Ռուսիան Անթոյլատրելի Կը Նկատէ
Լեռնային Ղարաբաղի Հարցին Զինուորական Լուծումը
Մոսկուա Թուրքիոյ կոչ կ՛ուղղէ իր ազդեցութիւնը օգտագործելու` ի շահ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ կրակոցի դադրեցման եւ տագնապի լուծման վերաբերեալ բովանդակալից բանակցութիւններ սկսելու: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարար Սերկէյ Լաւրով:
Ան ընդգծած է, որ Ռուսիան չ՛աջակցիր Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ տագնապը զինուորական ճամբով լուծելու դիրքորոշումին:
«Լեռնային Ղարաբաղի շուրջ պատմութեան մէջ Ռուսիոյ եւ Թուրքիոյ ներգրաւուածութիւնը ունի իր նրբերանգները: Չենք թաքցներ, որ չենք աջակցիր խնդիրի զինուորական լուծման կարելիութեան եւ արտօնելիութեան վերաբերեալ դիրքորոշումին: Թէ՛ հայ, թէ՛ ազրպէյճանցի ժողովուրդները կ՛ընկալենք իբրեւ բարեկամական եւ եղբայրական, մենք չենք կրնար կիսել այդպիսի ձգտումները», յայտարարած է Լաւրով` «Աթէնքի եւ Մակեդոնիոյ լրատուական գործակալութեան» տուած իր հարցազրոյցին մէջ:
Ան յիշեցուցած է, որ 10 հոկտեմբերին «Միացեալ Նահանգներու եւ Ֆրանսայի ներկայացուցիչներուն մասնակցութեամբ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներու 11 ժամ տեւած խորհրդակցութիւններուն հիմամբ կատարուած է միացեալ յայտարարութիւն, որ կը նախատեսէ կրակոցի դադրեցում եւ առաւելագոյնս բովանդակալից բանակցային հոլովոյթի վերսկսում»:



