Գերմանիոյ վարչապետ Անկելա Մերքել հեռաձայնային հաղորդակցութիւն ունեցած է Հայաստանի Հանրապետութեան վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի հետ: Այս հաղորդակցութեան ընթացքին քննարկուած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լարուածութեան մագլցումը: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին երէկ լրագրողներուն յայտնած է Գերմանիոյ կառավարութեան բանբեր Ուլրիքէ Տեմըր:
«Վարչապետը մտահոգութիւն յայտնած է շարունակուող բախումներուն եւ զոհերու թիւի աճին նկատմամբ: Ան ընդգծած է, որ բոլոր կողմերը պէտք է անյապաղ դադրեցնեն զինուորական գործողութիւնները եւ վերսկսին բանակցութիւնները: Վարչապետը կը սատարէ ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահող երկիրներու ղեկավարներու 1 հոկտեմբերի յայտարարութեան», յայտնած է Տեմըր:
Մերքել նաեւ զօրակցած է հակամարտող կողմերու միջեւ մարդասիրական դադարի հաստատման շուրջ համաձայնութեան` մարտական գործողութիւններու գօտիէն զինուորներու դիակները դուրս բերելու համար: