Միացեալ Նահանգներու նախագահի ազգային անվտանգութեան հարցով խորհրդական Ռապըրթ Օ՛Պրայըն Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներ Զոհրապ Մնացականեանի եւ Ճէյհուն Պայրամովի հետ Ուաշինկթընի մէջ տեղի ունեցած հանդիպումներուն ընթացքին յայտնած է Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի զինուորական լուծման բացակայութեան մասին եւ կոչ ուղղած է հարցը լուծելու ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ: Այս մասին կը հաղորդէ ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը:
«Զինուորական լուծում գոյութիւն չունի», ազրպէյճանցի նախարարին հետ հանդիպումէն ետք նշուած է Սպիտակ տան Ազգային անվտանգութեան խորհուրդի թուիթըրեան էջին մէջ:
Օ՛Պրայընի համաձայն, այդ զրոյցի ընթացքին ան «պնդած է կրակի անյապաղ դադրեցման եւ յաջորդիւ Մինսքի խմբակի միջնորդութեամբ բանակցութիւններուն վերադառնալու», ինչպէս նաեւ «իրավիճակի հետագայ ապակայունացման նպաստող արտաքին ուժերու գործողութիւններէն հրաժարելու մասին»:
Ան Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարին հետ եւս քննարկած է զինադադարի եւ Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ հարցի լուծման անհրաժեշտութեան մասին: «Միացեալ Նահանգներ կը շարունակեն բոլոր մակարդակներուն վրայ ձեռնարկել դիւանգիտական ամէնէն որոշիչ ջանքերը, մինչեւ տագնապին լուծումը», նշած է Օ՛Պրայըն:
Օ՛Պրայըն երէկ «Սի.Պի.Էս.» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնեց,որ Միացեալ Նահանգներ Ազրպէյճանի իշխանութիւնները կը դրդեն ընդունելու կրակոցի դադրեցման համաձայնութիւնը, որ արդէն ընդունուած է Հայաստանի կողմէ:
«Այս շաբթուան վերջին կը զբաղինք Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի միջեւ խաղաղութեան հաստատման հարցով: Հայաստանը ընդունած է կրակոցի դադրեցման առաջարկը, իսկ Ազրպէյճան` տակաւին ոչ: Մենք զանոնք (Ազրպէյճանի իշխանութիւնները, «Ա.») կը դրդենք ատոր (ընդունելու կրակոցի դադրեցման առաջարկը», ըսաւ Օ՛Պրայըն: