոն Լեռնային Ղարաբաղի Հարցով Միացեալ Յայտարարութիւն Հրապարակեցին

Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին, Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ եւ Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն երէկ Լեռնային Ղարաբաղի հարցով միացեալ յայտարարութիւն հրապարակեցին: Փութին, Մաքրոն եւ Թրամփ կոչ ուղղեցին` անյապաղ դադրեցնելու Լեռնային Ղարաբաղի մէջ զինուորական գործողութիւնները, ինչպէս նաեւ Հայաստանին ու Ազրպէյճանին կոչ ուղղեցին առանց նախապայմաններու վերսկսելու ղարաբաղեան տագնապին շուրջ բանակցութիւնները: «Մենք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի ղեկավարներուն կոչ կ՛ուղղենք անյապաղ ստանձնելու ԵԱՀԿ¬ի Մինսքի խմբակի...

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Զօրակցած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Անյապաղ Դադրեցման

Լաւրով Եւ Չաւուշօղլու Զօրակցած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Զինուորական Գործողութիւններու Անյապաղ Դադրեցման

Երէկ տեղի ունեցած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրովի եւ Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլուի հեռաձայնային հաղորդակցութիւնը: «Արմէնփրես» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան հրապարակած հաղորդագրութիւնը կը նշէ. «Մանրակրկիտ կերպով քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ լարուածութեան մագլցումը: Նախարարները լուրջ մտահոգութիւն յայտնած են շարունակուող զինեալ տագնապին առնչութեամբ, կողմ արտայայտուած են զինուորական գործողութիւններու անյապաղ դադրեցման: Շեշտուած է տագնապին մէջ...

Փութին Եւ Մաքրոն Քննարկած Են Իրանեան  Հիւլէական Գործարքին Շուրջ Ստեղծուած Իրավիճակը

Փութին Եւ Մաքրոն Կոչ Ուղղած Են Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Անմիջապէս Զինադադար Հաստատելու

Ֆրանսական կողմին նախաձեռնութեամբ` Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը յղում կատարելով Քրեմլինին: Փութին Մաքրոնի հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին լուրջ մտահոգութիւն յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման առնչութեամբ եւ ընդգծած է, որ բացի քաղաքական-դիւանագիտական ուղիէն, տագնապը այլ լուծում չունի: «Վլատիմիր Փութինն ու Էմանուէլ Մաքրոնը հակամարտող կողմերուն կրակոցի...

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մեծ Վտանգը Առնչուած Է Սուրիայէն Եւ Լիպիայէն Զինեալներու Տեղափոխման»

Մոսկուա. «Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Մեծ Վտանգը Առնչուած Է Սուրիայէն Եւ Լիպիայէն Զինեալներու Տեղափոխման»

Ռուսիոյ Անվտանգութեան խորհուրդի մնայուն անդամները Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ ժողովի ընթացքին նշեցին, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապին մէջ մեծ վտանգը առնչուած է Սուրիայէն ու Լիպիայէն զինեալներու տեղափոխման: «Սփութնիք» կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Քրեմլինի բանբեր Տմիթրի Փեսքով: Ան աւելցուցած է. «Ժողովի ընթացքին նաեւ քննարկուեցաւ Ռուսիոյ դրացի երկիրներուն հետ աշխատանքը, որ նախագահին համաձայն` ռուսական արտաքին քաղաքականութեան առաջնահերթութիւններէն կը նկատուի»:...

«Ռուսիոյ Կողմէ Մեր Հողերուն Ճամբով Հայաստան Զէնք Փոխադրելու Պնդումները Սուտ Են»   Կ՛ըսէ Թեհրան

Թեհրան. «Իրան Պիտի Չարտօնէ, Որ Ահաբեկիչները Տեղակյուին Հիւսիսային Սահմանին Յարակից Տարածքներուն Մէջ»

Իրանի արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Սայիտ Խաթիպազատէ յայտարարած է, որ Իրանի Իսլամական Հանրապետութիւնը ոչ մէկ պարագային պիտի արտօնէ, որ ահաբեկչական խմբաւորումները երկրին հիւսիսային սահմաններուն յարակից շրջանները իրենց ազգային անվտանգութեան դէմ սպառնալիքի վերածեն: Ինչպէս կը տեղեկացնէ «Արմէնփրես»-ը, վկայակոչելով իրանեան «Խապարանլայն» կայքը, Խաթիպազատէ ըսած է, որ բախումներու Կովկաս տեղափոխումը շատ աւելի մեծ աղէտի պիտի յանգեցնէ շրջանին համար, քան ղարաբաղեան տագնապը: Համաձայն միջազգային...

«Ֆրանսան Փաստեր Ունի, Որ Թուրքիայէն Սուրիացի Իսլամականներ Կը Մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտական Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Մաքրոն

«Ֆրանսան Փաստեր Ունի, Որ Թուրքիայէն Սուրիացի Իսլամականներ Կը Մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի Մարտական Գործողութիւններուն» Կ՛ըսէ Մաքրոն

Փենթակոն. «Թուրքիոյ Կողմէ Ազրպէյճան Վարձկաններու Տեղափոխման Տեղեկութիւնները Հաստատ Են Եւ Ճիշդ» Ֆրանսայի նախագահ Էմանուէլ Մաքրոն լրագրողներու հետ զրոյցի ընթացքին յայտնած է, որ Փաստեր ունի Թուրքիոյ կողմէ Ազրպէյճան ուղարկուած սուրիացի իսլամականներու մասին: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը: «Ֆրանսան փաստեր ունի, որ Թուրքիայէն սուրիացի իսլամականներ կը մասնակցին Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու», լրագրողներուն ըսած է Մաքրոն: Միւս կողմէ, Միացեալ Նահանգներու...

3 Ռումբեր Ինկած Են Իրանի Մէջ. Երեխայ Մը Վիրաւորուած Է

3 Ռումբեր Ինկած Են Իրանի Մէջ. Երեխայ Մը Վիրաւորուած Է

Իրանեան «Անաժ» լրատու գործակալութիւնը հաղորդեց, որ երեք ռումբեր ինկած են Իրանի Խոտաֆարարա շրջանի Փարվիզխանլու գիւղին մէջ: Այս պատճառով երեխայ մը վիրաւորուած է եւ վեց բնակարաններ վնասուած: Նախապէս Թեհրան զգուշացուցած էր, թէ Արցախ¬Ազրպէյճան տագնապի գօտիէն ոչ իսկ մէկ ռումբ պէտք է իյնայ Իրանի մէջ: Նշենք, որ ասիկա առաջին անգամը չէ, որ ազրպէյճանական կողմէն արձակուած ռումբեր կ՛իյնան Իրանի մէջ: «Ճէոփոլիթիքս.նիուզ» կայքին տուեալներով`...

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Երկխօսութիւնը Ուղղուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակէն Ելք Գտնելուն» Կ՛ըսէ Ռիապքով

«Ռուսիոյ Եւ Միացեալ Նահանգներու Երկխօսութիւնը Ուղղուած Է Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Ստեղծուած Իրավիճակէն Ելք Գտնելուն» Կ՛ըսէ Ռիապքով

Մոսկուան յոյս ունի, որ Ուաշինկթընի հետ երկխօսութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրին հարցով պիտի օգնէ ելք գտնել շրջանին մէջ տիրող ներկայ մտահոգիչ իրավիճակէն: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութեան համաձայն, այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց փոխնախարար Սերկէյ Ռիապքով: Անոր համաձայն, Ռուսիան ու Միացեալ Նահանգները կ՛աջակցին այս հարցին շուրջ աշխուժ հաղորդակցութիւններուն: «Յոյս ունինք, որ աշխատանքը քաղաքականապէս նշանակալի պիտի ըլլայ ներկայիս տագնապալի, ճգնաժամային իրավիճակէն դուրս...

Page 423 of 884 1 … 422 423 424 … 884

Արխիւներ