Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Քոնկրեսականներ Կը Զօրակցին Արցախին

October 28, 2020
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter
Փելոսի

Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Նենսի Փելոսի Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մարտական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման յոյս յայտնած է: Դեմոկրատական քաղաքական գործիչը այս մասին ըսած է Ուաշինկթընի մէջ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամովի հետ հանդիպումին ընթացքին:

Փելոսի շրջանին մէջ զինուորական գործողութիւններու շուտափոյթ դադրեցման եւ մարդասիրական զինադադարի դրութեան վերականգնման յոյս յայտնած է: Ան նաեւ նշած է տագնապին մէջ այլ պետութիւններու չմիջամտելու կարեւորութիւնը եւ տագնապի ծաւալներու ընդլայնման անթոյլատրելիութիւնը:

Բացի ատկէ, Փելոսի վստահութիւն յայտնած է, որ մօտ օրէն ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ծիրին մէջ պիտի վերսկսին ղարաբաղեան տագնապին վերաբերեալ բանակցութիւնները:

Էշու

Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսական Աննա Էշու միացած է իր գործընկերներուն եւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփի վարչակազմին կոչ ուղղած է` Մակնիթսքիի պատժամիջոցներ կիրարկելու ազրպէյճանցի այն պաշտօնատարներուն դէմ, որոնք պատասխանատուութիւն կը կրեն Արցախի ժողովուրդին վրայ Ազրպէյճանի շարունակական յարձակումին համար: Այս մասին հաղորդեց Միացեալ Նահանգներու Հայ դատի յանձնախումբը:

«Արցախի Հանրապետութեան վրայ Ազրպէյճանի հրահրուած յարձակումը զուգորդուած է բնակավայրերու շարունակական հրթիռակոծումով եւ տարանջատուող զինամթերքի կիրարկումով, որոնք կը մեծցնեն քաղաքային անձերու շրջանակին մէջ զոհերու կարելիութիւնը: Այս մարտավարութիւնը կը խախտէ մարդու իրաւունքները, եւ Ազրպէյճանի պաշտօնական դէմքերը պէտք է պատասխանատուութեան ենթարկուին Արցախի խաղաղ բնակիչներուն դէմ ձեռնարկուած գործողութիւններուն համար», նշած է Աննա Էշու:

Քոնկրեսականը նշած է, որ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան վերաբերեալ «Մակնիթսքիի օրէնք»¬ը Միացեալ Նահանգներու նախագահը կը լիազօրէ պատժամիջոցներ հաստատելու մարդու իրաւունքները ոտնահարողներուն դէմ:

«Ես կը միանամ Ներկայացուցիչներու տան իմ գործընկերներուս նամակին` ուղղուած արտաքին գործոց նախարար Մայք Փոմփէոյին, որով կոչ կ՛ուղղուի Թրամփի վարչակազմին պատժամիջոցներ հաստատելու հրէշաւոր յարձակումներուն մեղսակից ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու դէմ», գրած է Էշու:

 

 

Նախորդը

«Արցախի Նախագահին Դիմումը Ռուսիոյ Նախագահին Պիտի Ընդունուի Առ Ի Գիտութիւն Եւ, Բնականաբար, Քննարկուի» Կ՛ըսէ Զաթուլին

Յաջորդը

ԵՏՄ-ի Հիմնարկի Տնօրէնը Մոսկուային Կոչ Կ՛ուղղէ` Հարաւային Կովկասի Մէջ Թուրքիան Կանգնեցնելու

RelatedPosts

Միացեալ Նահանգներու Մէջ`  Միջանկեալ Ընտրութիւններ
Գլխաւոր լուրեր

Միացեալ Նահանգներու Մէջ` Միջանկեալ Ընտրութիւններ

November 4, 2026
Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն  Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ. «Իրանի Հետ Համաձայնութիւն Գոյացնելու Շատ Մեծ Հաւանականութիւն Կայ»

November 4, 2026
Իրանեան Զինեալ Ուժերու  Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց.  «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի  Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ  Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»
Գլխաւոր լուրեր

Իրանեան Զինեալ Ուժերու Սպայակոյտի Պետը Յայտարարեց. «Տեւական Անվտանգութեան Հաստատման Իրանի Ծրագիրը Լիբանանի Եւ Կազայի Մէջ Պատերազմի Աւարտը Կը Ներառէ»

November 4, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.