Շիֆ. «Միացեալ Նահանգներ Պէտք Է Շարունակեն Ճնշում Գործադրել Ալիեւի Եւ Էրտողանի Վրայ, Որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի Մէջ Վերջ Տան Պատերազմին»
Միացեալ Նահանգները պէտք է շարունակեն ճնշում գործադրել Ալիեւի եւ Էրտողանի վրայ, որպէսզի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ վերջ դնեն պատերազմին: «Թուիթըր»-ի վրայ այս մասին գրած է Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի անդամ Էտըմ Շիֆ: «Ես խօսեցայ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Զոհրապ Մնացականեանի հետ Արցախի մէջ հրադադարի ապահովման ջանքերուն, ինչպէս նաեւ Ազրպէյճանի ու Թուրքիոյ շարունակական մահաբեր յարձակումին մասին: Միացեալ Նահանգներ պէտք է շարունակեն ճնշում գործադրել...




















