Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՏՄ-ի Հիմնարկի Տնօրէնը Մոսկուային Կոչ Կ՛ուղղէ` Հարաւային Կովկասի Մէջ Թուրքիան Կանգնեցնելու

October 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) հիմնարկի գործադիր տնօրէն Վլատիմիր Լեփիոխին, անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի սրման, յայտնած է այն կարծիքը, որ թէ՛ Հայաստանը, թէ՛ Ազրպէյճանը Թուրքիոյ եւ Բրիտանիոյ մասնակցութեամբ շրջանային մեծ խաղի գործիքներն են, հետեւաբար Ռուսիան պէտք է յստակ գիտակցի այդ շրջանին մէջ իր շահերուն, որպէսզի կրաւորական դէտ չըլլայ: Այս մասին կը գրէ «Ի.Էյ.Տէյլի»-ն:

Լրագրողի այն նշումին, որ Հարաւային Կովկասի մէջ կացութիւնը վերջին օրերուն կը զարգանայ ծայրայեղօրէն անցանկալի ուղղութեամբ. Թուրքիան կ՛ուժեղացնէ շրջանին մէջ իր ազդեցութիւնը, Ռուսիոյ մէջ արդեօ՞ք կը գիտակցինք իրադարձութիւններու նման դասաւորումին հաւանական հետեւանքներուն, փորձագէտը նշած է, որ երկու երկիրներն ալ` Հայաստանը եւ Ազրպէյճանը բնաւ մանրակրկիտ նախապատրաստուած արկածախնդրութեան հիմնական նախաձեռնողները չեն, ընդհակառակն` այդ արկածախնդրութեան գործիքներն ու զոհերն են:

«Իրերը պէտք է կոչել իրենց անուններով. փաստացիօրէն Թուրքիան պատերազմ սկսած է Ռուսիոյ դէմ մեզի համար ռազմավարական կարեւորութիւն ունեցող շրջանին մէջ: Սկսած է Ազրպէյճանի եւ արաբ ահաբեկիչներու ձեռքով, իսկ Ռուսիոյ մէջ այդ փաստը իբրեւ թէ չեն նկատեր: Սակայն խուսափիլ Թուրքիոյ հետ յարաբերութիւնները յստակացնելէ, այս անգամ պիտի չյաջողի, ասիկա այդ դէպքը չէ: Թրքական լոլիկներու արգելքը եւ առողջապահական քայլերը այն գործելաոճը չեն, որ կրնան սթափեցնել յանդուգն սադրիչը», կը կարծէ Լեփիոխին` աւելցնելով, որ Ռուսիան շրջանին մէջ պէտք է պաշտպանէ Հայաստանը` իբրեւ իր ռազմավարական դաշնակից, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի բնակչութիւնը, որ բախած է ցեղասպանութեան սպառնալիքին: Սակայն կարեւորագոյնը` Ռուսիան պէտք է պաշտպանէ նախ եւ առաջ իր ազգային շահերը:

«Եթէ Ռուսիան կը պաշտպանէ իր շահերը հեռաւոր սահմաններու վրայ, օրինակ` Սուրիոյ մէջ, ապա ինչո՞ւ մենք պէտք չէ պաշտպանենք մեր շահերը մօտիկ սահմաններուն վրայ` ինքնին Ղարաբաղի մէջ: Առաւել եւս, որ այստեղ բացայայտ է տեղւոյն բնակչութեան դէմ զինուորական գործողութիւններուն մէջ ահաբեկչական խմբաւորումներու մասնակցութիւնը», կը նշէ մասնագէտը` աւելցնելով, որ Լեռնային Ղարաբաղի կացութեան պարագային ռուսական ղեկավարութիւնը չունի Հարաւային Կովկասի մէջ գերակայութեան հաստատման վերաբերեալ թրքական աճող փառասիրութիւնը կանգնեցնելու այլընտրանքը:

«Ռուսիան բնաւ կարիքը չունի, որ օսմանեան վարկածը տեղափոխուի Վրաստան, Աբխազիա, Հիւսիսային Կովկաս, Կեդրոնական Ասիոյ երկիրներ եւ Վոլկայի մարզ», եզրափակած է Լեփիոխին:

Նախորդը

Քոնկրեսականներ Կը Զօրակցին Արցախին

Յաջորդը

Ռուս Երեսփոխանը Կոչ Կ՛ուղղէ «Հարաւային Կովկասի Մէջ Թուրքիոյ Քիթը Կտրելու»

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.