Ազրպէյճանի նախագահ Իլհամ Ալիեւ «Ֆոքս Նիուզ» պատկերասփիւռի կայանին հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտարարած է, որ Պաքու պատրաստ է համաձայնութիւն գոյացնելու Ղարաբաղի մէջ զինադադարի դրութեան շուրջ: Այս մասին հաղորդեց «ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը:
«Այո՛, մենք պատրաստ ենք: Ես բազմիցս խօսած եմ այդ մասին: Մենք պատրաստ ենք այսօր համաձայնութիւն գոյացնելու զինադադարի շուրջ: Սակայն միեւնոյն ժամանակ Հայաստանը պէտք է յայտարարէ, որ հաւատարիմ է Միացեալ Նահանգներու, Ռուսիոյ եւ Ֆրանսայի միասնաբար մշակած սկզբունքներուն: Երկու օր առաջ Հայաստանի վարչապետը յայտարարեց, որ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապը դիւանագիտական լուծում չունի», յայտարարած է Ալիեւ:



