Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփ խոստացաւ դիւրութեամբ լուծել Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը: Ան Նիւ Հեմփշայր նահանգին մէջ ընտրական հաւաքի ընթացքին յայտնեց. «Հայաստան: Նայեցէ՛ք հայերուն: Անոնք հոյակապ ժողովուրդ են: Անոնք հոյակապ կերպով կը կռուին, եւ գիտէ՞ք` բան մը պիտի ընենք: Հայերը դժուար պայմաններ ունեցած են: Օհայոյի մէջ էի, եւ այդտեղ էին հայերը դրօշով (Հայաստանի) եւ իրենց ոգիով:
«Խնդիրները, որ ունին, մահերը եւ կռիւները, ատոնք պիտի լուծենք: Ես ատիկա դիւրին պարագայ մը կը կոչեմ: Գացէ՛ք եւ ձեր ժողովուրդին` հայերուն ըսէ՛ք: Ատիկա լուծելը դիւրին է, եթէ գիտես, թէ ինչ կ՛ընես»: